Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ տրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատելու որոշման առիթով, ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ նամակը յղեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին.-
«Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանը միաձայնութեամբ պատմական որոշում մը տուած է յատուկ օրէնք մը հաստատելով, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկատուի քրէական յանցանք: Արդարեւ, մենք երբեք չենք մոռնար, որ 1975-ին Կիպրոսի խորհրդարանը երկրորդ խորհրդարանը հանդիսացաւ ամբողջ աշխարհին մէջ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս ուրախ առիթով մեր ժողովուրդին անունով Մեր խոր շնորհակալութիւնը եւ բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Կիպրոսի խորհրդարանին` իր այս պատմական որոշումին համար: Այս քաջ որոշումը արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ Կիպրոսի Հանրապետութեան ունեցած զօրեղ յանձնառութեան շօշափելի մէկ արտայայտութիւնն է: Յոյն եւ հայ ազգերու գործակցութիւնը խորապէս արմատացած է մեր փոխադարձ պատմութեան մէջ: Մեծապէս կենսական է, որ ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդկային իրաւունքները տեւապէս կը բռնաբարուին, մենք շարունակենք մեր գործակցութիւնը վերանորոգ ճիգով` ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային արժանապատուութեան:
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը պաշտպանէ նոր ժամանակներու չարերուն ու չարիքներուն դէմ եւ զայն առաջնորդէ դէպի առաւել յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Վեհափառ Տիրոջ նամէկէն ընդգծուելիք տողեր.-
«…Մեծապէս կենսական է, որ ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդկային իրաւունքները տեւապէս կը բռնաբարուին, մենք շարունակենք մեր գործակցութիւնը վերանորոգ ճիգով` ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային արժանապատուութեան:»