Մամլոյ Արձակուրդ
Աւագ ուրբաթին ու Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 20 եւ երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին: Շարն.
Յայտարարութիւններ ( 19 Ապրիլ 2019)
«Օ. ԹԻ. ՎԻ.»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան լուրերէն ետք, պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանի «Սըլլոմ Ասսամա» յայտագիրը յատուկ հաղորդում մը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Պէյրութ – ՀՄԸՄ Երրորդ Ճակատումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն (կիսաւարտական) ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-ՀՄԸՄ երրորդ ճակատումը: Ցարդ տեղի ունեցած երկու ... Շարն.
Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Պէյրութի դրամատունը, որ աւարտականի չորրորդ մրցումին, արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը (5-1 արդիւնքով) եւ գերազանցելով Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, 3-1 արդիւնքով տիտղոսը պահեց ... Շարն.
Վոլիպոլ. Սփիտ-Պոլ Շեքքա Լիբանանի Ախոյեան` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով
Լիբանանի վոլիպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Սփիտ-Պոլ Շեքքա, որ աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Շեպիպեթ Թաննուրինը: Այսպիսով, անիկա յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: ... Շարն.
Ճատրակ. Արոնեանի Մրցակիցները` «Կրենքէ Չես Քլասիք» Միջազգային Մրցաշարքին
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կրենքէ-Չես-Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: 20-29 ապրիլ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին, Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան աշխարհի գործող ախոյեան ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Հրապարակուեցաւ Կիսաւարտականի Մրցումներուն Թուականը
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը իր հաղորդած մէկ լուրին մէջ հրապարակեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն թուականները: 30 ապրիլին Թոթենհամ կը հիւրընկալէ Այաքս Ամսթերտամը, իսկ 1 մայիսին Պարսելոնա` ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց Յաղթեց. Հարտեն` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանին մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 118-98 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյմս Հարտեն Ռոքեթցի ... Շարն.
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսով Յարութեան Ուղին Սկսւում Է Այս Աշխարհից
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք Նորա» (Ժամագիրք): Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ մեր, Սուրբ Յարութեան տօնի ուրախութիւնն է համակել մեր հոգիները, Յարութեան յաղթական ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր ` Մահէն Դէպի Կեանք Ընթանալու
Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ, թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (2.5): Առաքեալին այլ նամակներուն մէջ եւս շեշտուած յիշեալ հաստատումը, նպատակը կը կազմէ Աստուծոյ Որդւոյն ... Շարն.
Ի՞Նչ Կը Փոխէ Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Կեանքին Մէջ
«Եթէ՞ յարութիւն առած չըլլար ...» (1 Կոր 15, 14) Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Ահա հարցում մը, զոր Պօղոս առաքեալը, որ յարուցեալ Քրիստոսը հռչակած ու քարոզած է առանց զայն մօտէն ճանչցած ... Շարն.
Մեր Յարութեան Արգելք Քարը Գլորուած Է
Մէկշաբթի առտու շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, (կիները) գերեզմանը գացին ու իրարու կ՛ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի համար` գերեզմանին դռնէն», (ու նայեցան, տեսան, որ քարը գլորուած էր,) ... Շարն.
Առաջնորդական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ
«Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ» (Կղ 1.22) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Մեծ պահքի ապաշխարութեան եւ ... Շարն.
Ֆրանսայի Վարչապետը Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան Ձեռնարկի Ընթացքին Կառավարութեան Անունով Խօսք Մը Պիտի Արտասանէ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող Մուրատ Փափազեան իր դիմատետրեան էջին մէջ հայ համայնքին կոչ ուղղած է` մասնակցելու 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան կապակցութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկին: Ան նաեւ ... Շարն.
Իրաքի Իսլամներու Առաջնորդը Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Իրաքի Ազգային կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Եուսիֆ Նասրի յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է հայ ժողովուրդէն ներում հայցէ «իր արարքներուն համար»` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը գրէ «Ասպարէզ»-ը: 17 ապրիլին ... Շարն.
«Կառավարութեան Կառուցուածքի Եւ Գործունէութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Մասին Նախագիծը Ընդունուեցաւ
«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը երէկ առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ` ձայներու` 70 կողմ եւ 40 դէմ յարաբերակցութեամբ: Վերոյիշեալ ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Առաջարկած Են Հանդիպիլ Ուաշինկթընի Մէջ» Կ՛ըսէ Մամետեարով
Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով հերթական հանդիպումը ունենալ Ուաշինկթընի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վարշաւայի մէջ մամլոյ ... Շարն.
Զախարովա. «Լաւրով Եւ Կրեմինկըր 24 Ապրիլին Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 24 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ: Անոնք բազմաթիւ հարցերու շարքին պիտի քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը: Այս ... Շարն.
«Եթէ Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմ Ըլլայ, Նախիջեւանի Բանակը Պէտք Չէ Կրաւորական Դիրքի Վրայ Ըլլայ» Կ՛ըսէ Պահեստի Զօրքերու Ազրպէյճանցի Զօրավար Մը
Պահեստի զօրքերու ազրպէյճանցի զօրավար Եաշար Այտեմիրով մեկնաբանած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութիւնը «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներ»-ու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Զօրավարը նշած է, որ ... Շարն.
Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի Վրայ Հակահայ Էջ Ստեղծած Է
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ստեղծած է հակահայ էջ մը, որ կը բովանդակէ Արցախի մէջ «ապօրինի» գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին ... Շարն.