Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Գալայճեան (1973-2021) Մահուան Քառասունքին Առիթով

Փետրուար 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Պայծառ, յաջողակ, խելացի, խորաթափանց, զգայուն, սիրող, հոգատար, գործնական, լաւատես, հեռանկարային, բարի… Տիգրան Գալայճեանի դէմքին վրայ մշտապէս պայծառ ժպիտը փորագրուած էր:

Անհնար է ըմբռնել մարդկային հրաշալի արժէքներով օժտուած Տիգրան Գալայճեանի վաղաժամ եւ անսպասելի կորուստը: Համաճարակին զոհ մը եւս` ոչ պակաս աղիտալի Լիբանանի մէջ:

Շատ սիրուած ու յարգուած էր իր ընտանիքին, ընկերներու լայն շրջանակին եւ գործընկերներուն կողմէ:

Տիգրան յաջողակ գլխաւոր տնօրէնն էր «Wunderman Thompson» ընկերութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու տարածքին: Անոր վստահուած էր միջազգային մեծ ընկերութեան 15 երկիրներու մէջ մասնաճիւղերու ֆինանսական ծրագրումը, վերահսկողութիւնը եւ ընդհանուր հաշուետուութիւնը: Իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ հանրայայտ «Ernst & Young» ընկերութեան մէջ, ուր աստիճանաբար պաշտօններու բարձրացումներ ձեռք բերաւ` իր մասնագիտական կարողութիւններուն եւ յաջողութիւններուն շնորհիւ:

2006-ին Տիգրան դարձաւ «JWT» ընկերութեան միջին արեւելեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի ֆինանսական պատասխանատու, իսկ կարճ ժամանակի ընթացքին ընկերութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ ելեւմտական գլխաւոր տնօրէն:  Տարիներու ընթացքին նպաստեց ընկերութեան կառուցուածքային նախաձեռնութիւններուն, տուրքերու բարդ խնդիրներու կարգաւորման, ընկերութեան գանձապետարանի կազմակերպման ու առեւտրական ձեռքբերումներու տնօրինման: Ասոր առընթեր, նաեւ քանի մը ընկերութիւններու խորհրդական մարմինի անդամ էր:

Տիգրան ծնած է 10 մարտ 1973-ին, Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեաններու ընտանիքին մէջ: Երկու տարեկան էր Տիգրան, երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը ծայր առաւ: Իր մօրը պաշտօնավարած Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ հաստատուեցաւ ընտանիքը եւ երկու եղբայրներ` Տիգրան եւ Ռազմիկ, իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցին արեւմտեան Պէյրութ այդ համալսարանին մէջ: Այդ պատճառով ալ իրենց նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ստացան Ամերիկեան համալսարանի կապուած Ինթըրնեշընըլ քոլեճի մէջ:

Տիգրանը իր համալսարանական ուսումը ստացաւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ` ստանալով Պսակաւոր գիտութեան եւ մագիստրոսի տիտղոսները 1995 եւ 1998 թուականներուն: Մասնագիտութիւն ձեռք բերած էր հաշուապահական եւ ելեւմտական ճիւղերուն մէջ: Մասնագիտական իր CPA կոչումը ստացաւ Քալիֆորնիոյ նահանգէն:

Իր յաջող առեւտրական ասպարէզին զուգահեռ եւ, հակառակ իր մնայուն ճամբորդութիւններուն, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր, միշտ զօրավիգ ունենալով իր կողակիցը` Սիլվին: Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած է` կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով:

Ուսանողական տարիներուն մաս կազմած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ:  Երկար տարիներ ծառայած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալ մարմնին` որպէս տնտեսական հարցերու խորհրդատու:

Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ համայնքին ծառայած է որպէս երեսփոխան` երկու ընտրական շրջան, ներկայացնելով Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին:  Իր օրով բարգաւաճեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը` ընդգրկելով մարդասիրական ընդարձակ ծառայութիւններ թաղի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար, որ կրկնապատկուեցաւ օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումէն ետք: Տիգրան իր մասնաւոր ներդրումը ունեցաւ ժողովուրդին ընձեռուած շաբաթական դրութեամբ օգնութիւններուն: Սիրուեցաւ ժողովուրդէն եւ գնահատուեցաւ իր բազում ծառայութիւններուն համար:

Իր ծնողաց հետ ան փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Ան հետեւողական կերպով իր զաւակները առաջնորդած էր մաս կազմելու «Տէմիրճեան» կեդրոնի գործունէութիւններուն մարզական, կրթական, ընկերային եւ սկաուտական մարզերուն:

Հասակ առնելով Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններու ընտանիքին մէջ, Տիգրան եւ եղբայրը` Ռազմիկ, մաս կազմեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական կազմակերպութեան ու հասան մինչեւ փոխխմբապետի մակարդակին: Անոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն մէջ երբեք չմոռցան իրենց միութիւնը եւ դարձան հովանաւորներ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժման` բերելով իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստը մինչեւ օրս:

«Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան հիմնադիր իր հօր փափաքին ընդառաջելով, նեցուկ կանգնած է միութեան աշխատանքներուն, իսկ «Արեգ» պարախումբի կեանքի կոչուելէն ետք անոր հովանաւորներէն մին հանդիսացած: Իր դստեր` Սարիկի գործօն մասնակցութիւնը պարախումբի վերջին տարիներու ելոյթներուն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր Տիգրանին եւ ան իր առատաձեռն նուիրատուութիւններով կ՛օժանդակէր պարախումբի պիւտճէի առաւել բաւարարման:

Տիգրան մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է հայ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն, զանոնք տեղաւորելով միջազգային ընկերութիւններու մէջ, որոնց հետ ինք մնայուն կապեր ունեցած է:  Անոնք միշտ ալ երախտապարտ եղած են Տիգրանին` իրենց ասպարէզի կեանքին մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար: Բազմաթիւ են նաեւ այն համալսարանականները, որոնք Տիգրանի համաշխարհային ցանց ունեցող ընկերութեան մէջ կատարած են իրենց փորձառական վարժութիւնները, այդ ձեւով ամբողջացնելով իրենց համալսարանական տիտղոսին պահանջք հանդիսացող փորձառական շրջանը:

Ազգային եւ հայրենասիրական խոր ապրումներով ապրող եւ տագնապող, բարձրագոյն ասպարէզի ոլորտներուն մէջ ինքզինք պարտադրած եւ վերելքներու հասած արդի երիտասարդութեան տիպարներէն էր Տիգրան, որ հպարտութիւնն էր իր ընտանիքին եւ հաւաքականութեան: Ափսոս, որ միայն 47 տարիներու վրայ տարածուեցաւ իր բազմաբովանդակ գործունէութեան ժամանակաշրջանը: Դեռ շատ տալիք ունէր իր ազգին:

Լոյս ու խունկ իր յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Արժեւորուած Կեանքը (Վաղամեռիկ Կարօ Սվաքճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Սրինգ Մըն Ալ Լռեց (Վախճանեալ` Մեղրիկ Եպիսկոպոսի Յիշատակին)

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022
Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Կրթական Տարին Աւարտեցաւ, Նաեւ` Հայկական. Հարկ Է Ընել Հակակշիռներ

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In