Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Ընդառաջ. Հայրենի 48 Արուեստագէտներու Ստեղծագործութիւններու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Մարտ 2, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ գործակցութեամբ Հայ կերպարուեստի հիմնադրամին, երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հաւաքական ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր եւ մրցանակակիր 48 արուեստագէտներու: Անոնք հետեւեալներն էին. Խաչիկ Աբրահամեան, Սարգիս Աբրահամեան, Վոլոդիա Աբրահամեան, Ռուբէն Ատալեան, Արա Ալէքեան, Լեւոն Առաքելեան, Շուշան Առաքելեան, Էդուարդ Արծրունեան, Լիլիթ Ասլանեան, Շահէն Ասլանեան, Աշոտ Աւագեան, Գոռ Աւետիսեան, Յասմիկ Աւետիսեան, Նարեկ Աւետիսեան, Գագիկ Պատալեան, Աշոտ Պաղտասարեան, Դաւիթ Դաւիթեան, Գարեգին Դաւիթեան, Արմէն Տէյիրմէնճեան, Վարուժան Եփրեմեան, Սարգիս Կարուքեան, Զորա Գասպարեան, Սպարտակ Գէորգեան, Կի Ղազանճեան, Ահարոն Գրիգորեան, Օնօ Յակոբեան, Արման Համբարձումեան, Աննա Յարութիւնեան, Եուրա Յարութիւնեան, Գագիկ Խաչատրեան, Տարօն Մանուկեան, Գագիկ Մանուկեան, Հռիփսիմէ Մարգարեան, Սամուէլ Մարտիրոսեան, Սամուէլ Մարութեան, Մարտիրոս Միրաքեան, Հրանդ Միրզոյեան, Փարաւոն Միրզոյեան, Նայիրա Մխիթարեան, Մարթին Պետրոսեան, Սամուէլ Պօղոսեան, Անտրէ Շուկարով, Աննա Սողոմոնեան, Արտաւազդ Թալալեան, Աղասի Թալալեան, Վարդան Թէփիքեան, Յակոբ Վարդանեան, Լաւրենտ Վարդանեան: Ներկայացուած էին 120 արուեստի գործեր` գեղանկարներ, կրաֆիք գործեր եւ քանդակներ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն իւրայատուկ ցուցահանդէսին կազմակերպումով կը սկսի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի 10-ամեակը: Ան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած գործերը բոլորը զտուելէ ետք հասած են Լիբանան եւ կը վայելեն Հայ կերպարուեստի հիմնադրամի նախագահ, ակադեմիկոս փրոֆ. Խաչիկ Աբրահամեանի ամբողջական հսկողութիւնն ու գնահատանքը: Ան վստահեցուց, որ իրենք սոյն ցուցահանդէսին կազմակերպումով յաւելեալ քայլ մը կ՛առնեն Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման առումով, յատկապէս գեղանկարչական մարզին մէջ` փափաք յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ մշակոյթի բնագաւառը ունենայ յաւելեալ գուրգուրանք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր ճառագայթումը գտած է մշակոյթին ճամբով: «90 տարեկան դարձած Համազգայինը սիրայօժար եւ անձնուէր կերպով այդ մշակոյթի զինուորն է, եւ Հայաստան-սփիւռք մէկ ազգ, մէկ հայրենիք հասկացողութեան ջահակիրն ու ծառայողն է», հաստատեց Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը Համազգայինի ընտանիքին անունով երախտագիտական խոր զգացումներ յայտնեց Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին: «Մենք կ՛աշխատինք: Մենք մեր առաքելութեան զինուորներն ենք, բայց այդ առաքելութեան համար նաեւ զօրակցողներու կարիք ունինք: Անցնող 10 տարիներուն Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլը ո՛չ միայն մեր ցուցասրահին բարերարութիւնը կատարեցին, այլեւ` մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին մենք զգացինք, որ անոնք մեր կողքին են: Ձեր վարձքը կատա՛ր: Թող մեր եւ ձեր յառաջիկայ երթը դառնայ հեզասահ», եզրափակեց Հաւաթեան:

Հայ կերպարուեստի հիմնադրամի նախագահ, ակադեմիկոս փրոֆ. Խաչիկ Աբրահամեան նախ եւ առաջ բոլոր արուեստագէտներուն անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութին, սրբազան հօր, Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, որուն օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ համատեղ կազմակերպել սոյն ցուցահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են վարպետ արուեստագէտներ: Ան նկատել տուաւ, որ Աշոտ Պաղտասարեան, Հրանդ Միրզոյեան եւ ինք ունեցած են աւելի քան 350 ցուցահանդէսներ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Եւրոպա, Ափրիկէ եւ այլն: Փրոֆ. Խաչիկ Աբրահամեան պատիւ նկատեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի 10-ամեակը միասին տօնելը` խոնարհելով լիբանանահայ գաղութին առջեւ, անոր տարած մեծ աշխատանքին համար:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս նկատել տուաւ, որ «Շաղզոյեան» կեդրոնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ իր բազմերես առաքելութեամբ իր վրայ դրուած յոյսերը աւելիով կը լեցնէ, կ՛իրագործէ, եւ այդ բոլորին մէջ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը ունի իր անփոխարինելի տեղը եւ դերը: «Երբ գոյները կը խօսին, բերանները կը կարկամին: Այս նկարներն ու քանդակները մեզի առիթ կու տան իրենց ընդմէջէն գնահատելու եւ ճանչնալու մեր հայրենի արուեստագէտները», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք բախտաւոր ենք տեսնելու, որ Հայաստան-սփիւռք պատնէշները քանդուած են, եւ կրնանք փոխադարձ այցելութիւններ կատարել, ինչ որ սիրտի, հոգիի, միտքի եւ արուեստի կամուրջ է: «Թիւերու մասին խօսուեցաւ. 90-ամեակ, 10-ամեակ, 120 արուեստի գործեր, 48 արուեստագէտներ: Ասոնք բոլորը ցոյց կու տան ճիգ, տագնապ, տեսլական եւ հայ մշակոյթին ամուր կապուածութիւն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ յաջողութեան բանալին մեր մասնակցութիւնն է, եւ ինչ որ կը կատարուի այստեղ Համազգայինի ճամբով ոչ թէ գեղանկարչական ցուցահանդէս մը կազմակերպել է, այլ` մեր հաւաքական առաքելութեան գիտակից եւ յանձնառու մասնակցութիւն է: Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ հաւաքական մասնակցութիւնը անհատական մասնակցութեամբ կ՛ամբողջանայ եւ մեր կեանքին մէջ կը դառնայ մեր մշակոյթի հարստացուցիչ ազդակ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը գնահատեց բոլոր արուեստագէտները` մաղթելով, որ հայ մշակոյթին նկատմամբ մեր այս նուիրումը գործնականօրէն բոլորս արտայայտենք մեր հասկցած ձեւով եւ մեր կարողութեան համաձայն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 16 մարտ 2019 եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

Նախորդը

Յաջորդը

Յիշատակի Ձեռնարկ` Ռոստոմի Մահուան 100-ամեակին Նուիրուած. «Ռոստոմ Իր Հոգին Միշտ Դրած Է Գործին Մէջ Եւ Ոչ Թէ Անունը» Ըսաւ Համբիկ Պիլալեան

RelatedPosts

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023
Համազգայինի Կազմակերպութեամբ  Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք
Գաղութային

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In