Փազըլի Խաղին Մեծ Յաջողութիւնը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 258 տարիներէ ի վեր փազըլի խաղը կը զբաղեցնէ մեծերն ու պզտիկները... - Աշխարհագրութիւն սորվելու համար Ճոն Սփիլզպըրիի գործը քարտէսներ պատրաստելն էր: Աշխարհագրութեան դասերը աւելի հաճելի դարձնելու համար այս անգլիացին կը յղանայ գաղափարը` տախտակի մը վրայ փակցնելու քարտէսները, եւ ապա զանոնք կտորներու բաժնել: Աշակերտները պէտք է զանոնք վերակազմեն` հաճելի ձեւով աշխարհագրական քարտէսները սորվելով: Այս ձեւով է, որ...