ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Դժբախտաբար ընդհանրապէս շփոթ կայ Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան, ստորագրութեան եւ ապա անոր գործադրութեան եւ Ամերիկայի` Հայաստանի հովանաւորութեան միջեւ: Որեւէ կասկած կա՞յ արդեօք, որ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ինքնագլուխ գործեց` ղրկելով մեծաթիւ «Քինկ Քրէյն» քաղաքական, եւ «Հարպորտ» զինուորական առաքելութիւնները Փոքր Ասիա եւ Հայաստան:
Շատ յստակ է, որ մինչեւ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութիւն, ամերիկեան վարչական մեքենան` արտաքին գործոց նախարարութիւն, զինուորական եւ այլ վարչութիւններ աշխատանքի լծուեցան եւ անոնց պիւտճէն վաւերացուց Քոնկրեսը: Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ որոշուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի քարտէսը պատրաստուած է տնօրէնութեամբ ամերիկեան բանակի հազարապետ Լորընս Մարթինի, գործադրութեամբ` Ամերիկայի տեղագրական բաժանմունքի երկրաբանական քննաչափութեան (Topographic Branch U. S. Geological Survey), գործակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան` «Հարպորտ» առաքելութեան տեղւոյն վրայ կատարած դիտարկումներուն հիման վրայ:
Սեւրի դաշնագիրով որոշուած Հայաստանի սահմանը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կը կրէ, ուստի ամերիկեան պետական օրէնքի վերածուած է` ըստ ամերիկեան սահմանադրութեան: Վիճաբանողները պէտք է երթան եւ Միացեալ Նահանգներուն սահմանադրութիւնը փոխեն: Մինչեւ այդ փոփոխութիւնը` Ուիլսընի իրաւարար վճիռը ի զօրու է իբրեւ ամերիկեան օրէնք: ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՈՉ ԹԷ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ԱՅԼ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ (mandate): Տես` https://www.aztagdaily.com/archives/400768, https://www.aztagdaily.com/archives/359818, https://www.aztagdaily.com/archives/359654, https://www.aztagdaily.com/archives/315557:
10 օգոստոս 2018
Նկարը Սեւրի Դաշնագիրի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ՝ Աւետիս Ահարոնեանի այն գրիչն է, որ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը – ՀՅԴ թանգարան Երեւան:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՈՉ ԹԷ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ԱՅԼ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Հ ՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՈՉ ԹԷ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ԱՅԼ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ?????????????????
Հարցման նշաններուն պատասխանը տրուած է «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»» յօդուածին մէջ, որուն անդրադարձած եմ յօդուածիս վերջաւորութեան տես՝ https://www.aztagdaily.com/archives/315557