Մարզական

Թայքուանտօ.  Լեթիսիա Աուն Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Մրցումներուն

Թայքուանտօ. Լեթիսիա Աուն Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Մրցումներուն

Այս ամրան տեղի ունենալիք Փարիզի Ողիմպիական մրցումներու մասնակցութեան տոմս շահեցաւ լիբանանցի մարզիկ Լեթիսիա Աուն` թայքուանտոյի մրցումներուն: Արդարեւ, Աուն, որ կը մասնակցէր Ասիոյ թայքուանտոյի ախոյեանութեան 57 քկ կշիռի մրցումներուն, իր տոմսը շահեցաւ կիսաւարտականին յաղթելէ ետք իր մրցակիցին: Աուն այս ձեւով միացաւ Ռէյ Պասիլին, որ նշանառութեան ախոյեանն է, եւ ճիտոյի մարզիկ ռուս-լիբանանցի Քրամինովին: Անոնք պիտի մասնակցին ամառնային ողիմպիականին: Աուն Տամուրի շրջանէն պարմանուհի...

Քոնկ Ֆու.  Թաու Լուի Մրցաշարք` Մասթըր Կարոյի Յիշատակին

Քոնկ Ֆու. Թաու Լուի Մրցաշարք` Մասթըր Կարոյի Յիշատակին

Շաբաթավերջին յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած թաու լուի այս տարուան առաջին մրցաշարքը` կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութեան: Մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Լուէյզէ Զուք մարզահամալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ 100 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 7 ակումբներ` Անթոնին Պաապտա, Հայ սեւ գօտիներու միութիւն, Այնճարի...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ «Ամերիքըն Քափ» Մրցաշարքի Տիտղոսը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ «Ամերիքըն Քափ» Մրցաշարքի Տիտղոսը

Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-ի «Ամերիքըն Քափ» ճատրակի մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին, Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ դասուած էր այս մրցաշարքին, կրցաւ յաղթել Ռէյ Ռոպսընին, 2-0 արդիւնքով: Կիսաւարտականին Արոնեան դուրս ձգած էր թիւ 1 դասուած Ֆապիանօ Քարուանան, մինչ Ռոպսըն (6-րդ) դուրս ձգած էր Ուեզլի Սոն (թիւ 2): Լեւոն Արոնեանի քառորդ աւարտականի մրցակիցն էր այլ հայ մը` Սամուէլ Սեւեան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քայրիի Պազըր Պիթըրը Յաղթեց Տենվըրի

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրիի Պազըր Պիթըրը Յաղթեց Տենվըրի

Քայրի Ըրվինկ անգամ մը եւս փաստեց, թէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն կարտերէն մէկն է: Ան նախապէս 2016-ի աւարտականին անակնկալի բերած էր բոլորը, երբ իր խումբին` Քլիվլենտ Քեւելիրզի հետ 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 4-3 արդիւնքով յաղթած էր` շնորհիւ իր 3 կէտնոց պազըր պիթըրին: Ան 6,5 մեթրէն ձախ ձեռքով հուքով մը նշանակեց Նիքոլա Եոքիչի վրայէն յաղթանակի 2 կէտերը, որոնց...

«Սերի Ա.»  Ինթեր Միլանի Յաջորդական Յաղթանակներու Շարքը Կանգ Առաւ

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլանի Յաջորդական Յաղթանակներու Շարքը Կանգ Առաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, որ յաջորդական 10 մրցումներ յաղթած էր, չկրցաւ յաղթել անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլիի եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց: Մաթէօ Տարմեան առաջին կիսախաղին նշանակեց Ինթերի կոլը, իսկ Ժոան Ժեսուս նշանակեց Նափոլիի հաւասարութեան կոլը, 81-րդ վայրկեանին: Ինթեր 76 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, 14 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Բ. դիրքը գրաւող Ա....

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Մանչեսթըր Սիթի Յաջորդական 6-րդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Կիսաւարտականի

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Մանչեսթըր Սիթի Յաջորդական 6-րդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Կիսաւարտականի

Մանչեսթըր Սիթի յաջորդական 6-րդ տարին ըլլալով հասաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի մրցումին` քառորդ աւարտականին յաղթելէ ետք Նիւքեսըլի, 2-0 արդիւնքով: Մրցումին երկու կոլերն ալ նշանակեց Պեռնարտօ Սիլվա` 13-րդ եւ 31-րդ վայրկեաններուն: Քովենթրի, որ Անգլիոյ Բ. դասակարգին մէջ 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, կրցաւ դուրս ձգել Վուլվզ խումբը` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք: Պէտք է ըսել, որ շատ տաք էին մրցումի վերջին վայրկեանները: Քովենթրի,...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պէյրութի Դաշտին Մէջ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պէյրութի Դաշտին Մէջ

