Տա՛նք Լիաբուռն՝ Լիբանանի Քաղաքամայր Պէյրութի Աղէտեալներուն
Յ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Լրատուական միջոցներէն ծանօթացանք Լիբանանի քաղաքամայր Պէյրութի սարսափազդու պայթիւնին պատճառով տեղւոյն բնակչութեան եւ հայ գաղութին ահաւոր վիճակին, ինչպէս նաեւ թագաժահրի առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական ցաւալի խնդիրներուն։ (more…) Շարն.
Յայտարարութիւններ (14 Օգոստոս 2020)
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ Այս կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Խորէն Վերանեան Նշանակուեցաւ Ուեսթ Արմենիայի Գլխաւոր Մարզիչ
Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն՝ Ուեսթ Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ Խորէն Վերանեան նշանակուեցաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ: Ակումբը, անոր հետ կնքեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը: ... Շարն.
Վենկեր Մերժեց Պարսելոնայի Առաջարկը
Ֆութպոլի անուանի մարզիչ, ֆրանսացի՝ Արսեն Վենկեր, մերժեց Պարսելոնայի կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկը, ստանձնելու համար խումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այս գծով յայտնեց «Le10Sport»-ը: Վենկերի անունը թեկնածուներու ցանկին մէջ է, որ պիտի ... Շարն.
Ռուսական Ֆութպոլ. Սարգիսով Իր Նորամուտը Նշեց Իր Նոր Ակումբին հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Արթուր Սարգիսով, իր նորամուտը նշեց իր նոր ակումբին՝ Տոլկոփրուտնիի հետ: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան (Բ. խմբակ) երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, անոր կազմը իր դաշտին ... Շարն.
«Եու. Է. ԷՖ. Ա.» Յետաձգեց Պատանեկան Մրցաշարքերուն Կայացումը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ խորհրդակցելէ ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներու ֆետերասիոններուն հետ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին գործադիր կոմիտէն որոշեց յետաձգել «Եու. Է. Էֆ. ... Շարն.
Թենիս. Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի «Եու. Էս. Օփըն»-ին
Յառաջիկայ 31օգոստոսէն 13 սեպտեմբեր, Նիւ Եորքի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Միացեալ նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութիւնը՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ը: Անիկա իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին տեղի ունեցող չորրորդ կրան-շլեմ-ի մրցաշարքն է, Ուիմպըլտընէն, Աւստրալիայէն ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». -Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
-Այսօր՝ Պարսելոնա-Պայէրն Միւնիխ Փորթուգալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ կը շարունակուին կատարուիլ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները: Երէկ, գերմանական Լայփցիկ խումբը ստեղծեց մեծ անականկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Աթլեթիքօ ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Ազդանշանը Կը Տրուի 2020-2021 Տարեշրջանին
Այսօր՝ ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Vbet-Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2020-2021 տարեշրջանին: Ա.հանգրուանի բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Նայիրի մարզադաշտին վրայ, Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ երկրին կրկնակի ... Շարն.
Ո՞վ Է Պատրաստ Խաղադաշտին Տիրութիւն Ընելու
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Անշուշտ կանուխ է դեռ որեւէ վճռական դատողութեան համար լիբանանեան ճգնաժամի պատճառներու յստակացման խնդրով։ Կ՚իմանամ, որ լիբանանեան իշխանութիւններու մասնագիտական կառոյցները կը շարունակեն իրենց հետազօտութիւնները ապահովական մարզին մէջ հակառակ երկրի ... Շարն.
Լիբանանեան Հորիզոններ – Բ. Լիբանանցին Պիտի Խլէ՞ Ինքզինք Տնօրինելու Արտօնութիւնը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նախորդ սիւնակով, արձանագրեցին Լիբանանի այժմու կացութեան եւ անմիջական ապագայի հաւանականութեանց մասին հարցումեր, աչքի առջեւ ունենալով ներքին քաղաքական վիճակն ու տուեալները, մերթ ընթ մերթ մեր յիշողութեան առաձգական պարանը քաշքշելով ... Շարն.
Մաքրոն. «Ֆրանսան Ժամանակաւորապէս Պիտի Ամրապնդէ Միջերկրականի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը` գործակցաբար եւրոպացի գործընկերներու հետ, ներառեալ Յունաստանը ժամանակաւորապէս պիտի աւելցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը: Մաքրոն Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ... Շարն.
Թրամփ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Իսրայէլը Այսօր Խաղաղութեան Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուցին»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Այսօր խաղաղութեան պատմական համաձայնութիւն գոյացաւ մեր երկու հոյակապ բարեկամներուն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ»: «Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն 1. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի
Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլի աշխատանքներուն ... Շարն.
Նեթանիահու. «Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Որեւէ Թշնամական Արարք, Ներառեալ Թուրքիոյ Կողմէ, Լուրջի Կ՛առնենք
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Կարեւորութեամբ ու լրջութեամբ նկատի կ՛առնուի արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ որեւէ թշնամական արարք, որ կողմէ ալ ատիկա կատարուի, ներառեալ` Թուրքիան»` աւելցնելով, որ իր երկիրը Յունաստանի ... Շարն.
Էրտողան. «Լիբանան Կը Գտնուինք Մեկնելով Եղբայրութեան Յաւիտենական Կապերէն Եւ Ոչ Թէ Լուսանկարուելու Կամ Ցուցադրութեան Համար»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Լիբանան կը գտնուի «մեկնելով երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրութեան յաւիտենական կապերէն: Այդտեղ չենք լուսանկարուելու կամ տեսախցիկներուն առջեւ ցուցադրութիւն կատարելու համար, ինչպէս ոմանք ... Շարն.
Փութինի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ալիեւ Դժգոհած Է Հայաստանին Մատակարարուող Սպառազինութենէն
12 օգոստոսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մտահոգութիւն յայտնած է Ռուսիայէն Հայաստան ռազմական նշանակութեան բեռներու մատակարարման առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի ... Շարն.
Յայտարարութիւն
Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումի հետեւանքով անդառնալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական աննկարագրելի վնասներ կրած են մայրաքաղաք Պէյրութն ու անոր արուարձանները, ներառեալ հայահոծ շրջաններ, ուր կը գործեն Լիբանանահայ բազմաթիւ կառոյցներ, որոնց շարքին ... Շարն.
Հէյլ, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը, Էրտողանի Անձնական Ներկայացուցիչը Եւ Զարիֆ` Լիբանանի Մէջ
Խորհրդարանը Երկարաձգեց Պէյրութի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները` մարդկային ու նիւթական վնասներ արձանագրելու, եւ հոգեկան ցնցում, ցաւ ու յուզում յառաջացնելու իմաստով, տակաւին կը շարունակեն յամենալ: Նաւահանգիստին մէջ հետախուզական ... Շարն.
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 7711-ի, Մահուան Պարագաներունը` 92-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2496-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7711-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 298 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 292-ը` տեղացիներ, իսկ 6-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը ... Շարն.