Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2020)
Համախարբերդցիական Միութիւն - Լիբանան ԳՈՅԺ Լիբանանի Համախարբերդցիական միութեան վարչութիւնը եւ անդամները սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց հաւատաւոր եւ գործակից անդամներէն` ՄԱՐԱԼ ՍՈՒՐԷՆ ԱՆԹՕՅԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 5 ապրիլ ... Շարն.
Շուէտի Կառավարութիւնը Յայտարարեց, Թէ Անկարող Է «Քորոնա»¬ի Դէմ Պայքարելու. Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Պիտի Շնչէ Արհեստական Շնչառական Սարքով
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, երէկ շտապ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, որովհետեւ կարիք ունեցաւ արհեստական շնչառութեան սարքի օժանդակութեան: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Բրիտանիոյ ... Շարն.
Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Քորոնա»¬էն Մահացածներուն Մասին Փեքինի Հրապարակած Թիւերը «Ցաւալի Կատակ» Կ՛որակէ. Չինաստանի Դեսպանը Կը Պատասխանէ
Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Քիանուշ Ճիհանփուր «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահացածներուն վերաբերեալ չինական կառավարութեան հրապարակած թիւերը որակեց աշխարհին հետ «ցաւալի կատակ մը»: Ճիհանփուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Չինաստան «Քորոնա» ժահրի ... Շարն.
Ցաւակցական
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ցաւակցական Խօսքը Զաքար Չորպաճեանի Մահուան Առիթով ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան եւ Սգակիր Չորպաճեան ընտանիքին Խոր ցաւով ու վիշտով ստացանք միութեան «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Զաքար Չորպաճեանի ... Շարն.
Մերքել. «Եւրոպական Միութիւնը Իր Ստեղծումէն Մինչեւ Օրս Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Կը Դիմագրաւէ»
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տագնապը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, զոր Եւրոպական Միութիւնը կը դիմագրաւէ իր ստեղծումէն ի վեր: Մերքելը երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը պէտք ... Շարն.
Ըստ Բրիտանական Գաղտնի Սպասարկութեան. «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Պատճառը Կրնայ Չինական Տարրալուծարանէ Մը Սպրդում Ըլլալ
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը նշեց. «Բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնը հաւանական նկատեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառը կրնայ չինական տարրալուծարանէ մը սպրդում մը ըլլալ»: Գաղտնի սպասարկութիւնը, սակայն, չի բացառեց, որ հիւանդութիւնը կենդանիներէ ... Շարն.
Թրամփ Կը Հերքէ Քարիւղի Հարցով Ռուսիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Քննարկում Կատարելու Մասին Իր Յայտարարութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացաւ զգալի տուրքեր հաստատել քարիւղի համար, եթէ ատոր գիները շարունակեն մնալ նոյն մակարդակի վրայ: «Եթէ անոնք (Ռուսիան եւ Սէուտական Արաբիան) համաձայնութիւն չգոյացնեն, ես զգալի տուրքեր ... Շարն.
«Գերմանիան Թող Մնայ Գերմանացիներուն, Իսկ Դուք Մահացէք». Գերմանիոյ Մէջ Թուրք Ընտանիքին «Քորոնա» Ժահրով Նամակ Ուղարկած Են
Գերմանիոյ Համպուրկ երկրամասին մէջ անյայտ անձեր սպառնալից նամակ ուղարկած են տեղւոյն թուրք ընտանիքներէն մէկուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը: Ծրարը նետած են 28 տարեկան Էօնտեր Քոջայի նամակատուփին մէջ, իսկ ... Շարն.
Արեւմտեան Հայաստանի Ծպտեալ Հայեր. Ատիամանի Հայերը
Այսօր, հայ ընտանիքներու թիւը Ատիամանի մէջ կը գերազանցէ 1600-ը Ատիամանի Հայեր. ի՞նչն է, որ անոնց աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ կը դարձնէ Լրագրող Նայիրի Հոխիկեան կը շարունակէ ուսումնասիրել, թէ Արեւմտեան Հայաստանի ... Շարն.
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Պատրաստ Է Ինքնապաշտպանութեան Անհրաժեշտ Գործողութիւններու»
Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւններու` միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի կողմէ 5 ապրիլի զինադադարի դրութեան խախտման վերաբերեալ ... Շարն.
Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Տուն Կանչել Անգարայի Մէջ Քանատայի Դեսպանը
Ուրբաթ` 3 ապրիլ 2020-ին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար` Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին` յորդորելով ջնջել տալ Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը ... Շարն.
«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին համաձայն, 6 ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 833-ի, իսկ բուժուողներուն թիւը` 62-ի: Ներկայ դրութեամբ ... Շարն.
Կառավարութիւնը Կը Հսկէ Երթեւեկին Վերաբերող Նոր Օրէնքին Գործադրութեան, Իսկ Այսօր 4 Այլ Օդանաւեր Լիբանան Կը Բերեն Քանի Մը Հարիւր Արտերկրի Լիբանանցիներ
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 541-ի, Մահուան Պարագաները` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը իր որդեգրած միջոցառումները շարունակեց գործադրել նաեւ երէկ, յատկապէս ... Շարն.
Լիբանանի Օժանդակող Երկիրներու Նիստին. Նախագահ Աուն Հաստատեց Արտաքին Օժանդակութեան Կարիքը, Իսկ Քիւպիչ Ողջունեց Լիբանանի Ջանքերը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ գլխաւորեց Լիբանանի օժանդակող երկիրներու անդամներուն նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնաք Աքր, արտաքին ... Շարն.
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Խաղաղութեան եւ բարեկարգումի ի խնդիր մարմնակրթութեան միջազգային օրուան առիթով, կը մաղթեմ, որ «Քորոնա» ժահրը տապալի, որպէսզի կարենանք կեդրոնանալ մարդ ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Սեդա Վարժապետեանի մահուան առիթով, փոխան ծաղկեպսակի` Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիւզան Պարսումեան 100.000 լ. ո. Շարն.
Մութը Անիծելու Փոխարէն Մոմ Վառենք…
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աշխարհն ամբողջ տագնապի մէջ է: Տագնապի մէջ էինք արդէն Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր «Քորոնա»-ի աղէտը գլեց անցաւ ամէն նախատեսութիւն: Անկախ պետական մակարդակի նախաձեռնութիւններէն, փաստօրէն իւրաքանչիւր համայնք կամ կազմակերպութիւն ... Շարն.
Այնճարին Ու Անոր Բնակիչներուն Կարիքներուն Հասնելու Եւ «Քորոնա»-ին Տարածումը Կանխարգիլելու Քայլեր
Այս օրերուս Այնճարի մուտք գործողները անսովոր կերպով կը հանդիպին քննութեան կէտի մը, ուր երիտասարդ տղաք, քաղաքապետութեան ոստիկաններու կողքին, աչալրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը ստուգեն շրջան մուտք գործողներուն առողջական վիճակը եւ կ՛ամբողջացնեն ... Շարն.
Եգիպտահայ Համայնքը Մէկ Միլիոն Եգ. Ոսկի (65 Հազար Տոլար) Կը Յատկացնէ «Թահիա Մասր» Հիմնադրամին
Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ազգային առաջնորդարաններուն անունով փափաք յայտնուած է Եգիպտոսի մէջ սփիւռքի նախարար, դեսպան Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտին, «Թահիա Մասր» («Կեցցէ՛ Եգիպտոս») հիմնադրամին մէկ միլիոն եգիպտական թղթոսկի (65 հազար տոլար) ... Շարն.
Մեր Կորուստները . Մահացած Է Ֆրանսահայ Աստղագէտ Յակոբ Թերզան
Երէկ` երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2020-ին իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ եւ ֆրանսական աստղագիտութեան կարեւոր դէմքերէն Յակոբ Թերզան: Ան ծնած է 1927-ին, Պոլիս: Աւարտած է Պոլսոյ համալսարանը (1945-ին ուսողութիւն, 1949-ին աստղագիտութեան մագիստրոս) ... Շարն.