Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով նշած է իր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ յառաջընթացի բացակայութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Մինվալ»-ը:
«Հակառակ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ (Ռուսիոյ, Հայաստանի, Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու մակարդակով) ընթացող հանդիպումներուն, եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին համաձայն, շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ յառաջընթաց չկայ», ըսած է ան` ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Ասատով նշած է, որ Ազրպէյճան Հայաստանէն Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարում կ՛ակնկալէ:
Ան, մասնաւորաբար, յայտնած է ազրպէյճանական կողմի մտահոգութիւնը առ այն, որ եռակողմ յայտարարութեան 4-րդ կէտը, որ կը նախատեսէ «հայկական զինեալ կազմաւորումներու» հեռացումը «Ազրպէյճանի տարածքէն», կը մնայ անկատար:
Ազրպէյճանի վարչապետը աւելցուցած է, որ Պաքուն «մօտիկ ապագային լուրջ յառաջընթաց կ՛ակնկալէ երկու հարցերուն մէջ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել»: