Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղած Են Աջակցելու Արցախի Հայկական Ժառանգութեան Կառոյցներուն Վրայ Տեսախցիկներու Տեղադրման
Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն ապահովելու, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ քայլերու ձեռնարկէ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ` տեսախցիկներ տեղադրելով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Միրիամ Լեքսման «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրառում կատարած է` կցելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին եւ Եւրոպական...