Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 24 ապրիլին ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձած է «1915-ի իրադարձութիւններուն»` ոչ միայն ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հայերը մեղադրելով «զանգուածային սպանութիւններու համար»: «Մենք ողորմածութեամբ կը յիշենք այն անպաշտպան եւ անմեղ թուրքերը, որոնք անողոք կերպով կոտորուեցան հայերու կողմէ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն ժամանակ», նշուած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան «Էքս»-ի օգտահաշիւին մէջ:
Copy and paste this URL into your WordPress site to embed
Copy and paste this code into your site to embed