Երկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս կառոյցին եւ տարբեր մարզերու մէջ նուիրական գործունէութիւն ծաւալած բարեսիրական այս միութեան:
«Ռապիհ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը համախմբած էր բոլորը, իւրայատուկն ալ այն էր, որ ժապաւէնը բեմադրած է թոռը նոյնինքն Արաքսի Պուլղուրճեանին, որուն անունը կը կրէ այս կեդրոնը: Վերացական ու յատկանշական «հանդիպում» մեծ մօր ու թոռնիկին միջեւ` ԼՕԽ-ի «երդիք»-ին տակ:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի վարչութեան, կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բեմագիր եւ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» ժապաւէնին յատուկ ցուցադրութիւն, որմէ առաջ` ժամը 7:00-ին կատարուեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Չինաստանի, Ռումանիոյ, Քոլոմպիոյ, Քորէայի դեսպաններուն եւ Գերմանիոյ դեսպանին կնոջ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, լիբանանահայ տարբեր կառոյցներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ շուրջ 300 հրաւիրեալներու:
ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին անունով արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Գարոլին Թերզեան, որ անդրադարձաւ իր 30 տարուան արդիւնաւէտ երթը նշող «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, որ հիմնուած է Պուլղուրճեան ընտանիքին նեցուկին ու բարերարութեան շնորհիւ, եւ որուն 30-ամեակը կը նշուի նոյն ընտանիքի զաւակներէն Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ռապիհ» ժապաւէնի յատուկ ցուցադրութեամբ, ինչ որ յատկանշական երեւոյթ է: Գ. Թերզեան դիտել տուաւ, որ իր տաղանդին ու արուեստին շնորհիւ Վաչէ Պուլղուրճեան Լիբանանի անունը բարձրացուց միջազգային հարթակներու վրայ եւ իր արժէքաւոր ժապաւէններուն իբրեւ գնահատանք տիրացաւ ֆիլմարուեստի միջազգային մրցանակներու:
Այս հաւաքին ընթացքին իսկապէս բոլորին մտքերուն մէջ կար այն, որ Արաքսի Պուլղուրճեանը կրնայ խաղաղ ու հանգիստ ննջել, որովհետեւ անոր թոռը` Վաչէ Պուլղուրճեանը, իսկական տաղանդաւոր մըն է:
Ապա յուզումով իր սրտի խօսքը ուղղեց Վաչէ Պուլղուրճեան, որ հաստատեց, թէ հպարտ է իր մեծ մօր` Արաքսի Պուլղուճեանի յիշատակը յաւերժացնող այս կառոյցին տարած նուիրական գործունէութեամբ, որով նաեւ միշտ վառ կը մնան իր ծնողներուն անունները: Բեմադրիչը դիտել տուաւ, որ իր տարած գործունէութեան ընթացքին միշտ հայ ըլլալու հանգամանքը տիրական է իր էութեան մէջ:
Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յարաբերական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վաչէ Պուլղուրճեանին:
«Ռապիհ» ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք Վաչէ Պուլղուրճեան հրաւիրեց ժապաւէնին հերոսը` Պարաքաթ Ժապպուրը, որ խօսեցաւ նման ժապաւէնի մը պատրաստութեան եւ կոյրի դերը իսկապէս կոյրի մը վստահելու շինիչ փորձառութեան մասին:
Յիշատակելի է նաեւ այն, որ ժապաւէնին դերասանը` Պարաքաթ Ժապպուր, ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք հիւրերը ողջունեց իր երաժշտական տաղանդով` սրահին մուտքին ջութակ նուագելով: Բոլորը համախմբուեցան անոր շուրջ, ուր կը տիրէր ջերմ մթնոլորտ, եւ շնորհաւորեցին զինք:
Նշենք, որ «Ռապիհ» ժապաւէնը կը շարունակուի ցուցադրուիլ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ:
Congratulations and unfaltering success!
Dear Vache:
I was so proud of you reading the details of your work in Aztag Daily.
Your parents would be so proud of you. A knew them very well.
Wishing you much more future success.
Barkev Bardizbanian, M.D.
Washington D.C.