Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ԹԵՔՆՈՖԵՍԹ 2024» օդանաւերու, տիեզերագնացութեան եւ ճարտարագիտութիւններու փառատօնի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ: Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական, ռազմակրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ: