Մամլոյ Արձակուրդ
Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 2 մայիս 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ին: Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Հասաւ Կիսաւարտականին
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին Մութթահետի դէմ` 61-49 արդիւնքով: Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը ... Շարն.
Ճատրակ. Ս. Զատկուան Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Մէջ
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի դպրոցին մարզիկները ուրբաթ, 27 ապրիլին, ուրախութեամբ մասնակցեցան Ս. Զատկուան յատուկ եւ հաճելի յայտագիրի մը, որ կ՛ընդգրկէր ճատրակի խմբային մրցում մը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն: Ճատրակի այս իւրայատուկ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Ռիատի Երրորդ Մրցումը
PRՕFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 1 մայիսին, իրարու դէմ կը մրցին Պէյրութ եւ Ռիատի: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղաք – Բ. Դասակարգ. Թատամոն Զուք – Անիպալ Զահլէ Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Հինգշաբթի, 2 Մայիսին
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը, ուր իրարու դէմ կը մրցին Թատամոն Զուք եւ Անիպալ Զահլէ: Անոնց միջեւ առաջին ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Լիվըրփուլ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պարսելոնա «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 ... Շարն.
«Լա Լիկա». Պարսելոնա Հանդիսացաւ Ախոյեան` 26-րդ Անգամ Ըլլալով
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 35-րդ հանգրուանի մրցումները: Վերջին 11 տարիներուն, Պարսելոնա 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, շուրջ 92 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան «Քամփ Նու»-ի իր ... Շարն.
«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Պայքարը Կը Շարունակուի
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 2018-2019 տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, պայքարը կը շարունակուի Մանչեսթըր Սիթիի եւ Լիվըրփուլի միջեւ, որոնք կը պայքարին տիտղոսին տիրանալու համար: 36-րդ հանգրուանին Սիթի ... Շարն.
Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռենն Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Փարիզ Սեն Ժերմենի
Շաբաթ, 27 ապրիլին, Փարիզի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ռենն: Ռենն երրորդ անգամ ... Շարն.
Վենեզուելայի Մէջ Լարուածութեան Մագլցում
Վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօ հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ զայն արձանագրած է օդուժի մէկ ռազմակայանին մէջ: Տեսերիզին մէջ անոր շուրջ գտնուող բանակայինները բանակին կոչ կ՛ուղղեն` զօրակցելու ... Շարն.
Էրտողան. «Առանց Թուրքիոյ` «Էֆ-35»-ներու Ծրագիրը Դատապարտուած Է Ձախողութեան»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միջազգային պաշտպանական «ԻՏԵՖ-2019» ցուցահանդէսին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է «Էֆ-35» հալածիչներու պատճառով Միացեալ Նահանգներուն հետ յառաջացած լարուած յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի ... Շարն.
Ճափոնի Աքիհիթօ Կայսրը Հրաժարեցաւ
Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց Աքիհիթօ կայսրին իր գահէն հրաժարելուն մասին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է անոր յայտարարութեան մէջ, որ ՆՀՔ պետական պատկերասփիւռի ... Շարն.
Կառավարութիւնը Սկսաւ Քննարկել 2019-ի Պետական Ամավարկը
Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի օրակարգով յատուկ նիստ մը: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն ... Շարն.
Խմբագրական. Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն Ամբոխներու Կերպարափոխումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)
Աշխատաւորներու օրուան առիթով ընկերափիլիսոփայական հրապարակումները հետզհետէ զիջած են զուտ քաղաքական ուղերձներուն: Տօնը կամ օրուան նշումը ստացած է գերքաղաքական բնոյթ. ընկերվարական աշխարհն ու երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը իրենց դաւանած գաղափարաբանական խորհրդանիշին վերածած ... Շարն.
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ուղեկցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ իր սկզբունքներին ու արժեհամակարգին, համահայկական կառոյցի զօրակցութեամբ, հետամուտ է հայրենիքի հզօրացմանը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների անվտանգութեան համակարգերի ամրապնդմանը, հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւնների խորացմանը` համոզումով, որ միայն հանրային եւ ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը
Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ միշտ ներգրաւուած եղած են նոր մարդիկ, թարմացում միշտ եղած է, ուստի ներքին իշխանափոխութեան հարց մեր օրակարգին վրայ չկայ. երէկ, 30 ապրիլին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին
Երեքշաբթի, 30 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, Ստեփանակերտի մէջ այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: ... Շարն.
Մայիլեանի Այցելութիւնը` Արժանթինի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն
29 ապրիլին Պուենոս Այրես գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Արժանթինի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան էսթերա Մկրտումեանի եւ դեսպանութեան անձնակազմին ... Շարն.
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Համար Դիմած Է Պոլսոյ Նահանգապետարան
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը 29 ապրիլին որոշած է դիմել Պոլսոյ նահանգապետարան` նոր պատրիարքի ընտրութեան արտօնութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը: 8 մարտին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի ... Շարն.