Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն, կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր արձանագրած զարգացումներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ներկայացնող նախարարի պաշտօնին համար ընտրեց Հասան Մըրատի անունը, որուն լոյսին տակ Հարիրի տեղեկատուութեան նախարար նշանակեց Ժամալ Ժարրահը:
Նշենք, որ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին մէջ առկայ տարակարծութիւններուն մասին լուրերը անճիշդ են:
Ապա նախագահական պալատ հասաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ ներկայացուց Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի նախարարներուն անունները` այսպիսով ամբողջացնելով կառավարութեան կազմը:
Այս շրջագիծին մէջ, կառավարութեան կազմութեան նախորդող 48 ժամերու բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան տրուած զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը տեղեկատուութեան նախարարութեամբ փոխանակելու հաւանականութեան մասին: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը պահեց զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը` կտրականապէս մերժելով նախարարութիւններու որեւէ փոխանակում: Այս ուղղութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապեր հաստատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ անկէ խնդրած կարգ մը նախարարութիւններու փոխանակում կատարել:
Վարչապետ Հարիրի խոստում ստացած էր Ժահժահէն երեկոյեան Հզօր հանրապետութիւն պլոքի նիստին ընթացքին քննարկել իր պահանջը եւ ըստ այնմ պատասխանել անոր:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի նիստին նախագահելէ ետք Ժահժահ յայտնեց, որ պլոքը կը փափաքի ընդառաջել վարչապետին պահանջին եւ մշակոյթի նախարարութիւնը փոխարինել վարչական բարեկարգումի պետական նախարարութեամբ, պայմանով որ կառավարութիւնը անմիջապէս կազմուի: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յանուն Լիբանանի բնաւ չի զլանար եւ ագահութիւն չի ցուցաբերեր:
Կառավարութեան կազմութեան մասին հնչած դրական արտայայտութիւնները պատճառ դարձան, որ Լիբանանի վերաբերող տոլարով բաժնետոմսերուն գինը բարձրանայ 4,3 սենթով, որ 2018 օգոստոսէն ի վեր բարձրագոյնն է:
Մինչ այս զարգացումները կ՛արձանագրուէին, Պաապտայի մէջ կայացող իշխանութեան երեք պետերուն հանդիպումը կ՛աւարտէր:
Հանդիպումին աւարտէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն, իսկ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել կարդաց ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու, վարչապետ Հարիրիի վարչապետ նշանակումին եւ նոր կառավարութեան կազմին հրամանագիրները:
Ապա Ֆլայֆել յայտարարեց Ազգային միասնականութեան կառավարութեան անդամ 30 նախարարներուն անունները` անոնց ստանձնած նախարարութիւններով:- Սաատ Հարիրի` վարչապետ
– Ղասսան Հասպանի` փոխվարչապետ
– Աւետիս Կիտանեան` զբօսաշրջութեան նախարար
– Ժամալ Ժարրահ` տեղեկատուութեան նախարար
– Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ճարտարարուեստի նախարար
– Աքրամ Շեհայէպ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Ժըպրան Պասիլ` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
– Ժամիլ Ժապաք` առողջապահութեան նախարար
– Ալի Հասան Խալիլ` ելեւմուտքի նախարար
– Նատա Պուսթանի` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Ֆատի Ժրայսաթի` կենսոլոտի նախարար
– Էլիաս Պու Սաապ` պաշտպանութեան նախարար
– Ալպեր Սարհան` արդարութեան նախարար
– Մանսուր Պթէյշ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
– Եուսեֆ Ֆընիանոս` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Մոհամետ Շքէյր` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Ռայա Հասան` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար
– Մոհամետ Ֆընէյշ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար
– Մահմուտ Քումաթի` խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար
– Մոհամետ Տաուուտ Տաուուտ` մշակոյթի նախարար
– Հասան Լաքքիս` երկրագործութեան նախարար
– Ռիշար Գույումճեան` ընկերային հարցերու նախարար
– Մայ Շիտիաք` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
– Քամիլ Ապու Սլէյման` աշխատանքի նախարար
– Սելիմ Ժրայսաթի` նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար
– Ատել Աֆիունի` արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար
– Վիոլեթ Խայրալլա-Սաֆատի` երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար
– Հասան Մըրատ` արտաքին առեւտուրի պետական նախարար
– Ղասսան Աթալլա` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Սալեհ Ղարիպ` տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար
Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք, վարչապետ Հարիրի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տեւողութիւնը երկար էր, սակայն կարեւորը այն է, որ կառավարութիւնը կազմուած է:
