Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաօ Փաօլոյի Մէջ Լքուած Առարկաներու Աղբավայր Մը Կը Վերածուի Գեղեցիկ Պարտէզի

Յունիս 11, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

27 տարեկան Էսթէր Քարրօ ծնած եւ մեծցած է Պրազիլի Սաօ Փաօլօ քաղաքին ֆավէլաներէն մէկուն մէջ: Այս շատ յատուկ թաղամասերը շինուած են ապօրինի ձեւով, առանց ո՛չ մէկ ծրագիրի կամ յատակագիծի, թիթեղէ եւ քարի կտորներով քով-քովի կառուցուած հազարաւոր պզտիկ հիւղակներ:

Էսթէր, որ քաղաքաշինութեան մասնագէտ-ճարտարապետ է, կը բացատրէ, թէ այդ 200 քառակուսի մեթր հողամասին վրայ ծերունի մը կը պահէր իր կովերն ու ձիերը: Օր մըն ալ ան կը հիւանդանայ եւ առնելով իր անասունները` կը լքէ թաղամասը:

Այս թաղամասին, ուր աղբահաւաք փոխադրակառքերը դժուար կրնան մտնել, այդ պարապ տարածքը շատ շուտ կը վերածուի լքուած առարկաներու աղբավայրի մը: Բնակչութեան մէջ գտնուող այս թունաւոր եւ վտանգաւոր կոյտը կը վերածուի մեծ աղբանոցի մը:

Չորս տարիներ առաջ, երբ Էսթէր կը վերջացնէ իր ճարտարապետի ուսումը, կ՛որոշէ լուծում մը գտնել: Առաջին հերթին ան կը լուծուի մեծ մաքրութեան աշխատանքի մը` դրացիներուն օգնութեամբ: Ապա, անոնք քիլոներով այդ աղբերը կ՛իջեցնեն ֆավէլային մուտքին, ուրկէ կ՛անցնին աղբահաւաք փոխադրակառքերը: Այս աշխատանքը կը տեւէ շաբաթներ:

Վերջապէս, ամբողջ տարածքը կը պարպուի եւ կը պատրաստուի մեծ կերպարանափոխութեան մը: Թաղամասին բոլոր բնակիչները` մեծ եւ փոքր, կը հրաւիրուին տնկելու ծաղիկ մը, բոյս մը, ծառի տունկ մը… Միշտ աւելի դիւրին է բանի մը հոգալ, երբ անձամբ մասնակցած կ՛ըլլանք անոր շինութեան ու ծաղկումին:

Այս ձեւով բնակիչները կ՛իւրացնեն այս հաւաքական պարտէզը, կը ջրեն եւ հոգ կը տանին այդ բոյսերուն ու տունկերուն: Եւ ներկայիս կարելի է տեսնել այդ տարածքին վրայ տեսակաւոր ծաղիկներ, պանանի ծառեր, անուշահոտ բոյսեր ու խոտեր… Այս տարի, անոնք կրցան պարտէզին մէջ նոյնիսկ կազմակերպել Զատկուան հաւկթախաղը:

Իբրեւ եզրակացութիւն, Էսթէր կը բացատրէ, թէ մենք պէտք չունինք մեր ժամանակը կորսնցնելու դժուար իրականացուող մեծ փոփոխութիւններու մասին երազելով, երբ կարելի է սկսիլ ճիշդ մեր առջեւը եւ մեր ձեռքին տակ գտնուածէն…

Առանց Կերպընկալէ Գիւղը

Անգլիոյ հարաւ արեւելքը գտնուող Մանինկթրի գիւղը արժանացաւ «Առանց կերպընկալէ քաղաք» տիտղոսին:

Այս գիւղին վերաբերող պատմութիւնը սկսաւ 2 տարի առաջ, երբ Պէքի Պիպքօ մարտահրաւէրի մը կ՛առաջարկէ գիւղին 800 բնակիչներուն: Ան կը սկսի կազմակերպելով աղբերը հաւաքելու արշաւ մը, որուն 70 անձեր կը մասնակցին: Յաջորդ արշաւին, աղբի տոպրակները կը փոխարինուին վերագործածուող տոպրակներով: Ապա Պէքի գիւղացիներուն կ՛առաջարկէ հրապարակին վրայ ծառեր տնկել:

***

Կամաց-կամաց բոլորը կը միանան այս շարժումին` առաւելագոյն կերպով նուազեցնելու կերպընկալէ աղբերը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժը նուազ գործածելու, նուազ ուտելիք վատնելու… Նոյնիսկ վաճառականները իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այս ձեւով է, որ անգլիական այս փոքրիկ գիւղը արժանացաւ «Առանց կերպընկալէ քաղաք» տիտղոսին:

Պէքի կը յուսայ, որ իրենց գիւղին օրինակին հետեւին իրենց երկրի ուրիշ քաղաքներ ալ, ինչու չէ նաեւ` այլ երկիրներու գիւղեր ու քաղաքներ:

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ
Ֆութպոլի Շապիկը

Մնանք հարաւային Ամերիկա, խօսելու համար աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլի շապիկին… Մարատոնայի շապիկին մասին:

Մայիս ամսուն, աճուրդի մը ընթացքին ֆութպոլի նշանաւոր աստղ Մարատոնայի ֆութպոլի շապիկը ծախուեցաւ մօտաւորապէս 9,4 միլիոն տոլարի: Սակայն ինչո՞ւ նման մրցանիշ մը:

Որովհետեւ այս շապիկը նշանաւոր է: Արժանթինի խումբէն խաղցող Տիէկօ Մարատոնա այս շապիկը հագած էր Անգլիոյ խումբին դէմ խաղին ընթացքին 1986-ի Աշխարհի ախոյեանութեան: Այս խաղը պատմութեան անցած է Մարատոնայի կողմէ նշանակուած երկու առասպելական կոլերով: Այս խաղին ընթացքին Մարատոնայի նշանակած կոլերէն մէկը մասնագէտներուն կողմէ հռչակուած է «20-րդ դարու ամէնէն գեղեցիկ կոլը»:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Հինգ ընկերուհիներ կը պտտցնեն իրենց շնիկները: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր աղջնակի եւ անոր շնիկին անունները:
– Փաթիլին մազերը սեւ են, ան կեցած է Նուշիկին եւ իր շնիկին` Ռէքսին մօտ, որուն պոչիկը շատ կարճ է:
– Բալիկին մազերը կարճ են, եւ անոր շնիկին` Պոպին ականջները տնկուած են:
– Ալինը իր մազերը պոչիկներ ըրած է, եւ իր շնիկը` Սուլա ունի երկար մազեր:
– Անին մազերը պոչիկ ըրած է, եւ իր շնիկին` Լալային ականջները կախուած են:
– Կարինէն դրած է գլխարկ եւ կեցած է Հուրիկին մօտ, եւ անոր շնիկին` Նինային մազերը կտրուած են:
– Անին կանգնած է Փաթիլին եւ Բալիկին միջեւ:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (10 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Համազգային Զարթօնք` 1965 Թուական (Քննական Փորձ` Յիշողութեան Բովում)

RelatedPosts

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ
Մանկապատանեկան

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ

Յուլիս 2, 2022
Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել
Մանկապատանեկան

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

Յունիս 25, 2022
Սենեկալ.   Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ
Մանկապատանեկան

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յունիս 18, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In