ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պատկանելիութեան զգացումը կենսական է։
Զգացում մը, զոր ամէն մարդ անպայմանօրէն կ՚ապրի իր կեանքի ընթացքին։
Զգացում մը, զոր ամէն տեղ կարելի է գտնել, զանազան ձեւերով։
Զգացում մը, որ շատերու համար դժբախտաբար ժամանակաւոր է, իսկ ոմանց համար մնայուն։
Գեղեցիկ է պատկանելիութեան զգացումը, երբ մնայուն է։
Կը մեծնայ, կ՚աճի, աւելի՛ն՝ կը փոխանցուի։
Բոլորս ալ գիտենք թէ, դպրոցական տարիները իւրայատուկ տարիներ են, ամէն իմաստով՝ ուրախ թէ տխուր պահերով, գոհ եւ դժգոհ վարկեաններով, լաւ եւ վատ յիշատակներով։
Այդ իւրայատուկ տարիներու ընթացքին, գրեթէ բոլոր աշակերտները անգիտակացաբար եւ գիտակցաբար, պատկանելիութեան զգացում մը կը զարգացնեն՝ ոմանք իրենց դասարանին հանդէպ, ոմանք՝ դպրոցին։ Ոմանք՝ գնայուն, ոմանք՝ մնայուն։
Իր 90-ամեայ պատմութեան ընթացքին, Համազգայինի Ճեմարանն ալ իր կարգին, մեծ թիւով աշակերներու մօտ, սերմանած է այդ զգացումը, եւ Ճեմարանի հանդէպ պատկանելիութեան զգացումը միշտ ալ մնայուն եղած է բոլորին մօտ։
Ճեմարանի աշակերտ, շրջանաւարտ, թերաւարտ, ուսուցիչ թէ պաշտօնեայ, ծնողք թէ բարեկամ, բոլորն ալ պատկանելիութեան զգացում մը ունին այս դպրոցին հանդէպ եւ բոլորն ալ կը զարգացնեն եւ կը փոխանցեն զայն։
Այդ զգացումը՝ Վարակիչ է, տարածուած է աշխարհով մէկ, բայց վտանգաւոր չէ։ Անցեալէն կու գայ, ներկայ է, եւ կ՚ուղղուի դէպի ապագայ։
Գաղտնիքը բացայայտուած է, 90 տարուան պատմութեամբ եւ փորձառութեամբ։ Պարզ ըսուած, գաղտնիքը այն է թէ ՝ Ճեմարանը սովորական կրթօճախ մը չէ։
Ճեմարանի մէջ միայն դաս, կրթական ծրագիր չէ որ կը տրուին, այլեւ՝ մարդկային արժէքներ։
Ճեմարանի մէջ միայն պաշտօն, կամ գործ չէ, որ կը ստանձնեն, այլեւ՝ առաքելութիւն։
Ճեմարանը միայն կառոյց չէ, այլեւ՝ ոգի։
Ճեմարանը միայն դպրոց չէ այլեւ՝ մթնոլորտ։
Եւ տարբեր է Ճեմարանի մթնոլորտը, իւրայատուկ։ Բախտաւոր կը համարուին բոլոր անոնք, որոնք կրցած են ապրիլ այդ մթնոլորտը։
Երբ դպրոցը աւարտելէ տարիներ ետք, Ճեմարանականը կը շարունակէ պահել կապը իր դպրոցին հետ…
Երբ Ճեմարանի շրջանաւարտը կը շարունակէ հպարտանալ իր դպրոցի յաջողութիւններով…
Երբ Ճեմարանականներ հանդիպին, ուր որ ալ գտնուին, հարազատ կը զգան, կը վերստեղծեն Ճեմարանի մթնոլորտը, կը ստեղծեն փոքրիկ Ճեմարան մը՝ իր ոգիով եւ յիշատակներով…
Երբ իւրաքանչիւր Ճեմարանական, ինքզինք իր դպրոցի ջահակիրը կը համարէ եւ ջահը միշտ կը փորձէ վառ պահել, զայն յառաջացնել, եւ փոխանցել…
Վերջապէս՝ երբ իւրաքանչիւր անձ կ՚օժանդակէ այս դպրոցին՝ հաւատալով անոր առաքելութեան, անգամ մը եւս կը փաստուի Ճեմարանին հանդէպ պատկանելիութեան զգացումին մնայուն ըլլալը։
Որպէսզի մնայունը կայուն մնայ, ջահը՝ մի՛շտ բոցավառ, եւ ջահերթը հաստատ քայլերով շարունակէ իր ընթացքը, նեցուկ կանգնինք Ճեմարանին։
Ճեմարանի ջահը դեռ եկար պէտք է բոցավառի։
Պիտի բոցավառի։
Աս երիտասարդըյայտնի է որ շատ լաւ զգացումներով լեցուցած է իր դպրոցէն եւ աստեղը գրած է զգացումներուն մասին: Երանի թէ ատոնց մասին քիչ մը կարճ գրէր եւ պատմութիւնով մը հասկցնէր որ ինչու ասպէս կը մտածէ: Հայաստանցիները կըսեն կոնկրետացնել. ասոր հայերէնը ինչպէս կըլլայ: Ուրիշ գրողներ անանկ ըրին եւ շատ հաճելի յիշողութիւններ պատմեցին: Ասի իր տարիքին հետ չի կապւիր, կարծես թէ 65-70 տարեկան մէկն է, սակայն նկարին մէջ շատ փայլուն երտասարդ է: