Երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է «Ելք»-ի` Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու առաջարկին:
Լրագրողները հետաքրքրուեցան` արդեօք վերջին պահուն Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը կրկին պիտի չստորագրուի՞: Ռուստամեան պատասխանեց, որ այս անգամ նման բան պիտի չըլլայ: «Այն պատճառը, որուն հետեւանքով համաձայնագիրը չստորագրուեցաւ, այլեւս գոյութիւն չունի: Բոլոր բանակցութիւնները ընթացած են այն տրամաբանութեամբ, որ Հայաստանը արդէն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ է, եւ ատիկա կը նշանակէ, որ այդ հանգամանքը հաշուի առնելով է, որ այդ հոլովոյթը սկսած է, այսինքն` անոնք իրար հակառակ չեն», նշեց ան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակումով իսկապէս նոր շունչ մտաւ կառավարման համակարգին մէջ: Զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ դրական փոփոխութիւններ կարելի է նշել վարչապետի միամեայ գործունէութեան ընթացքին, ան նշեց, որ նորարարութիւններու արդիւնքները տեսնելու համար ժամանակ պէտք է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը փափաքի՞ք, որ Կարէն Կարապետեանը շարունակէ իր սկսած գործը յառաջիկայ տարիներուն, ան արձագանգեց. «Մեզի համար կարեւորը գաղափարներն ու ծրագիրներն են, որոնք պէտք է շարունակութիւն ունենան, այդ նպատակով մենք ընդունած ենք կառավարութեան ծրագիր, որ 2017-2022 թուականներուն հետ կապուած է: Անձի հետ կապուած չէ: Իրականացնողը ո՞վ կ՛ըլլայ, մեզի համար, վստահաբար, կարեւոր է, որ իր հոգուով-սրտով այս գործը կարենայ կատարել, բայց այդպիսի մարդիկ շատ կան, եւ մեզի համար, այդ առումով, անձը այնքան ալ կարեւորութիւն չունի»:
«Խաւարում» Խորագիրով Ցուցահանդէսին Փակումը Վրդովեցուցիչ Է»
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանի կազմակերպած ցուցահանդէսի փակման:
«Ասիկա, վստահաբար, վրդովեցուցիչ է: Ես նոր տեղեկացած եմ այդ մասին: Հանգամանքներուն քանի որ ծանօթ չեմ, չեմ կրնար պատասխանել, բայց ցուցահանդէս փակելը բնական բան չէ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խնդիրը նի՞ւթն էր, պատգամաւորը արձագանգեց. «Ես չեմ գիտեր, մանաւանդ` եթէ խօսքը 1937-ի զոհերուն կը վերաբերի, ապա մշակոյթի նախարարութիւնը ինք պէտք է խրախուսէ նման ցուցահանդէսներու կազմակերպումը: Մենք մեր պատմութիւնը պէտք է լաւ ուսումնասիրենք»:
Ան անգամ մը եւս նշեց, որ իրեն համար ատիկա վրդովեցուցիչ է: «Մարդը ուսումնասիրութիւն կատարած, անոր վերաբերեալ ցուցահանդէս կազմակերպած է, իսկ մենք գիտենք, որ Յովհաննէս Թումանեանի երեք զաւակները զոհեր եղած են, այսինքն` կապ կայ այդ բոլորին մէջ», ըսաւ Ռուստամեան:
Նշենք, որ 4 օգոստոսին Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաւարում» խորագիրով ցուցադրութեան բացումը, որ նուիրուած էր խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանի պահանջով ցուցահանդէսը փակուեցաւ: Ցուցահանդէսի փակման առնչութեամբ Սամուէլեանը նշած էր. «Ճիշդ է, նիւթը այժմէական է, մենք պէտք է պատմութեան պարզ երեսով նայինք, բայց կը կարծեմ, որ անիկա քիչ մը քաղաքականացուած էր: Այժմ սկսած են փողոցներու անուանափոխութեան հետ կապուած հոլովոյթներ, եւ այդ ցուցահանդէսն ալ ընկալուած է այդ շրջագիծին մէջ»:
Seems to me Armenia is copying what’s going on in the USA. Revolt against history and removal of statues, names, etc. What a small world these days. Considering removal of Toomamnian’s name from streets nominated for him,for political reasons, I am afraid is identical what’s going on in USA these days. Distorting history and historical facts, when unjust, like in case of beloved Toomanian, is very unfair in my opinion