Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահապետ Քուչակի Նուիրուած Երեկոյ Եւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք Հայրէն Քուչակէն» Ստեղծագործութեան Գինեձօն

Մարտ 30, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 29 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նահապետ Քուչակի, անոր կեանքին, ստեղծագործութիւններուն եւ ժառանգին նուիրուած իւրայատուկ երեկոյ մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան գինեձօնը:

Բացման խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ երաժշտութեան ունեցած մեծ արժէքին. «Երաժշտութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան ամէն իմաստասիրութիւն, անիկա կը բանայ այն դռները, զորս բառերը անկարող են բանալ: Երաժշտութիւնը շօշափելի չէ, ուստի եւ կը բարձրանայ երկինքն ի վեր` հասնելով անհունին: Եւ ահա այս է պատճառը, որ երաժշտութիւնը անբաժան մասն է կրօնական արարողութիւններուն, որովհետեւ երաժշտութիւնը հրեշտակներու լեզուն է եւ ուղղակիօրէն կը հասնի Աստուծոյ ականջին` իրեն հետ տանելով խօսքն ու անուշաբոյր խունկը»: Ան դիտել տուաւ, որ երաժշտութիւնը նաեւ կը ներթափանցէ մարդուն խորքը, կը փոխէ անոր տրամադրութիւնը, ունի բուժիչ յատկութիւն, ծնունդ կ՛առնէ զայն յօրինողին հոգիի խորքէն եւ կատարողներուն ճամբով կը ներթափանցէ ունկնդիրներու հոգիներուն խորքը` շեշտելով, որ անիկա աւելի ազդու կը դառնայ, երբ բարձրորակ է եւ զայն կատարողը ինքնին տուեալ երաժշտութիւնը յօրինողն է:

Այս հաստատումէն մեկնելով Վահրամ Էմմիեան դիտել տուաւ, որ այդ ձեռնարկին ներկաները այդ վայելքը պիտի ապրին, որովհետեւ «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան մեկնաբանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ անոր հեղինակը` Կարօ Աւեսեան: Ան աւելցուց, որ գինեձօնին կողքին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ այդ երգերու խօսքերու հեղինակին` Նահապետ Քուչակին:

Անկէ ետք Արին Գալուստեան հետաքրքրական ձեւով եւ պաստառի վրայ ցուցադրութեամբ ներկայացուց Նահապետ Քուչակի կեանքն ու գործը, արժէքը իր կենդանութեան օրերուն իսկ, անոր կապուած աւանդապատումները: Ան դիտել տուաւ, որ Քուչակի հայերէն եւ թրքերէն ստեղծագործութիւնները ամէնէն աւելի ժողովրդականացած են Ակն քաղաքին մէջ` հաստատելով, որ ան երգած է սէրը, բերկրանքը, խաղաղութիւնը եւ կեանքի զանազան վիճակներ, սակայն ան նկատուած է սիրոյ երգիչ, որովհետեւ անոր մօտ տիրական եղած են սիրոյ տարբեր արտայայտութիւնները, որոնք ազատագրուած են կրօնական կաշկանդումներէ: Ըստ Արին Գալուստեանի, Նահապետ Քուչակ կրցած է սիրողի մը հոգեբանութեան բոլոր ծալքերը թափանցել, իր հայրէններուն մէջ երգել անկաշկանդ սէրը, առանց հոգիի ու մարմնի կռիւի, հեռու ամէն տեսակ սահմանափակումներէ, որովհետեւ ան հաւատացած է, որ սէրը գերագոյն գեղեցկութիւն է, ուստի զայն պէտք է բարձր պահել ու լիովին ապրիլ: Ասկէ մեկնելով է, որ անոր մօտ նկատելի են միջնադարեան ժամանակաշրջանին համար յանդուգն պատկերներ, որոնք ձեւով մը բողոքի արտայայտութիւն են տիրող իրականութեան դէմ, նաեւ այն, որ Քուչակ կը հակադրուի եկեղեցւոյ եւ կղերականներուն:

Ա. Գալուստեան լուսարձակի տակ առաւ այն հետաքրքրական ու ստեղծագործողի մը համար կարեւոր երեւոյթը, որ Նահապետ Քուչակի սիրածը իրական է, ապրող ու շնչող էակ է, որ տարբեր տեսակի ազդեցութիւն ունի եւ այլազան զգացումներու ծնունդ կու տայ շատ անմիջական ու իսկական դրսեւորումներով: Անոր հայրէններուն մէջ տեղ գտած է նաեւ մերժուած սէրը, տառապանքը, սակայն կառչածութիւնը սիրոյ. ունի փիլիսոփայական քառեակներ, ունայնութեան եւ պանդխտութեան նուիրուած տողեր:

Նշենք, որ քուչակեան ընթերցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռազմիկ Տէրունեան:

Ապա խօսք առաւ Կարօ Աւեսեան, որ անդրադարձաւ «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան ծնունդին` դիտել տալով, որ դիւրին չէ գտնել նման գրութիւն, ուր արդէն երաժշտութիւն կայ, ուր երաժշտութիւն կրնայ ծնունդ առնել եւ տարածուիլ` աւելցնելով, որ ընտրած է այնպիսի տուներ, որոնք կարելի է իրարու շաղկապել եւ ամբողջութիւն մը գոյացնել: Ան խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին` յիշելով, որ ստեղծագործութիւնը գրուած է ձայնի ու երաժշտութեան համար եւ երգուած է նաեւ օտարներու կողմէ: Կ. Աւեսեան յատկապէս յիշեց իր դասախօսն ու խորհրդատուն` միջազգային վարկ ու համբաւ վայելող արհեստավարժ երաժիշտ Աշոտ Զոհրապեանը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճին:

Ձեռնարկին ընթացքին սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Աւեսեանի, մեկնաբանեց Նահապետ Քուչակի հայրէններէն փունջ մը:

Աւարտին Համազգայինի կողմէ գնահատագիր մը յանձնուեցաւ Կարօ Աւեսեանին` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տեսական նիւթերու ուսուցիչին եւ լարային համոյթի խմբավարին, օգոստոս 2018-ին Պուտափեշտի մէջ 14-րդ աւանդական «Տանիւպ» նուագախմբային խմբավարութեան միջազգային մրցանքի առաջին մրցանակին տիրանալուն համար: Արդարեւ, ան գերազանցելով իր 15 մրցակիցները, տիրացած է առաջին (Ֆըրսթ Փրայզ) եւ գլխաւոր (Կրանտ Փրայզ) մրցանակներուն, ինչ որ մեծ ուրախութիւն ու պատիւ է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեան:

 

 

Նախորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Հալէպ

RelatedPosts

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023
Համազգայինի Կազմակերպութեամբ  Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք
Գաղութային

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In