Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Սանտայի Ախոյեանութիւն. Վարուժան Քէշիշեան Պարգեւատրուեցաւ
- Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը` Առաջին Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի, Սանտայի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 60 մարզիկներու, որոնք ... Շարն.
Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Ահլի Սարպայէն (6-3) Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Ահլի Սարպա վեթերաններու ֆութպոլի մրցումը, որ եկաւ շուրջ 15 տարի առաջուան օրերը յիշեցնելու հանդիսատեսներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու երկու կազմերը: Սակայն ... Շարն.
Զուք Միքայէլ Ռիատի Ակումբը Ստացաւ Իր Արտօնագիրը` Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Զուք Միքայէլ Ռիատի ակումբին յանձնեց արտօնագիր, որով վերջինս կը դառնայ օրինական եւ կը կարենայ կիրարկել պասքեթպոլի, թենիսի, ճատրակի, փինկ փոնկի, թեքուանտոյի եւ ժիւտոյի մարզաձեւերը` ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Նախապատրաստական Փորձերուն
Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախապատրաստական փորձերը, որոնց ընթացքին Լիբանանի նոր մարզիչը` ռումանացի Լեվիօ Չիոփոթարիօ, իր օգնականին` Ժամալ Թահայի հետ պիտի ընտրէ խումբին նոր կազմը: ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Եւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Մրցին Իրարու Դէմ
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին պատրաստուող Ալաշկերտ հինգշաբթի, 4 յուլիսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ: Հայաստանի բաժակակիրը իր այս մրցումը պիտի ... Շարն.
Ճատրակ. Զաղրեպի Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 7-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ-չես-թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի դէմ` 55-րդ շարժումին: Հայկական ճատրակի ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք
- Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը - Մոնֆիս, Ցիցիփաս, Զվերեւ, Կարսիա, Օսաքա Եւ Ուրիշներ Դուրս Մնացին Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի ... Շարն.
Քովասիչ Ռէալ Մատրիտէն Տեղափոխուեցաւ Չելսի
Խրուաթ միջնապահ Մաթէօ Քովասիչ Ռէալ Մատրիտէն հեռանալով միացաւ լոնտոնեան Չելսիին, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: Ան նախորդ տարեշրջանին ... Շարն.
Մոտրիչ Չ՛ուզեր Տեղափոխուիլ Իտալիա
Սպանական «Մարքա» մարզաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող Լուքա Մոտրիչ չ՛ուզեր տեղափոխուիլ Իտալիա եւ մաս կազմել Ա. Սէ. Միլանին: Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, որ Ա. Սէ. Միլանի թեքնիք ... Շարն.
Փութին-Ռուհանի-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը` 14 Օգոստոսին
Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին 14 օգոստոսին: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Իրանի իսլամական խորհուրդի ժողովի նախագահի տեղակալ Մահմուտ Փեզեշքեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է ... Շարն.
«Իրանեան Վարչակարգը Պէտք Է Վերջ Տայ Իր Հիւլէական Փառամոլութեան Ու Վնասակար Վարմունքին» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգը այսօր երկրին մէջ իւրանիոմի հարստացման մակարդակը բարձրացնելու քայլին դիմեց: Հիւլէական համաձայնագիրը սխալ գործեց Իրանին արտօնելով որեւէ մակարդակի վրայ իւրանիոմ հարստացնել: Անկասկած, Իրան ... Շարն.
«Էս-400»-ները Կրնան Տեղակայուիլ Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ» Կ՛ըսէ Չոնքար
Ռուսական «Էս-400» հակաօդային հակամակարգերը կրնան տեղակայուիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ, սակայն վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչները Եւ «Մէկ Հայաստան» Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ «Մէկ Հայաստան» կուսակցութեան հետ տեղի ունեցած է հանդիպում-քննարկում, որուն ծիրին մէջ քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, յատկապէս անդրադարձ կատարուած է ներքաղաքական ... Շարն.
Ստեղծուած Է «Հակափտածութեան Քաղաքականութեան Խորհուրդ»` Նիկոլ Փաշինեանի Նախագահութեամբ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 24 յունիս 2019-ի N 808 որոշումին համաձայն, ստեղծուած է «Հակափտածութեան քաղաքականութեան խորհուրդ»` Հայաստանի վարչապետին նախագահութեամբ, որուն հիմնական նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարի, փտածութեան յաղթահարման ուղղութեամբ ... Շարն.
Քոնկրեսական Ճուտի Չու Արցախի Սահմանէն Արձակազէնները Հեռացնելու Առաջարկ Ներկայացուց
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Միջոցներու եւ կարելիութիւններու յանձնախումբի ազդեցիկ անդամ Ճուտի Չու 1 յուլիսին ներկայացուց առաջարկ մը` Արցախի սահմաններուն ապահովութեան վերաբերեալ: Քոնկրեսականներ ... Շարն.
Թուրքերը Կը Փորձեն Իւրացնել Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին
Ազրպէյճանի միջազգային սփիւռքի կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղայեւ եւ հայատեացութեամբ յայտնի` թրքական «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի» միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, այցելելով Աղթամար կղզի, պատմութիւնը կեղծող հերթական յայտարարութիւններ կատարած են: Այս ... Շարն.
Քապըր Շմունի Միջադէպին Յառաջացուցած Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Փորձեր
Քապըր Շմունի մէջ կիրակի երեկոյեան արձանագրուած զինեալ միջադէպին յառաջացուցած լարուածութիւնը տակաւին կը մնայ տիրական վիճակի մէջ: Մինչ բանակը նախանցեալ երեկոյեան արդէն իսկ սկսաւ խուզարկութիւններ կատարել վերոնշեալ շրջանին մէջ եւ ձերբակալել ... Շարն.
Փարլիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին . Նախագահ Աուն Շեշտեց Լիբանանի Կառչածութիւնը Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի, Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան այցելեց նախագահական պալատ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ... Շարն.
Հարիրի. «Կառավարութեան Նիստը Յետաձգեցի` Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Նպատակով»
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ որոշեց կառավարութեան նիստը յետաձգել` տիրող լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով: Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան նիստը գումարելու առումով օրինաթիւը գոյացած էր, «սակայն որոշեցինք շնչել, որովհետեւ երկրին մէջ լարուածութիւն գոյութիւն ... Շարն.
Նախարար Կիտանեան Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց կիպրացի իր պաշտօնակից Սաւաս Փերտիոսը` ընկերակցութեամբ կիպրական պաշտօնական պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան եւ կիպրական կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զբօսաշրջութեան մարզին պարագային երկկողմանի գործակցութիւնը ... Շարն.