Յայտարարութիւններ (11 Յուլիս 2019)
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 38-րդ տարի, թիւ 413 «Մարզիկ»-ի այս թիւով տեսնել` - Խմբագրական- Նոր էջ - Երիտասարդութեան հասնելու համար պէտք է արդիականանալ եւ զօրանալ- Գառնիկ Մկրտիչեան - Աթէնքի համագումարը լուրջ ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Պիտի Մասնակցի Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Միջազգային Մրցաշարքին
Պատրաստուելու համար Ասիա-2020-ի պասքեթպոլի բաժակի զտումի մրցաշարքին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշում տուաւ, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, իր մասնակցութիւնը բերէ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Կրտսերներու Արաբական 7-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 7 Գունաւոր Մետալներու
Երէկ Թունուզէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք կրտսերներու տղոց եւ աղջկանց արաբական աթլեթիզմի 7-րդ ախոյեանութեան: Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի ... Շարն.
Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին, անոր մասնակցող խումբերը կը տանին բաւական լուրջ աշխատանք: - ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան Անսար ակումբի կոլսքորըր Հաժ Մալեք Թալ եւ Շապապ ... Շարն.
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 15-27 Յուլիսին Թենիսի Տարիքային Մրցաշարք
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 15-27 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ թենիսի տարիքային մրցաշարք մը` 17 տարբեր դասակարգերու մէջ (տղաք եւ աղջիկներ), կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. Թէ. Սէ. ... Շարն.
«Եւրոպայի Լիկա». Հայկական 3 Խումբեր Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2019-2020 տարեշրջանը կը սկսի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ մրցումներ: Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները: Ժամը 16:30-ին (բոլոր ժամերն ... Շարն.
Լեհաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախկին Նախագահը Կ՛աշխատի Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Մէջ
Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ իրաւարար, 66 տարեկան Միհալ Լիսթքեւիչ պիտի վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քատուղարութիւնը: Ան իրաւարարի իր արհեստավարժ ... Շարն.
Պալոթելլի Հեռացաւ Մարսէյէն
Ֆրանսական Մարսէյ ակումբի նախագահ Ժան-Հանրի Հէյրօ հաստատեց, որ իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հեռացաւ խումբէն: Նախորդ 30 յունիսին անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ խումբին հետ, եւ ան համաձայն չգտնուեցաւ զայն երկարաձգել: Պալոթելլիով հետաքրքրուած ... Շարն.
Ալպերթօ Մորենօ Միացաւ Վիարէալին
Հինգ տարի անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին մաս կազմելէ ետք, սպանացի յետսապահ Ալպերթօ Մորենօ միացաւ Վիարէալին` անոր հետ ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: 27 տարեկան Մորենօ, որ նախապէս մաս կազմած է Սեւիլլային, ... Շարն.
Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպայի Համար Կը Պահանջէ… 180 Միլիոն Եւրօ
Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆրանսացի իր միջնապահին` Փոլ Փոկպայի համար կը պահանջէ... 180 միլիոն եւրօ: Ներկայ դրութեամբ Փոկպայով հետաքրքրուած են Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս: Անգլիական ակումբը մտադիր ... Շարն.
Լուքա Զիտան Փոխ Տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերի
Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Լուքա Զիտան տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Բ. դասակարգին մէջ: 21 տարեկան Լուքա Զիտան, որ զաւակն է Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտանի, ... Շարն.
Պարսելոնայի Մարզադաշտը` Նորոգութեան Մէջ
«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ Պարսելոնայի «Քամփ-Նու» մարզադաշտը նորոգութեան մէջ է: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած պիտի ըլլան նախքան «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանը սկսիլը: 4 օգոստոսին Պարսելոնա իր վերանորոգուած մրցադաշտին ... Շարն.
«Բրիտանիոյ` Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Արգելանքի Տակ Առնելը Անհեթեթ Արարք Է Եւ Կը Վնասէ Ինքնին Բրիտանացիներուն» Կ՛ըսէ Ռուհանի
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց. «Բրիտանիոյ` իրանեան քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելը անհեթեթ ու սխալ արարք է եւ կը վնասէ ինքնին բրիտանացիներուն»: «Բրիտանացիները քարիւղատար նաւը կանգնեցուցին ... Շարն.
Ռուսիայէն Եւ Եւրոպական Միութենէն Ետք. Ուաշինկթըն Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կիպրոսի Մօտ Թրքական Պեղման Աշխատանքներուն Նկատմամբ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խոր մտահոգութիւն զգալ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մօտ ջուրերուն մէջ իրերայաջորդ պեղման գործողութիւններուն եւ պեղման «Եաւուզ» նաւը վերջերս Քարփաս կղզիին մօտ ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Արթակուս զգուշացուց Թուրքիան, թէ վերջինս «ինքզինք իսկական հետեւանքներու պիտի ենթարկէ, եթէ ընդունի ռուսական «Էս-400» հրթիռային համակարգը»: «Այդ հետեւանքները կը ներառեն «Էֆ-35» օդանաւերու ծրագիրին ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Պիտի Բանակցին Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Ներկայացուցիչները
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօր. Վալերի Կերասիմով աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Ազրպէյճան: «Պաքու գտնուելու ... Շարն.
Փութին Մերժած Է Վրաստանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Տումայի Կոչը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դէմ արտայայտուած է Վրաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հաստատման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ես ատիկա չէի ըներ` ինքնին վրացի ժողովուրդին նկատմամբ յարգանքէն մեկնելով», ըսած ... Շարն.
Ուաշինկթըն Կը Ծրագրէ Իրանի Եւ Եմէնի Շուրջ Ջուրերուն Վերահսկող Դաշինք Մը Ստեղծել
Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը կը ծրագրէ ստեղծել միջազգային դաշինք մը, որ պիտի վերահսկէ Իրանի եւ Եմէնի շուրջ ջուրերուն: Այս մասին ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կը հաղորդէ «Տիֆենս Ուան»-ը` յղում կատարելով Միացեալ ... Շարն.
Մերքել Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Զէնքի Մատակարարման Արգելքը Յարգելու
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, թէ Պերլին կը զօրակցի Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համար ՄԱԿ-ի ջանքերուն: Ան կոչ ուղղեց` յարգելու Լիպիոյ զէնքի մատակարարման արգելքը` նշելով. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիպիոյ ... Շարն.
«Հարիւրաւոր Ռուս Զինուորներ Կը Պաշտպանեն Մատուրոն» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ֆոլըր
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի պաշտպանութեան համար կը շարունակեն գտնուիլ հարիւրաւոր ռուս զինուորներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին առջեւ իր խօսքի ընթացքին յայտարարած է ... Շարն.