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Պէյրութի Շիյահի դաշտէն` պարտութեան մատնելով զայն 84-81 արդիւնքով: Մրցումը արագ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ, որ 8-2 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Պէյրութ ինքզինք գտաւ եւ 10-8 արդիւնքով յառաջացաւ: ՀՄԸՄ, որ առանց Զեք Լոֆթընի կը խաղար (վիրաւոր), բաւական քայլ պահեց Պէյրութի հետ, որ սակայն 44-37 արդիւնքով յառաջացաւ մինչեւ կիսախաղ: Կիսախաղը սկսաւ եւ ՀՄԸՄ վերստին...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 Կոլ Նշանակեց Սեպլինի Դէմ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 Կոլ Նշանակեց Սեպլինի Դէմ

Լիբանանի Դ. դասակարգի Բ. հանգրուանի իր 6-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 կոլ նշանակեց Ռիատի Սեպլինի դէմ մրցումին: Ռիատի Սեպլին, որ իր նախկին 5 մրցումներուն 7 կոլ ստացած էր, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար շատ դիւրին մրցակից էր, մանաւանդ երբ Սերժ Օսքեան 20-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, կոլ մը, որ առիթ տուաւ այլ կոլերու: Մրցակիցը ստիպուեցաւ քիչ մը յարձակիլ, բայց ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ` 2-5

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ` 2-5

Երէկ Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կոլ մը նշանակելէ ետք (Հասան Ժաուատ) 24-րդ վայրկեանին, մինչեւ կիսախաղ 2 կոլ ստացաւ: 59-րդ վայրկեանին 3-1 եղաւ արդիւնքը: 8 վայրկեան ետք արդիւնքը 3-2 եղաւ, երբ մրցակից մը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց: 10 վայրկեան ետք Տինամօ նշանակեց կոլ մը, որուն յաջորդեց 5-րդ կոլ մը, որ վերջ դրաւ Պէյրութի տղոց...

«Էն. Պի. Էյ.». Պոսթըն Սելթիքս Հասաւ Փլէյ Օֆի. Փորթլենտ Յոյս Չունի Հասնելու

«Էն. Պի. Էյ.». Պոսթըն Սելթիքս Հասաւ Փլէյ Օֆի. Փորթլենտ Յոյս Չունի Հասնելու

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 126-107 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փորթլընտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, վերջինիս յոյսը կտրեց հասնելու փլէյ օֆին: Արդարեւ, Արեւմտեան շրջանէն Փորթլընտ եղաւ երկրորդ խումբը, որ յոյս չունի հասնելու փլէյ օֆ, նոյնիսկ եթէ մնացեալ 15 մրցումներն ալ յաղթէ: Սան Անթոնիօ Սփըրզ արդէն իսկ յոյս չունէր եւ կը գրաւէ  15-րդ եւ վերջին դիրքը: Աւելի վատ արդիւնքներ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, այսօր ժամը 16:00-ին, Պէյրութ Ֆըրսթ Շիյահի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Իր վերջին մրցումին, Պէյրութ 97-91 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անդրանիկի դաշտին վրայ, եւ այսօր կրնայ ըլլալ բարոյական ձեւով շատ լաւ պատրաստ չեն, բան մը, որ կրնայ առիթ տալ ՀՄԸՄ-ի տղոց, որ անակնկալ մը արձանագրեն: ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը վերջերս բաւական լաւ ելոյթներ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին

Վաղը, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ահտի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ռիատի Սեպլինի դէմ: Պուրճ Համուտի տղաքը վաղը ամէն գնով պիտի պայքարին Սեպլինի Ռիատիէն 3 կէտ խլելու համար, մանաւանդ որ մրցակից խումբը ծանօթ է պաշտպանողական խաղաոճով եւ նման է «ժխտական ֆութպոլ» խաղցող միջազգային խումբերուն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կը մնայ մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի ցուցմունքներուն ենթարկուիլ, կատարել զանոնք եւ ինչպէս...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Վաղը կէսօրուան ժամը 12:30-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ: Երկու խումբերն ալ «պարտականութեան համար» պիտի կատարեն այս մրցումը` նկատի ունենալով, որ այս մրցումը պարզապէս կրնայ դիրքերու փոփոխութիւն կատարել դասաւորման կեդրոնի հատուածներուն մէջ: Այս մրցումը պէտք է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տղոց համար ըլլայ լուրջ փորձ-մրցում մը յաջորդ եղանակին համար, որուն այժմէն պէտք է պատրաստուիլ: Վերջին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի  Պիտի Մրցի Ռէալ Մատրիտի Դէմ

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Մրցի Ռէալ Մատրիտի Դէմ

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ» մրցաշարքի քառորդ աւարտականի վիճակաձգութիւնը, ուր յայտնի եղան 4 մրցումները, ինչպէս նաեւ կիսաւարտականի ճակատումները: Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի այս մրցաշարքի մրցանիշ հաստատող ախոյեան (14 անգամ) Ռէալ Մատրիտի դէմ, մինչ Սպանիոյ միւս «հսկայ»-ն` Պարսելոնա պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: Ռէալ Մատրիտ 2022-ի կիսաւարտականին դուրս ձգած էր...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Վաղը` Պէյրութ – ՀՄԸՄ

Վաղը Պէյրութի Շիյահի կեդրոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Պէյրութ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ 15 մրցումներու ընթացքին 11 յաղթանակ արձանագրած է: ՀՄԸՄ-ի տղաքը ամէն գնով պիտի փորձեն 10-րդ յաղթանակը արձանագրել` յոյս ունենալու համար գրաւելու 4-րդ դիրքը: 16-րդ հանգրուանի այս մրցումին հաւանաբար մասնակցի ՀՄԸՄ-ի նոր օտար մարզիկ Ճամալ Ճոնզ, որ երէկ ստորագրեց խումբի...

Ըմբշամարտ.  3 Հայեր` Բարձր Դիրքերու Վրայ

Ըմբշամարտ. 3 Հայեր` Բարձր Դիրքերու Վրայ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց ազատ ոճի աշխարհի լաւագոյններու դասաւորումները: Այդ լաւագոյններուն մէջ կան երեք հայ մարզիկներ: Արսէն Յարութիւնեան 57 քկ կշիռի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւեց: Վազգէն Թեւանեան գրաւեց առաջին դիրքը 65 քկ կշիռի մարզիկներուն, մինչ Արման Անդրէասեան 70 քկ կշիռի պարագլուխի դիրքը գրաւեց: Ստորեւ` դասաւորումները. 57 ՔԿ     ԿԷՏ 1.- Սթեւան Անտրէա Միչիչ (Սերպիա) 45.000   2.- Արսեն Յարութիւնեան (Հայաստան)...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քինկզ – Լէյքըրզ` 120-107

«Էն. Պի. Էյ.» Քինկզ – Լէյքըրզ` 120-107

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Սաքրամենթօ Քինկզ 120-107 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզը: Լէյքըրզ, որ այս եղանակին 8 մրցումներէն 7-ն պարտութեամբ աւարտեց Քինկզի դէմ, չկրցաւ պայքարիլ Սաքրամենթոյի դէմ, մանաւանդ որ Տոմանթաս Սապոնիս թրիփըլ տապըլ ալ իրագործեց` նշանակելով 17 կէտ, 19 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: Հետիւըն Պարնզ 7 անգամ 3 կէտնոց կողովներ ալ նշանակեց (23 կէտ), մինչ Տը՛Արոն...

Նակըլզման 6 Նորեկներ Կ՛ընտրէ  Ազգային Խումբին Համար.  – Ուայթ Կը Մերժէ Ազգային Խումբը…

Նակըլզման 6 Նորեկներ Կ՛ընտրէ Ազգային Խումբին Համար. – Ուայթ Կը Մերժէ Ազգային Խումբը…

Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըլզման երէկ ազգային խումբ հրաւիրեց 26 մարզիկներ, որոնց մաս կը կազմեն 6 նորեկ մարզիկներ: Ազգային խումբը մրցումներ ունի 23 եւ 26 մարտին յաջորդաբար Ֆրանսայի եւ Նետերլանտներու դէմ, եւ մարզիչ Նակըլզման Եուրօ 2024-էն 100 օր առաջ դժուար գործ ունի լաւ կազմ մը պատրաստելու: Այս մրցումները պիտի ըլլան Եուրոյէն առաջ պատրաստութեան վերջին մրցումները, որոնց համար մարզիչը նկատի...

Չեմփիընզ Լիկ.  Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Ինթեր Միլանը

Չեմփիընզ Լիկ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Ինթեր Միլանը

Աթլեթիքօ Մատրիտ պէտք ունեցաւ փենալթիներու` հասնելու համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական: Երթին, Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուած Աթլեթիքօ, Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին, մրցաշարքէն դուրս կ՛ուղղուէր մանաւանդ, երբ 33-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ ստացաւ: Արդարեւ, Նիքոլօ Պարելլա գնդակը փոխանցեց Ֆետերիքօ Տիմարքոյին, որ նշանակեց անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթերի կոլը: 2 վայրկեան ետք, Աթլեթիքօ անմիջապէս փոխադարձեց: Քոքէ օդէն փոխանցեց դէպի Ինթերի քառակուսի, ուր...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Կիրակի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, ախոյեանութեան նախավերջին շաբթուան մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ-ի տղաքը առանց ճնշումի պիտի կատարեն այս մրցումը, որովհետեւ միացեալ 2 մրցումներուն արդիւնքները բան պիտի չփոխեն դասաւորման գծով: Այժմու խումբը պիտի մնայ Դ. դասակարգ, յոյս չունի բարելաւելու իր դիրքը, եւ այժմէն պէտք է պատրաստուիլ յառաջիկայ եղանակին համար: Տինամօ Պէյրութ...

Page 1 of 1063 1 2 1,063

Արխիւներ