Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիթալի Բալասանեան Լիբանանի Մէջ

Մայիս 23, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթ Լիբանան այցելեց Արցախի հերոս եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան: Ան իր առաջին այս այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ լիբանանահայ համայնքի գործունէութեան եւ կառոյցներուն:

Վիթալի Բալասանեան այցելեց Համազգայինի «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեանց ու աշակերտութեանց հետ: Ծանօթանալէ ետք կրթական օճախներուն, ան իր հիացմունքը արտայայտեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական եւ հայակերտումի ազգանուէր ու հայրենանուէր աշխատանքին կապակցութեամբ: Աշակերտութեան հետ հանդիպումները անցան ջերմ ու հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, եւ ան մեծ գոհունակութեամբ պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ լսեց նաեւ անոնց տեսակէտներն ու ականջալուր դարձաւ 44-օրեայ պատերազմին գծով անոնց ապրումներուն եւ տագնապներուն: Ան պատգամեց աշակերտութեան անմար պահել իրենց մէջ պահանջատիրութեան ջահը:

Բալասանեան այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու «Ազդակ»ի տնօրէնութեան հետ: Խորհրդակցութիւններու առանցքը կազմեցին լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը: Բալասանեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ արխիւային նիւթերու պատասխանատու պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ: Ան հետաքրքրութեամբ լսեց ՀՅԴ արխիւներուն մէջ Արցախի մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող նիւթերու մասին:

Արցախի հերոսը այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան հետ ու մօտէն ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն: Այս առիթով ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մէջ ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին:

Բալասանեան այցելեց նաեւ Այնճար հայաւան ու հանդիպեցաւ քաղաքապետին եւ շրջանի կոմիտէին հետ ու շրջագայեցաւ նաեւ գիւղի կառոյցները: Ան ծանօթանալէ ետք գիւղի հայաբոյր մթնոլորտին եւ Հայաստանով ու Արցախով բաբախող անոր էութեան, բարձրօրէն գնահատեց տարուող աշխատանքը: Այնճար այցելութեան առիթով Բալասանեան այցելեց նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոս Գէորգ Հաճեանի ծնողքին եւ հանդիպեցաւ անոր մօր ու ընտանեկան պարագաներուն հետ: Այս առիթով ան վկայութիւններ ներկայացուց Նահատակին մասին ու անդրադարձաւ նաեւ անոր հետ առնչուող դրուագներու:

Իր կեցութեան ընթացքին Բալասանեան այցելեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Նահատակաց մատուռ, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Վիթալի Բալասանեան խոր տպաւորութիւններով վերադարձաւ Արցախ` ցանկութիւն յայտնելով Արցախի ու լիբանանահայ համայնքին միջեւ յարաբերութիւնները յաւելեալ խորացնելու եւ այդ ծիրին մէջ յայտնելով իր ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու գործակցութիւնը:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ո՛չ Հայաթափման Եւ Ո՛չ Հայրենազրկման
Գաղութային

Ո՛չ Հայաթափման Եւ Ո՛չ Հայրենազրկման

Օգոստոս 19, 2022
Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավարի  Թեկնածու Փիեռ Փոլիեվր Հանդիպեցաւ  Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավարի Թեկնածու Փիեռ Փոլիեվր Հանդիպեցաւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Օգոստոս 19, 2022
Հայաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Անդրադարձած Են  Շրջանային Անվտանգութեան
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Շրջանային Անվտանգութեան

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In