Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ղեկավար Կազմին Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ:
Ան ողջունած ու կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ համահայկական տարողութիւն ունեցող հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններուն մնայուն գործունէութիւնը:
29 յունիսին նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) կիսանդրիի բացման արարողութեան: 1918-1920 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը ներկայացնող առաջին դեսպանին կիսանդրին տեղադրուած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բակը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յատկապէս անդրադարձած է այն կարեւոր դերին, զոր ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը վերածնի մեր իւրաքանչիւր կարեւոր ձեռքբերումին հետ: Ան նաեւ գնահատանքի խօսքեր արտասանած է Արմէն Գարոյի յիշատակին: