Յայտարարութիւններ (23 Յուլիս 2019)
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ (100%) ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԹԵՔՆԻՔ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Թեքնիք պաքալորէայի (BT) մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը կատարեալ յաջողութեամբ աւարտեց պետական քննութիւններու հերթական փուլը. ... Շարն.
Լիբանանի Աղջկանց Ֆութպոլ. Ախա Ահլի Ալէյ Կրտսերներու Ախոյեան` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով
Նախորդ շաբաթավերջին Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Ախա Ահլի Ալէյի աղջկանց ֆութպոլի խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեան` աւարտականի մրցումին 8-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Զուք Մոսպեհի: Յաղթական կազմէն ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Ճօ Մուժահես Նշանակուեցաւ Մթայլեպ Ակումբի Մարզիչ
PROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 22 յուլիսին Մթայլեպ ակումբի հիմնադիր եւ անոր պատուոյ նախագահ Փոլ Շըտիտի (Մթայլեպի քաղաքապետ) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի կնքում, որուն ընթացքին մարզիչ Ճօ Մուժահես ստորագրեց երեք տարուան ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ի Նախագահը` Լիբանանի Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսէն Լիբանան հասաւ ՖԻՖԱ-ի զուիցերիացի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ` անձնական այցելութեամբ մը: Ան շուրջ շաբաթ մթ պիտի մնայ Լիբանանի մէջ, յայտնեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Մահմուտ Ապու ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Սայտա Մարզական Միութեան 3×3 Պասքեթպոլի Յիշատակելի Մրցաշարքը
Գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Եասեր Հաժի, Սայտա Ինթըրնեշընըլ մարաթոն միութիւնը կազմակերպեց պասքեթպոլի 3x3 յիշատակելի մրցաշարքը` Սայտա - 2019-ի իր ամառնային գործունէութիւններուն ... Շարն.
Վոլիպոլ. 4-րդ Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) Հանդիսացաւ Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի վոլիպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանը, երբ Մուսիքա Շուէյր դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) հանդիսացաւ ... Շարն.
Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ֆրանսա – Սպանիա Եւ Փորթուգալ – Իրլանտա Կիսաւարտականի Ճակատումներ
Նախորդ շաբաթավերջին յստակացան այն չորս խումբերը, որոնք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար մրցաշարքին գծով կիսաւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ: Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսան, իսկ Փորթուգալ` Իրլանտան: Երկու ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Ստեփան Սարգսեանի Անուան Մրցաշարքը
23-24 յուլիսին Վանաձորը կը հիւրընկալէ աւելի քան 100 ըմբիշ, որոնք կը պայքարին ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, աշխարհի բաժակակիր, Եւրոպայի ախոյեան, ազատ ոճի ըմբիշ Ստեփան Սարգսեանի անուան միջազգային 24-րդ մրցաշարքին ախոյեանի ... Շարն.
«Եւրոպայի-Լիկա». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Լինքոլն
«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 23 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ - Արմենիա կը հիւրընկալէ Լինքոլնը (Ճիպրալթար): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Մոնզա Իր Պարտադրութիւններուն Սկսաւ. Ալեքս Տեմիրճեանի Մասնակցութիւնը Ցարդ Յստակ Չէ
«Ֆորմիւլա-1»-ի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Մոնզայի կրան-փրին: Անոր կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ այժմէն իսկ պատրաստութիւնները կը շարունակուին եւ մեծ աշխատանք կը տարուի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Անթոնի Տէյվիս Շատ Հաւանաբար Միանայ Շիքակօ Պուլզին
Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող պասքեթպոլիստ Անթոնի Տէյվիս յայտնեց, թէ շատ հաւանական է, որ միանայ Շիքակօ Պուլզին: Ան յայտնեց, որ Պուլզ իր փոխանցումը կրնայ ըլլալ այն ժամանակ միայն, եթէ իր ... Շարն.
Կերըթ Պէյլի Ապագան Բաւական Մշուշոտ` Ռէալ Մատրիտի Հետ
Անցնող քանի մը օրերուն, Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ եղաւ լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ: Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան հաստատեց,որ ան խումբէն պիտի հեռանայ: «Մենք յոյս ունինք, որ ան շուտով կը ... Շարն.
Ռոտրիկեզի Նոր Ակումբը Պիտի Ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտ
Սպանական մամուլը վստահեցուց, որ Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզի նոր ակումբը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Վերջինս 40 միլիոն եւրօ պիտի վճարէ, որպէսզի 28 տարեկան Ռոտրիկեզ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ... Շարն.
Ակնարկ. Ռազմաքաղաքականէն Աւելի Վտանգաւոր Պատերազմ Մղելու Հարկադրանքը
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարին հնչեցուցած ահազանգը` թմրեցուցիչի համատարած երեւոյթին մասին, հատած է հասարակութեան սպառնացող վտանգի բոլոր սահմանները: Լիբանանը յարձակման տակ է ներմուծողներու, արտադրողներու, վաճառականներու եւ օգտագործողներու կողմէ: Արգելափակեալներու ընդհանուր ցանկերուն մէջ ... Շարն.
Մահացած Է Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Ընդհանուր Տնօրէնը
72 տարեկանին մահացած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոն: Գործակալութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց.«Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քարտուղարութիւնը խոր վիշտով կը տեղեկացնէ ընդհանուր տնօրէն Եուքիա ... Շարն.
Չաւուշօղլու Կը Սպառնայ Եփրատի Արեւելեան Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծել, Եթէ Ապահով Գօտին Չստեղծուի
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, նախքան Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Ճէյմս Ճեֆրիի գլխաւորած ամերիկեան պատուիրակութեան Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցելու համար երէկ Անգարա այցելելը, սպառնաց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Եփրատի ... Շարն.
Իրանի Մէջ Ձերբակալուած Են «Սի.Այ.Էյ.»-ի Հաշուոյն Լրտեսութիւն Կատարող 17 Անձեր
Իրանի մէջ ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող 17 անձեր: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի Անվտանգութեան նախարարութեան հակահետախուզութեան վարչութեան պետը: «18 ... Շարն.
«Իրանն Ու Հըզպալլան Ամերիկեան Ցամաքամասի Անվտանգութեան Ուղղակի Սպառնալիքներ Են» Կ՛ըսէ Պոլթըն
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Իրանն ու Հըզպալլան ամբաստանեց Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին աջակցելու յանցանքով` աւելցնելով, որ անոնք ամերիկեան ցամաքամասին դէմ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն: Պոլթըն ... Շարն.
«Եթէ Գաղթականներուն Դիմաց Դռները Բանանք, Եւրոպական Կառավարութիւնները Վեց Ամիս Պիտի Չտոկան» Կ՛ըսէ Սոյլու
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնեց. «Եւրոպական կառավարութիւնները պիտի չկարենան վեց ամիս տոկալ, եթէ Թուրքիան իր դռները բանայ գաղթականներուն դիմաց եւ անոնց արտօնէ դէպի (եւրոպական) ցամաքամաս անցնիլ»: «Մենք պէտք ... Շարն.
Նիկերիոյ Մէջ Առեւանգուած Չորս Թուրքեր Ազատելու Գործողութիւններ Սկսած Են
Նիկերիոյ ոստիկանութիւնը ուրբաթ, օր շուրջ ժամը 22:00-ին, Կպալէ գիւղին մէջ անծանօթ անձերու կողմէ փրկագին պահանջելու նպատակով առեւանգուած Թուրքիոյ չորս քաղաքացիներու գործով գործողութիւններու սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» ... Շարն.