Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Քննարկուեցան` 2019-2020 Տարեշրջանին Գծով Հարցեր
Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց 2019-2020 տարեշրջանին վերաբերող հարցեր: Ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ եթէ Գ. դասակարգի ակումբները կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին (2019-2020), առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, ... Շարն.
Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ Վաչէ Ծատուրեան Այցելեց Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի
Երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Ռոպերթ Փաթափութեանի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի` նախարարութեան գրասենեակին մէջ: Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց, թէ ... Շարն.
Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը` Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին
Ինչպէս ծանօթ է, Ասիոյ լեռնային («Մաութըն-պայք») հեծելարշաւի 25-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան) հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին: Այս ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Իր Կազմին Միացուց Անսարի Խմբապետը
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Նըժմէի խմբապետ Հասան Մաաթուք միացաւ Անսարին: Այս քայլին ի պատասխան, երէկ Նըժմէ յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Անսարի խմբապետ ... Շարն.
Տըպուք Յայտարարեց, Որ Բանակցութիւնները Ձախողեցան Նըժմէի Հետ
Լիբանանեան մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Շապապ Սահել - Նըժմէ բանակցութիւնները դրական արդիւնքի չեն հասած: Սահելի նախագահ Սամիր Տըպուք յայտնեց, որ ձախողած են մարզիկներ ձեռք ձգելու գծով Նըժմէի հետ վարուած ... Շարն.
«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ – Մակեդոնիա Երթի Մրցումին Տոմսերը` Անվճար
Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր Ալաշկերտ - Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Ալաշկերտ - Մակեդոնիա մրցումին տոմսերը անվճար են: ... Շարն.
Արթուր Եդիգարեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Սերպիոյ Մէջ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արթուր Եդիգարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սերպիոյ մէջ: 32 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նովի Սատ քաղաքի Փրոլեթեր խումբին հետ: ... Շարն.
42 Դիմում Կատարողներէն 28-ը Ստացան Մարզիչի Գ. Դասակարգի Արտօնագիր
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 42 դիմում կատարողներէն 28-ը ստացան մարզիչի Գ. կարգի արտօնագիր: 42-էն 28-ն իգական սեռէն էին: Իսկ ձախողները անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենան քննութիւնները ... Շարն.
«Քոփա Ամերիքա». Փերու – Պրազիլ Աւարտական
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները: Շաբաթ, 6 յուլիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) «Արենա Քորինթիանս»-ի ... Շարն.
Ֆրանք Լամփար Նշանակուեցաւ Չելսիի Մարզիչ
Անգլիացի անցեալի ֆութպոլիստ` Ֆրանք Լամփար երէկ նշանակուեցաւ Չելսիի խումբի գլխաւոր մարզիչ: 41 տարեկան Լամփար, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ, փոխարինեց իտալացի Մաուրիցիօ Սարրին, որ ստանձնեց Եուվենթուսի ... Շարն.
Մարսելօ Կ՛ուզէ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն
Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որոշեց փոխել իր ակումբը: Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ 31 տարեկան Մարսելօ իր ակումբին ղեկավարութենէն խնդրած է արգելք չհանդիսանալ կամ չխանգարել այլ կազմի ... Շարն.
Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2019)
ՄԱՀԱԶԴ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն ՍՏԵՓԱՆ ՊԱՂՏԻԿԵԱՆԻ (CHEF) մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2019-ին:. ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Վաչէ Պեզճեան եւ զաւակունք Տէր ... Շարն.
Էրտողան Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Թալանի Մէջ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է այն յայտարարութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան հրաժարիլ Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթեքարինճա» կայքը: Թուրքիոյ ղեկավարը իր դժգոհութիւնը յայտնած ... Շարն.
Անգարա Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Միջնորդի Դերին Կը Ձգտի
«Ռուսիան Պէտք Է Վերահսկէ Իտլիպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Կրնանք Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանի միջեւ միջնորդ ըլլալ: Իրանցի ժողովուրդը ամերիկեան պատժամիջոցներէն ... Շարն.
«Սպառնալիքներ Հնչեցնելու Ատեն Զգուշ Եղի՛ր, Իրա՛ն» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի կառավարութեան խորհուրդ տուած է զգուշ ըլլալ եւ սպառնալիքներ չհնչեցնել, այլապէս, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին համաձայն, անոնք կրնան իրենց դէմ դառնալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ ... Շարն.
Թուրքիան Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնէ Չինաստանի Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Մէջ Սեպ Խրել
«Ույղուրներու Շինճիանկ Շրջանին Մէջ Փոքրամասնութիւնները Երջանիկ Կեանք Կ՛ապրին» Կ՛ըսէ Էրտողան Չինական պետական «Սինճուա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր չինացի պաշտօնակից Շի Ցզինփինկին յայտնեց, որ Շինճիանկ ... Շարն.
Թրամփ Նշած Է Աֆղանիստանէն Ամերիկեան Զօրքերու Հեռացման Պայմանները
Ամերիկեան ուժերը վերջնական հաշուով անհրաժեշտ է հեռացնել Աֆղանիստանէն, սակայն երկրին մէջ պէտք է պահպանուի Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու մնայուն ներկայութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն ... Շարն.
«Ճափոնի Մէջ Հանդիպում Ունեցայ Նախագահներու, Վարչապետներու Եւ Բռնապետներու Հետ» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպում ունեցած է վեհաժողովի մասնակից երկիրներու ղեկավարներու մեծամասնութեան հետ, որոնց շարքին եղած են նաեւ ... Շարն.
«ՕԹԱՆ-ին Անդամակցած Պալքանեան Երկիրները Առաւելութիւններ Չեն Ստացած» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը
ՕԹԱՆ-ին անդամակցած պալքանեան երկիրները առաւելութիւններ չեն ստացած: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Սերպիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Պոցան-Խարչենքոն: Դեսպանը բացատրած է, թէ անդամակցութենէն առաջ այդ երկիրներուն ... Շարն.
Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – «Երկիր Ծիրանի» Հանդիպումը
Կը շարունակուին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւնները: Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ ... Շարն.