Կանացի Աչքերով Զ.
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շարժապատկերի «ԿԻՆ» փառատօնի 22-րդ տարուան ցուցադրութիւններուն ներառուած էին 21 երկիրներ` շուրջ 50 ժապաւէններով: Մրցութային բաժնի ժապաւէնները, ժանրային առումով, կը ներկայացնէին հետեւեալ պատկերը` 20 խաղարկային, 7 վաւերագրական եւ 2 գծանկարային (animation): Իսկ պատկանելիութեան առումով, եւրոպական երկիրներ` 12, Հայաստան` 7, Ռուսիա` 5 եւ այլ` 5: Ժապաւէնները ընդհանուր առմամբ կարճամեթրաժ էին` 5-30 վայրկեան տեւողութեամբ: Միջին տեւողութիւն` 13 վ: Նկատելի է աւարտաճառի...



