Երէկ կէս գիշերին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ցաւով իմացաւ իր երկար տարիներու աշխատակիցին եւ վերջին ժամանակաշրջանին «Ազդակ»-ի գրական էջի խմբագրութիւնը վարած ներհուն մտաւորականին ու բանաստեղծին` Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան գուժը:
Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Կիրակոսեան եղած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխխմբագիր: Ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով: Կուսակցական պաշտօններ վարած է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» եւ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն մէջ: Վերջին ժամանակաշրջանին ան կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը: Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակի տէր Սարգիս Կիրակոսեան հայ գրականութեան առարկան ուսուցանած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Եղած է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ: 28 մայիս 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին: Պարգեւատրումը կատարուած է 9 յունիսին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Եղած է համահիմնադիր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին: Անդամ էր Հայաստանի գրողներու միութեան:
Սարգիս Կիրակոսեանի վաստակին եւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկայ օրերուն:
Sarkise 60anagan touaganneroun Haleb, Jemaran im tasengeres er. Shad peresird yev daghantavor dgha men er. Hay lezvoun hanteb annegarakli kourkarank yev ser ouner. Asvadz hokit lousavore sireli Sarkis, mishd bidi mdadzem kou masit. Hagop
Սարգիսին մահուան լուրը շա՜տ վատ էր։
Ցաւակցութիւններ…
Ի դէպ, Ս.Կիրակը պատասխանատու պաշտօն վարած է նաեւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան մէջ։
Spurke gorsentouts arjekavor medavoragan me isg Tashnsgtsouyoune havadarim zinvor me.Asdouads hokin lousavore
Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանին մէջ -մինչեւ Պռըւէ-ունեցած եմ զինք որպէս
օրինակելի փայլուն աշակերտ – որպէս երիտասարդ,հայրենասէր,հայ գրականութեան սիրահար որմէ ես ինքս իրմէ ստէպ կ՝օգտուէի շնորհիւ իր ընթերցումներուն քանի յաճախ մի քանի քայլ առաջ էր իր ուսուցիչէն ։Սարգիս Լիբանան փոխադրուելէն վերջն ալ մնաց այն չափը գիտցող յարգալիր երիտասարդը սիրուած բոլորէն որ նոյնիսկ առաջարկեց հեռակայ ճամբով գործակցութիւն Բագինի համար ,ինչ որ կատարեցի կարելի սահմաններու մէջ։
Նման անակնկալ մահեր մեզ զարմանալիօրէն աւելի կը մօտեցնեն այն սիրելի անձին որ կը հեռանայ առանց հեռանալու։ Խունկ եւ աղօթք թարմ շիրիմիդ։