Յայտարարութիւններ (20 Յուլիս 2019)
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը ուրախութեամբ կու գայ յայտնելու, թէ կիրակի, 21 յուլիս 2019-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի հանդիսապետէ Թեմիս ... Շարն.
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Շաբաթավերջին` Արզի 28-րդ Ռելին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, այսօր` շաբաթ եւ վաղը` կիրակի, տեղի կ՛ունենայ Արզի 28-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շաբաթավերջին Երկու Մրցում Կը Կատարէ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու 14 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2 մրցում կը կատարէ: Այսօր` շաբաթ, 20 յուլիսին, ժամը 15:00-ին ՀՄԸՄ-ի կազմը, Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հրապարակուեցաւ 2019-2020 Տարեշրջանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Յայտագիրը
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի յայտագիրը: Հրապարակուեցաւ միայն մրցումներուն յայտագիրը: Ժամերն ու դաշտերը, ինչպէս նաեւ մրցումներուն կայացման թուականները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Ստորեւ` ... Շարն.
Ժիւտօ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Յորդանան
Երէկ` ուրբաթ, 19 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ հսկողութեամբ Ասիոյ ժիւտոյի ֆետերասիոնին: ... Շարն.
Ճատրակ. Վաղը Արագ Ճատրակի Մրցաշարք` Տեր Հարֆ Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Տեր Հարֆ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 21 յուլիսին, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի կ՛ունենայ արագ ճատրակի մրցաշարք մը: Արձանագրութեան համար պէտք է կապ հաստատել Էլի Խէյրալլայի ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Եւ Պըրժ` Յաղթական
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը սկսաւ երէկ` երկու մրցումներով: Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ Սաֆա 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Պըրժի դէմ: Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ ... Շարն.
«Եւրոպայի-Լիկա». Հայկական Երեք Ակումբներուն Բ. Հանգրուանի Երթի Մրցումները` Հայաստանի Մէջ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթուդարձի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայկական երեք ակումբներն ալ երթի մրցումները կը կատարեն Հայաստանի մէջ: Հայաստանի ախոյեան Արարատ-Արմենիա, որ պիտի մրցի Լինքոլնի դէմ ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Իր Հինգերորդ Մրցումին Ալ Պարտուեցաւ
Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Բ. դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, կատարեց իր հինգերորդ եւ վերջին ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Հաստատուեցաւ Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան Առաջին Երկու Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը
2 օգոստոսին կը սկսի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի առաջին երկու հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Իւրաքանչիւր հանգրուանէն ամէնէն ուշը 14 օր առաջ, ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ մրցումներուն կայացման վայրը եւ ... Շարն.
Կայել Անտոնեան Միացաւ Աժաքսիօ Խումբին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայել Անտոնեան տեղափոխուեցաւ ֆրանսական Աժաքսիօ խումբ, ուր արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր: Մինչ այդ, 24 տարեկան ֆութպոլիստը ունէր ազատ մարզիկի կարգավիճակ: Աժաքսիօ մաս կը ... Շարն.
Եուվենթուս Պատրաստ Է Փոկպան Փոխանակել 3 Ֆութպոլիստներու Հետ
Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպայով կը շարունակէ իր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել Եուվենթուս: Իտալական մամուլին համաձայն, իտալացիները պատրաստ են 26 տարեկան ֆրանսացին իրենց կազմին միացնելու համար հակառակ կողմին տալ յետսապահ Ժոաօ Քանսելը ... Շարն.
Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն-2019»-ը Մրցանշային Մրցանակային Ֆոնտ Պիտի Ունենայ
Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Եու. Էս. Օփըն»-ի կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս տարի մրցաշարքին մրցանակային գումարը զգալիօրէն պիտի աւելնայ: 2019 տարեշրջանի այս չորրորդ կրան շլեմի մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակային գումարը պիտի ... Շարն.
Վալտես Վերադարձաւ Պարսելոնա
Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես նշանակուեցաւ ակումբի 19 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչ: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: Շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ զայն երկարաձգել տարիով մը: Ան ամիս մը առաջ ... Շարն.
Իրան Կը Հերքէ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Իրանեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Վար Առնուիլը
Իրան որեւէ տեղեկութիւն չունի Միացեալ Նահանգներու կողմէ վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքին մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ ... Շարն.
Թրամփ Կը Սերտէ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Հաւանականութիւնը. Ծերակուտական Սքոթ Պատրաստած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը
Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Ռիք Սքոթ պատրաստած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ: Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ նշեալ պատժամիջոցները հաստատելու` ... Շարն.
«Թուրքիոյ «Էֆ-35» Ծրագիրէն Բացառումը Բացասական Անդրադարձ Պիտի Ունենայ ՕԹԱՆ-ի Վրայ» Կ՛ըսէ Աքար
Ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն Թուրքիոյ բացառումը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վրայ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Թուրքիոյ` «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ... Շարն.
«Անգարա Պիտի Շարունակէ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Պեղման Աշխատանքները» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը
Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց. «Թուրքիան, նոյն վճռակամութեամբ, պիտի շարունակէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ պեղման աշխատանքները, եւ պիտի չտատամսի միջազգային օրէնքէն բխող իր իրաւունքները օգտագործել»: «Թուրքիա կիպրացի թուրքերը որեւէ ձեւով շրջանին ... Շարն.
Ուժգին Երկրաշարժ Մը Ցնցեց Աթէնքը
5,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքը` քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ խափանելով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը: Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Աթէնքէն 22 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք: Աթէնքի բնակիչները ... Շարն.
Ակնարկ. Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը
Ընթացիկ շաբթուան մէջ կրօնական օրակարգը առանցքային հանգամանք ունեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներուն մէջ: Աղօթքի միջազգային հանդիպում, կրօնական եւ ազատութեան վերաբերող խորհրդաժողով, զուգահեռ` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ... Շարն.