Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Թեմակալ Առաջնորդներու Ու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 12 մարտէն 15 մարտ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա` միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն: Կրօնական Ժողով Կրօնական ժողովը նախ լայնօրէն քննարկեց դպրեվանքի գործունէութիւնը` տեսուչ հայր սուրբին ներկայացուցած...