Հարպուր Պրիճ («նաւահանգիստի կամուրջը»): 1932-ին շինուած այս պողպատէ 1,1 քմ երկարութեամբ այս մեծ կամուրջը իրարու կը միացնէ քաղաքին կեդրոնը` Սիտնէյի հիւսիսային թաղամասերուն: Անոր վրայէն կ՛անցնին շոգեկառքեր, ինքնաշարժներ եւ հետիոտներ: Քաղաքի բնակիչները զայն կ՛անուանեն «Հին կախիչը»: