«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8 ճակատումներ:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Տենվըր Նակեթց արձանագրեց իր 27-րդ յաղթանակը` 103-99 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Մայեմի Հիթի դաշտէն:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Նիքոլա Ժոքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):

Օքլահոմա Սիթի իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Մինեսոթա Վուլվզէն (119-117): Էնտրու Ուիկինզ (Վուլվզ) նշանակեց 40 կէտ, մինչ Փոլ Ճորճ` 27 կէտ:

Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ քիչ մը ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նիւ Եորք Նիքսը, 122-95 արդիւնքով: Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեց 43 կէտ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ինտիանիա Փէյսըրզէն, 123-115 արդիւնքով:
Քաւալիրզ, որ այսպիսով կրեց իր 33-րդ պարտութիւնը (ամէնէն շատը` բոլոր խումբերուն մէջ), այժմ կը գրաւէ արեւելեան շրջանի վերջին դիրքը: Անիկա արձանագրած է նաեւ ամէնէն քիչ յաղթանակը (8):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ, արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Թորոնթօ Ռեփթըրզ` Աթլանթա Հոքսի դէմ (104-101):