«Հանրապետութեան նախագահին վստահութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, պարտականութիւնս է լիբանանցիներէն ներում հայցել` այս ուշացումին համար, եւ կը հաստատեմ, որ կառավարութիւնը համախոհութեամբ եւ միասնականութեամբ պիտի համագործակցի», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական եւ ելեւմտական մարտահրաւէրներու դիմաց, անկախ այն մարտահրաւէրներէն, որոնք կը գտնուին շրջանին մէջ եւ սահմաններուն վրայ: «Այս բոլորը կը նշանակեն, թէ նախարարաց խորհուրդին մէջ համախոհութեամբ գործելը պայման է եւ պարտաւորութիւն: Քաջ գիտեմ, որ կառավարութեան աշխատանքը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն մեր դիմաց կը գտնուի միայն պատասխանատուութիւն ստանձնելու ընտրանքը, հետեւաբար պետութեան կերտումը բոլոր նախարարներուն կը վստահիմ», շեշտեց Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքին ֆինանսաւորումը ապահովուած է «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է ամբողջացնէ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումի իր պարտաւորութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ վարչապետը հաստատեց, որ հանդարտեցուցիչներով բուժումը աւարտած է, եւ լուծումները պէտք է ըլլան յստակ ու շօշափելի, իսկ բարեկարգումները` յանդուգն ու անսակարկ:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ շաբաթ, 2 փետրուարի կէսօրուան ժամը 11:30-ին` պատրաստելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, ինչպէս նաեւ Ժահժահին ու Պասիլին` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են համագործակցելու եւ ծրագիրներ իրագործելու շուրջ:
Նախագահական պալատէն կատարած իր յայտարարութենէն ետք, վարչապետ Հարիրի ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ տօնակատարութիւն մը, որուն ընթացքին Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար, հիւսիսային Լիբանանէն մինչեւ Պէյրութ, Սայտա, Պեքաա եւ հարաւային Լիբանան:
Ան նշեց, որ ինք միայն կ՛ուզէ բոլորին հետ աշխատիլ` բարգաւաճեցնելու համար Լիբանանը: «Կը փափաքիմ ետիս ձգել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակած խոչընդոտները», ըսաւ ան:
Ուշ գիշերին, նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց վարչապետ Հարիրիի եւ շնորհաւորեց զինք` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Կառավարութեան կազմութեան առիթով, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն, իսկ վարչապետ Հարիրի` ընկերակցութեամբ նախարար Ռայա Հասանի, այցելեց իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:
Լիբանանեան ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ շնորհաւորեց զինք` կառավարութեան կազմութեան առիթով: Ան խոստացաւ գործակցիլ` ի խնդիր Լիբանանի շահերու ապահովումին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին` հաստատելով, որ իրենք պիտի օժանդակեն անոր իրենց սկզբունքներուն հիման վրայ եւ պիտի մերժեն ամէն քայլ, որ պետութեան գումարներուն եւ հարստութեան մէջ խախտում կը նկատուի:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան կազմութենէն ետք յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը 11 նախարար ունեցաւ` աւելցնելով, որ ատիկա իրենց պահանջէն շատ աւելին է, «սակայն կարեւորը այն է, որ լիբանանցիները իրենց պահանջները ստանան», հաստատեց ան:
Պասիլ շեշտեց, որ իրենք պիտի գործեն ի խնդիր Լիբանանի փրկութեան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կառավարութեան կազմութենէն ետք յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական իրավիճակը զգայուն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան պիտի ներկայանայ այս կացութիւնը բարելաւելու նպատակով մշակուած յատուկ ծրագիրով:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի ողջունեց Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որ յաջորդեց անցեալ մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Մոկերինի շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունի հետ երկարատեւ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կրցաւ կազմել կառավարութիւնը: Ան նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ տիրող համախոհութիւնը դրական է եւ շատ կարեւոր` Լիբանանի ապահովական կայունութեան համար:
Մոկերինի նշեց, որ լիբանանցիներն ու միջազգային ընտանիքը մեծ ակնկալութիւններ ունին կազմուած նոր կառավարութենէն` աւելցնելով, որ անոր յաջողութիւնը պիտի կշռուի երկրին դէմ ծառացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անոր կարողութեամբ, յատկապէս` տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական անհրաժեշտ բարեկարգումներ իրագործելու առումով:
Մոկերինի ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի յատուկ միջազգային երեք` Հռոմի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովներուն ընթացքին իր ունեցած ներդրումով, Լիբանանի նկատմամբ քաղաքական եւ նիւթական իր օժանդակութիւնը փաստած է:
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան հետ պիտի գործակցի եւ փոխադարձ յանձնառութիւններուն իմաստով համակարգում պիտի կատարէ` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական կացութիւնը, որ սուրիական տագնապին ծանր հետեւանքները կրած էր:
ՇՈՒՐՋ կէս գիշերին երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար Վիոլեթ Խայրալլա-Սաֆատի յայտնեց, որ նախարարութեան անուան բանաձեւումը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնը պիտի քննարկէ վարչապետ Հարիրիի հետ` աւելցնելով, որ նման որոշում հրամանագիրի կարիք ունի:
Իր կարգին, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած գրառումին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը պատկան մարմիններէն պահանջած է նախարարութեան անունը փոփոխութեան ենթարկել եւ առաջարկած է զայն կոչել կիներու եւ երիտասարդներու տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի նախարարութիւն: