Ալիեւին համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը նոյնիսկ աւելի կարեւոր է, քան Ղարաբաղի հարցը, կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան:
Սոչիի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին եռակողմանի հանդիպումէն ու միացեալ յայտարարութենէն օրեր անց Ազրպէյճանը` նախագահի մակարդակով միջազգային հարթակներէն կը շարունակէ խօսիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի եւ անոր կեանքի կոչման հեռանկարի մասին:
Ռուստամեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ Սոչիի մէջ ստորագրուած յայտարարութենէն բացի կրնան նաեւ ըլլալ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններ, քանի որ նման նախադէպեր եղած են. «Փաստերը մեզի կը յուշեն, որ բացի այն, ինչ որ պաշտօնապէս կը հրապարակուի գրաւոր ձեւով, կան նաեւ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններ: Հաստատ զանազան այլ համաձայնութիւններ, շատ հաւանական է, որ նաեւ բանաւոր, այդտեղ տեղի ունեցած են, որ առիթ կու տայ Ալիեւին յայտարարելու այն մասին, որ այո՛, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը լուծուած է»:
Ալիեւը կը նմանի այն անօթի հաւուն, որ երազին մէջ կորեկ կը կեսնէ ու յարատեւ «կորեկ» կը կտկտայ: Իսկ Ռուստամեան այն հիւանդ ուղեղով մտագարն է, որ շատ աւելի կը հաւատայ Ալիեւի կտկտոցներուն, սակայն չի հաւատար իր վարչապետի խօսքերուն: Կը թուի, թէ Ռուստամեան կը մաղթէ, որ Ալիեւին ըսածները ճիշդ ըլլան, որպէսզի ինք իրաւունք եւ առիթ ունենայ նախատելու իր պետութիւնն ու անոր վարչապետը: