Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ Վաչէ Ծատուրեան Այցելեց Նախարար Աւետիս Կիտանեանին
Երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիսին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանը: Այս հանդիպումին ընթացքին Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց այն բոլոր նախապատրաստական աշխատանքներուն ... Շարն.
Նախարար Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Աքրամ Հալապին
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ (Պուսթրոս պալատ) ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին: Այս հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլ շնորհաւորեց Հալապին, որ ... Շարն.
Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տարբեր Տեսակի Մրցաշարքերու Կայացման Գծով Հաւանութիւններ Տրուեցան
Ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը ժողով մը գումարելով քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ: Հաւանութիւն տրուեցաւ, որ «Լուիս Պազ Սփորթց Էնտ Իվենց» ընկերութիւնը ... Շարն.
Պասքեթպոլ. 16 Տարեկանէն Վար Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանան – Ալճերիա` 88-52
Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Ալճերիան` 88-52 արդիւնքով: Լիբանանէն ... Շարն.
Ֆութսալ. Հայաստան Յաղթեց Իտալիոյ (2-1)
Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ: Կոլերը նշանակեցին Էնրիքէ Քոսթա տա Սիլվա եւ Սարօ Գալստեան: Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Ռումեան Յովսէփեան Հեռացաւ Փիւնիկէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան հեռացաւ Փիւնիկէն, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «27 տարեկան միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան այսուհետեւ Փիւնիկի ֆութպոլիստ չէ: Անոր պայմանագրութեան ժամկէտը աւարտեցաւ մեզի հետ», նշուեցաւ ... Շարն.
Յայտարարութիւններ ( 20 Յունիս 2019)
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին համար որոշած է հետեւեալը. Ա.- Քաղաքացիներէն եւ շրջանի բնակիչներէն կը պահանջուի սոյն գրութեան թուականէն ... Շարն.
Եուվենթուս 140 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Փոկպայի Համար
Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս 140 միլիոն եւրօ առաջարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտին` ձեռք ձգելու համար անոր ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպան: Նախապէս Փոլ Փոկպա մաս կազմած է Եուվենթուսին` 2012-2016 ժամանակամիջոցին: 26 տարեկան Փոկպա Եուվենթուսի ... Շարն.
Ռոտրիկեզի Նափոլի Տեղափոխութիւնը` Մօտալո՞ւտ
Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ փոխ տրուի «Քալչիօ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Նափոլիին: Ռոտրիկեզով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Շարն.
Մաթց Հիւմելս Վերադարձաւ Պորուսիա Տորթմունտ
Գերմանացի յետսապահ Մաթց Հիւմելս Պայէրն Միւնիխէն վերադարձաւ իր նախկին ակումբը Պորուսիա Տորթմունտ, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: Կողմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են 30 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման մանրամասնութիւններուն գծով: Սակայն ցարդ ... Շարն.
«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Չկրցաւ Յաղթել Վենեզուելլային
Պրազիլի մէջ շարունակուող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, չկրցաւ յաղթել իր մրցակիցին` Վենեզուելլային` անոր հետ արձանագրելով 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: ... Շարն.
Ռոպերթ Մորենօ` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչ
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ռոպերթ Մորենօ նշանակուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ: Լուիս Էնրիքէի տուած հրաժարականէն ետք, 41 տարեկան Մորենօ ստանձնեց անոր պաշտօնը: Ան արդէն իսկ քանի ... Շարն.
Ազրպէյճան, Վրաստան Եւ Թուրքիա Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական խաղերու կեդրոնին մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներու մասնակցութեան տեղի ունեցած է «Յաւիտենականութիւն-2019» հրամանատարա-սպայակոյտային ռազմափորձերու հարցով խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ձեռնարկին ժամանակ ... Շարն.
Էրտողան. «Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Կատարենք Մուրսիի Հարցով Միջազգային Դատարաններու Մէջ Դատելու Եգիպտոսի Իշխանութիւնները»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Անոնք, որոնք Էրտողանին Եգիպտոսի հանգուցեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի նման ճակատագիր կը նախատեսեն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի մտայնութեան հետեւող մարդիկ են»: «Մենք անոնցմէ չենք ... Շարն.
Եգիպտոսի Խորհրդարան. «Էրտողան Բռնապետ Է Եւ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն Անոր Միջամտութիւնը` Մերժելի»
Եգիպտոսի խորհրդարանի բանբեր Սալահ Հասապալլա հակադարձեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի մահուան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն, զանոնք նկատելով «Եգիպտոսի հարցերուն լկտի միջամտութիւն»: «Եգիպտացի ժողովուրդը 30 յունիս ... Շարն.
Ազրպէյճան Ֆրանսայի Հետ Սպառազինութիւն Պիտի Արտադրէ
Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը եւ օդուժի, ռազմական եւ ծովային կիրարկման տեղեկատուական համակարգեր արտադրող «Թալես Կրուփ» միջազգային արդիւնաբերական խումբը հաւանաբար միացեալ գործարան հիմնեն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Խօսքը ... Շարն.
Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Եւ Արցախ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել»
Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ վախցնել»: «Պատերազմը չէ աւարտած, որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ, իրավիճակի լարում ըլլալ: Ազրպէյճանը պարզապէս կ՛ուզէ կիրարկել նոյն ... Շարն.
Մնացականեան – Համանախագահներ Հանդիպում. Գնահատուած Է Խաղաղ Հոլովոյթի Ներկայ Իրավիճակը
Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, 18 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), ... Շարն.
Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի Ապագայի Դիրքորոշումները
8 մայիս 2019-ին որդեգրուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ կազմաւորուելով սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ: 14 յունիսին Նիկոլ ... Շարն.
ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց` Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ
Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը: Նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ունին ... Շարն.