Ինչպէս յայտարարած էինք տարեսկիզբին, աշխատանքներ կ՛իրականացուէին «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի դարձնելու թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն:
«Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազով բովանդակութիւնը առօրեայ դրութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ էփ»-ի ճամբով:
Յատկապէս մեր երիտասարդ ընթերցողներէն կը խնդրենք տարածել «Ազդակ էփ»-ը (aztagdaily). անոնք, որոնք կը ներբեռնեն (download) «Ազդակ էփ»-ը իրենց բջիջային հեռախօսներուն թէ «այ փէտ»-երուն մէջ, անպայման պէտք է ընդունին նաեւ «նշումներ» (notifications) տարբերակը, որպէսզի օրուան ընթացքին ստանան նաեւ արագ լրահոսը: Արագ լրահոսի դրութիւնը տրամադրելի կը դառնայ շուտով:
«Ազդակ Էփ»-ի հովանաւորն է ԱՖՀԻԼ-ը:
Thanks