Յայտարարութիւններ ( 13 Մայիս 2019)
ՄԱՀԱԶԴ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին վարչական եւ գործօն անդամին` ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 12 մայիս 2019-ին: ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին տոքթ. Յակոբ ... Շարն.
Պիչ-Ֆութպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Տիտղոսակիր` Թայլանտի Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ տիրացաւ Թայլանտի «Պիչ-ֆութպոլ ֆայվ» 2019-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Պէտք է նշել, որ Լիբանան կազմը հետզհետէ կը բարելաւէ ... Շարն.
Կռփամարտ. Պաչքով` Ոսկի, Յովհաննիսեան` Արծաթէ Մետալակիր
Ս. Փեթերսպուրկի (Ռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), աւարտականին յաղթելով ռուս Իլիա Փոփովին, տիրացաւ ոսկի մետալին: Իսկ 49 քկ դասակարգին մէջ թէեւ Արթուր Յովհաննիսեան ... Շարն.
«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Պաշտպանեց Տիտղոսը
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին միայն յստակացաւ Անգլիոյ ախոյեանին անունը: Մանչեսթըր Սիթի հանդիսացաւ 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` պաշտպանելով տիտղոսը եւ իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ... Շարն.
«Պունտըսլիկա». Գերմանիոյ Ախոյեանին Անունը Պիտի Վճռուի Վերջին Հանգրուանին
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները դարձեալ չվճռեցին երկրին ախոյեանին անունը: Յաղթանակի մը պարագային, Պայէրն Միւնիխ պիտի հռչակուէր ախոյեան: Բայց անիկա 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Լայփցիկի դաշտէն: ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Ապահովեց Արեւմտեան Շրջանի Աւարտականի Իր Տոմսը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ ապահովեց արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Ռոքեթց - Ուորիըրզ ... Շարն.
«ՖԻՖԱ»-ն Եւս Կախակայեց Ռայոլան
«ՖԻՖԱ»-ի կարգապահական կոմիտէն որոշեց հետեւիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակատարներ Մինօ Ռայոլան եւ անոր եղբայրը` Վինչենցոն զրկել ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելէ` աշխարհի տարածքին: Մինօ Ռայոլա կախակայուեցաւ երեք ամիսով, մինչ անոր եղբայրը` ... Շարն.
Անթոնիօ Քոնթէ Պիտի Գլխաւորէ Ինթեր Միլանը
Իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ պիտի նշանակուի Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Լուչիանօ Սփալեթթին, յայտնեց իտալական մամուլը: 49 տարեկան մասնագէտը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ինթեր նպատակ ունի նաեւ այս ամրան ընթացքին ... Շարն.
Մանչեսթըր Եունայթըտ Հրաժեշտ Տուաւ Անտեր Հերերային
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ հրաժեշտ տուաւ 29 տարեկան միջնապահ Անտեր Հերերային: Սպանացի ֆութպոլիստը ազատ գործակալի կարգավիճակ պիտի ստանայ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք: Շատ հաւանական է, որ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Փարիզ ... Շարն.
Եայա Թուրէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Պարսելոնայի եւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին մարզիկ Եայա Թուրէ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 35 տարեկան փղոսկրեայ ափունքցին մարզիչի արտօնագիր ստացաւ եւ այս ամրան պիտի սկսի մարզիչի իր նոր ասպարէզին: Շարն.
Հրապարակուած Է «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորումի Հռչակագիրը
11 մայիսին հայերէնով, ռուսերէնով, ֆրանսերէնով, սպաներէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած է մայիս 7-ին Ստեփանակերտի մէջ գումարուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի հռչակագիրը` Ֆորումի կայքին մէջ` artsakhforum.am: Ստորեւ կու տանք հռչակագիրին բնագիրը. Հռչակագիր ... Շարն.
Նիկոլ Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Բեմագրութիւնը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Հայաստանի, Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ժողովուրդներուն Համար»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղած է ղարաբաղեան տագնապի հրադադարի հաստատման 25-ամեակին առիթով: Ան ըսած է, թէ hրադադարի մասին գրաւոր համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտած է 12 մայիս 1994-ի ... Շարն.
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»
Հայաստանի արտաքին գորոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի մասին համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 5 մայիս 1994-ին Արցախի, Ազրպէյճանի եւ ... Շարն.
Պաքուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառուցողական Բանակցութիւններու Սկսելու Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար
Պաքու Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծման համար կառուցողական բանակցութիւններու սկսելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով 25 տարի առաջ կնքուած զինադադարի համաձայնագիրին, ... Շարն.
Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ
Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին վախճանեցաւ: Ամբողջ դար մը ապրած Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին լուրը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին մնաց տիրական` Պքերքէն դարձնելով ցաւակցութեան կեդրոն ... Շարն.
Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»
Պասիլ. «Այնճարը Այսօր Կը Մարմնաւորէ Այն Դարպասը, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Սուրիոյ Վերակառուցում» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ ... Շարն.
Կառավարութիւնը Երէկ Ուշ Գիշերին Շարունակեց Քննարկել 2019-Ի Պետական Ամավարկը
Կառավարութիւնը երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով մարոնի համայնքի վախճանեալ նախկին ... Շարն.
Իր Արգելարանին Մէջ Հասսան Տիքայի Մահը` Դուռ Կը Բանայ Ամբաստանութիւններու Եւ Հետաքննութեան
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ խստիւ դատապարտեց արգելափակեալ Հասսան Թաուֆիք Տիքայի սպանութիւնը բանտին մէջ: Ուահապ նշեց, որ Տիքա արգելարանին մէջ բուռն խոշտանգումի ենթարկուած էր եւ սպաննուած: Այս ... Շարն.
Տաւուշի Մարզպետը Այցելեց Լիբանան
Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան 7-10 մայիսին այցելեց Լիբանան: Այցելութեան ընթացքին Չոպանեան հանդիպումներ ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիսի, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթէյշի, ինչպէս ... Շարն.
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ
ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիւրընկալութեամբ, 10-էն 12 մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը: 10 մայիսին Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն ... Շարն.