Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Վալերի Զալուժնի բրիտանական «Տը Էքոնոմիսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապը կ՛անցնի դիրքային պատերազմի նոր փուլի` անշարժ եւ հիւծիչ մարտերով:
Զալուժնի նշած է, որ դիրքային պատերազմը շահեկան է Ռուսիոյ համար եւ անոր կարելիութիւն կու տայ վերականգնել ուժերը, ինչ որ սպառնալիք կը պարունակէ ոչ միայն Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու, այլ նաեւ Ուքրանիոյ համար` իբրեւ պետութիւն:
Անոր կարծիքով` Ուքրանիոյ յաղթանակին համար անհրաժեշտ են առանցքային զինուորական կարելիութիւններ եւ ճարտարագիտութիւններ:
Դիրքային պատերազմի որոգայթէն դուրս գալու համար Ուքրանիան, Զալուժնիի կարծիքով, օդի մէջ գերակայութիւն, ռատիոելեկտրոնային եւ հակամարտկոցային պայքարի բարելաւուած կարելիութիւններ, ականազերծման նոր ճարտարագիտութիւններ եւ աւելի մեծ թիւով պահեստայիններ զօրակոչելու եւ ուսուցանելու կարելիութիւն պէտք է ունենայ:
Կարելի չէ թերագնահատել Ռուսիան: Ան մեծ կորուստներ կրած է եւ շատ զինամթերք ծախսած, սակայն տակաւին երկար գերակայութիւն պիտի ունենայ սպառազինութիւններու, հրթիռներու եւ զինամթերքներու հարցին մէջ: Անոր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը կը մեծցնէ արտադրութեան ծաւալները` հակառակ աննախադէպ պատժամիջոցներուն:
Դիրքային պատերազմը երկարատեւ պատերազմ է, որ հսկայական վտանգներ կը պարունակէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն եւ պետութեան համար: Նոր, նորարարական մօտեցումները կրնան դարձեալ դիրքերու այս պատերազմը վերածել խուսանաւումներու պատերազմի:
Զալուժնի իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ, թէ Ռուսիոյ հետ զինուորական տագնապը «մտած է փակուղի», եւ պէտք չէ ճակատին վրայ երկու կողմերէն բեկումներ ակնկալել:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով ուքրանական զօրքերու ընդհանուր հրամանատարին խօսքերը, յայտնեց. «Քիեւի վարչակարգը շատոնց պէտք էր հասկնար, որ նոյնիսկ մարտի դաշտին մէջ Քիեւի վարչակարգի յաղթանակի որեւէ հեռանկարի մասին խօսիլը անհեթեթ է: Քիեւի վարչակարգը որքա՛ն շուտ ատիկա հասկնայ, այնքան շուտ որոշ հեռանկարներ կը բացուին»:


