Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ազատագրական Պայքարին Նուիրեալ Արցախցիներ Եւ Հայ-Թաթարական Կռիւները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազատագրական Պայքարին Նուիրեալ Արցախցիներ Եւ Հայ-Թաթարական Կռիւները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Նիկոլ Դուման                                                                                                                                         Խանասորայ Վարդան Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս ապրող արեւելահայութիւնը գոյութեան անհամեմատ աւելի բարենպաստ պայմաններու տակ կ՛ապրէր, քան Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող արեւմտահայութիւնը: Արեւմտահայութեան վիճակը ծանրացաւ յատկապէս ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմէն ետք: Պերլինի 1878-ի վեհաժողովէն ետք, միջազգային դիւանագիտութենէն հիասթափուած, հայ գործիչներ ու մտաւորականներ հայկական հարցի լուծումը կապեցին զինեալ պայքարին հետ: Թրքական պետական քաղաքականութիւնն էր` կայսրութեան արեւելեան վիլայէթներուն մէջ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Պաքուի Հայ Ձեռնարկատէրեր Եւ Եկեղեցիներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պաքուի Հայ Ձեռնարկատէրեր Եւ Եկեղեցիներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաքու քարիւղի արդիւնաբերութեան շնորհիւ ԺԹ.  դարու կէսերուն արագօրէն զարգացաւ: Քարիւղի արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ իրենց առանձնայատուկ դերը ունեցան յատկապէս արցախահայերը: Արցախցիներ էին քարիւղի հանքերու սեփականատէրեր Առաֆելեանները, Ղուկասեանները, Կրասիլնիկեանները, Գրիգոր եւ Յովսէփ Թումայեան եղբայրները, Գրիգոր Դիլդարեան, Մուսայէլ Շահգեդանեան, Դաւիթ Աւան-Իւզպաշեան, զօրավար Յովհաննէս Լազարեան, Սամուէլ Բաղիրեան, Յարութիւն Մադաթեան, Միքայէլ Արամեանց եւ շատ ուրիշներ: Թիֆլիսի «Տարազ» ամսագիրը 1892 յուլիս 5-ին, 25-րդ...

Նահատակութենէն Ութսուն Տարի Ետք.  Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Կ՛ամփոփուին Փարիզի Պանթէոնին Մէջ

Նահատակութենէն Ութսուն Տարի Ետք. Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Կ՛ամփոփուին Փարիզի Պանթէոնին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան Ֆրանսական դիմադրութեան առաջամարտիկ, Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի աճիւնները այսօր` 21 փետրուար 2024-ին, նահատակութենէն ութսուն տարի ետք, պետական բարձրագոյն մակարդակով, կ՛ամփոփուին Փարիզի պանթէոնին մէջ: Միսաք Մանուշեան այսպիսով կը դառնայ առաջին օտարազգի գործիչը, որ մուտք կը գործէ Ֆրանսայի մեծութիւններու աճիւնները ամփոփող պանթէոն, ուր կ՛ամփոփուին նաեւ Մանուշեանի կնոջ` Մելինէի աճիւնները: * * * Միսաք Մանուշեան ծնած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Պաքուի Քարիւղի Արդիւնահանողներ Յովհաննէս Միրզոյեան, Ղուկասեան Եղբայրներ Եւ Առաքել Ծատուրեան

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պաքուի Քարիւղի Արդիւնահանողներ Յովհաննէս Միրզոյեան, Ղուկասեան Եղբայրներ Եւ Առաքել Ծատուրեան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս 1846-ին կազմաւորուեցաւ Շամախիի նահանգը, որ կ՛ընդգրկէր Շամախի, Նուխի (Շաքի), Շուշի, Պաքու եւ Լենքորան գաւառները: Շամախի 11 յունիս 1859-ի երկրաշարժին աւերուեցաւ, որմէ ետք նահանգային կեդրոնը Պաքու փոխադրուեցաւ եւ Շամախիի նահանգը վերակոչուեցաւ իբրեւ Պաքուի նահանգ: Պաքուի առաջին նահանգապետը եղաւ Կոստանդին Թարխանով-Մուրաւով: 1863-ին զայն փոխարինեց Միխայիլ Քոլիուպաքին: Շուշիի եւ Նուխիի գաւառները 1868-ին Ելիզաւետպոլի նահանգին կցուեցան, իսկ Պաքուի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայերը Բնիկ Տարր` Պաքուի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայերը Բնիկ Տարր` Պաքուի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաքու աղուանական հին բնակավայր է, ուր հայեր բնակած են պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն: Հայեր շրջանի բնիկներ եղած են եւ ունեցած են եկեղեցիներ ու ուխտատեղիներ: Պաքուի կողքին, հայեր բնակած են շրջակայ շարք մը գիւղերու մէջ, որոնցմէ անուանի եղած է Բուգովնան: Պաքուի հայութեան թիւը ստուարացած է յատկապէս ԺԹ. դարուն, գլխաւորաբար Արցախէն հոն տեղափոխուած հայերով: Հայեր կազմած են քաղաքի բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը:...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ազրպէյճանի Թաթերու Ինքնութեան Հարցեր Եւ Հայ Թաթերը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազրպէյճանի Թաթերու Ինքնութեան Հարցեր Եւ Հայ Թաթերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ թաթերու գլխաւոր բնակավայրերէն Եդեսիա գիւղ Ռուսիոյ Ստաւրոպոլի երկրամասին մէջ Աղուանքի կամ ներկայ Ազրպէյճանի բնիկ ցեղերուն մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունին ընդհանուր թաթ անունով կոչուող ազգագրական խմբաւորումները, որոնցմէ են հայ թաթերը: Կրօնական պատկանելիութեան հիմամբ թաթերը երեք խմբաւորումներու բաժնուած են` իսլամ, քրիստոնեայ եւ յուդայական: * * * Թաթերը Աղուանքի բնիկ ցեղերու հիմնական այն ենթաշերտն են, որոնք ձեւաւորած են այսպէս...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Խոշկաշէն, Մեծ Սէօգիւթլու, Եղնի Գաւառ Եւ Չաքաթալա

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Խոշկաշէն, Մեծ Սէօգիւթլու, Եղնի Գաւառ Եւ Չաքաթալա

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղուանքի հիւսիս¬արեւմտեան կողմը, Կապաղակէն մինչեւ Եղնի գաւառ եւ Զաքաթալա, հայկական շարք մը բնակավայրեր կային: Հայկական այս բնակավայրերը շէն էին մինչեւ Ազրպէյճան կոչուող պետութեան կազմաւորումը: Այնուհետեւ անոնք աստիճանաբար հայաթափուեցան: * * * Խոշկաշէն Խոշկաշէն կը գտնուի Վարդաշէնէն հարաւ, Դուրկան գետի աջ կողմի բարձրութեան վրայ, եւ երկու թաղերէ բաղկացած էր: Բնակիչները Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն: Արեւելեան թաղին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Կապաղակ Եւ Նիժ` Հայկական Եւ Ուտիական Պատմական Բնակավայրեր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Կապաղակ Եւ Նիժ` Հայկական Եւ Ուտիական Պատմական Բնակավայրեր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հիւսիսային Աղուանքի հայաբնակ եւ ուտիաբնակ բնակավայրեր եղած են Կապաղակ, Նիժ եւ շրջակայ գիւղերը: Կապաղակ Աղուանքի մայրաքաղաքը եղած է, իսկ Նիժ ուտիաբնակ գլխաւոր երկու բնակավայրերէն մէկն է Վարդաշէնի կողքին: Նիժի Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին նուիրական սրբատեղի է եւ ներկայիս Աղուանական առաքելական կոչուող եկեղեցւոյ աթոռանիստն է: * * * Կապաղակ կը գտնուի Մեծ Կովկասի լանջերուն, Տամիրափարանչայ գետի աջ ափին, 900...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ճալէթ` Երբեմնի Հայաբնակ Շէն Բնակավայր Եւ Աղուանից Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսանիստ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ճալէթ` Երբեմնի Հայաբնակ Շէն Բնակավայր Եւ Աղուանից Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսանիստ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ճալէթի վանք. Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, հայ եւ ուտիական պատմական բնակավայր է Ճալէթ: Անոր շուրջ հայաբնակ շարք մը գիւղեր կային: Այս բնակավայրերը հարուստ են պատմական ճարտարապետական յուշարձաններով եւ եկեղեցիներով, իսկ Ճալէթի Սուրբ Աստուածածին վանքը Աղուանից կաթողիկոսներու աթոռանիստ եղած է: * * * Ճալէթ կը գտնուի Շաքիէն արեւելք եւ Վարդաշէնէն արեւմուտք, Կովկասեան լեռներու հարաւահայեաց լանջին, եւ երեք...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Ուտիական Առնչութիւններ Վարդաշէն` Երբեմնի Շէն Բնակավայր Սիլիկեաններու Տոհմը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Ուտիական Առնչութիւններ Վարդաշէն` Երբեմնի Շէն Բնակավայր Սիլիկեաններու Տոհմը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Զօր. Մովսէս Սիլիկեան Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, Շաքիէն արեւելք եւ մինչեւ Կապաղակ, պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն հոծ թիւով հայեր եւ ուտիներ բնակած են: Այսօր, իբրեւ ազրպէյճանցիներ ներկայացող կովկասեան թաթարները կը փորձեն ապացուցել, որ իրենք հին աղուանական պետութեան ու ժողովուրդին յետնորդներն ու ժառանգորդներն են: Այս ծիրէն ներս, ուտիները, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ աղուաններու յետնորդներ, կ՛օգտագործուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, անոնց միջոցով տէր կանգնելու...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շաքի` Երբեմնի Հայաշատ Գաւառ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շաքի` Երբեմնի Հայաշատ Գաւառ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շաքի Աղուանքի հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Շաքի քաղաքը իր շրջակայ գիւղերով հայաշատ էր եւ հարուստ` հայրենի պատմական յիշատակարաններով: Շաքիի շրջակայ գիւղերէն անուանի է յատկապէս Քիշ, որուն առաքելահիմն եկեղեցին եղած է մեծ ուխտատեղի: * * * Շաքի գաւառը կ՛ընդգրկէ Օրաբան, Արջկան եւ Կախաւան գետերուն միջեւ, Կովկասեան լեռնաշղթայի հարաւահայեաց լանջերէն մինչեւ Զարղունի դաշտ երկարող գօտին: Շաքի քաղաքը կը գտնուի Կովկասեան լեռնաբազուկներու...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանք Աղուանքի կամ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ հայաշատ բնակավայրեր եղած են գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Շամախի հայաշատ կեդրոնական քաղաքին մօտակայքը Գէոքչա աւանն է: Գէոքչայի մէջ բնակութիւն հաստատած են գլխաւորաբար Շամախիէն եւ Շաքիէն տեղափոխուած հայերը: Էվլիա Չելեպի իր ուղեգրութեան մէջ կը յիշէ, որ Գէոքչա մեծ գիւղ է, ունի 700 տուն բնակչութիւն, այգիներ եւ պարտէզներ: Գէոքչայի հայերը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շամախի` Երբեմնի Հայաշատ Բարգաւաճ Քաղաք

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախի` Երբեմնի Հայաշատ Բարգաւաճ Քաղաք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայեր եւ գլխաւորաբար արցախցիք հնագոյն դարերէն սերտ յարաբերութիւն ունեցած են Աղուանքի հետ, եւ պատմութեան ընթացքին աստիճանաբար տարածուելով, գլխաւորաբար Շամախիի, Գէոքչայի, Ջաւադի, Լենքորանի, Շաքիի, Զաքաթալայի, Դերդենդի, Ղուբայի եւ Պաքուի մէջ կեդրոնացած են: Աղուանքի հայութեան գլխաւոր կեդրոնը եղած է Շամախի քաղաքը: * * * Շամախի տարածուած է Կովկասեան լեռնապարի հարաւ-արեւելեան լանջերու ստորոտը, Սուրբ Սահակ (Փիրսահաթ) եւ Զագալաւա գետերու միախառնման վայրին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Հայ-Աղուանական Սերտ Կապեր Եւ Հայերը Բնիկ Տարր Աղուանքի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Աղուանական Սերտ Կապեր Եւ Հայերը Բնիկ Տարր Աղուանքի Մէջ

Արցախ` Աղուանական Հոգեւոր Ժառանգութեան Իրաւատէր ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Աղուանքի մայրաքաղաք Կապաղակի (Կուտկաշէն, Կապալա) պարիսպները Աղուանքի, կամ ներկայիս իբրեւ Ազրպէյճան կոչուող երկրին հետ հայեր առնչութիւն ունեցած են պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն եւ շրջանի բնիկներ եղած են: Աղուաններ սերտ եւ անքակտելի կապեր ունեցած են հայերուն հետ եւ հայոց մշակութային ու հոգեւոր ազդեցութեան ենթարկուած են, իսկ Աղուանից եկեղեցին հայ եկեղեցւոյ կապուած եղած է: Արցախի Առանշահիկներու...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Թատերական Կեանքը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Թատերական Կեանքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մկրտիչ Խանդամիրեան Շուշի Արեւելեան Հայաստանի մշակութային մեծ կեդրոն էր: Շուշիի մէջ թատերական աւանդութիւնները ձեւաւորուեցան ԺԹ. դարու կէսերուն: Շուշիի թատերական պատմութիւնը քաղաքի մշակութային կեանքի աշխուժ դրսեւորումն էր: Թատրոնը Շուշիի մէջ դարձաւ կրթիչ եւ հանրօգուտ ժամանցի, ինչպէս նաեւ ընկերային շփումներու վայր: Առօրեան ու մշակոյթը, յոյզերն ու զգացումները, գաղափարներն ու քաղաքական ձգտումները միահիւսուած էին թատրոնին շուրջ: Շուշիի մէջ թատերական առաջին ներկայացումը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշեցիներու Ապրելակերպը Եւ Բարքերը

Քաղաքային Ակումբ Եւ Զբօսայգի Համքարութիւններ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի, մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ, մշակութային մեծ կեդրոն էր: Հոն կը գործէին շարք մը դպրոցներ, կը հրատարակուէին գիրքեր եւ պարբերականներ եւ կը զարգանային արուեստներն ու արհեստները: Քաղաքին բնական դիրքը, առողջարար կլիման եւ իւրայատուկ ճարտարապետութիւնը նպաստած են անոր արագ զարգացման: Շուշիի բնակարանները երկու-երեք յարկանի էին, կղմինտրածածկ, գեղակերտ դարպասներով եւ պատուհաններով ու փայտէ պատշգամներով: Տուները պարտէզներով...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Պարբերական Մամուլ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Պարբերական Մամուլ

«Փայլակ», «Ապառաժ» Եւ «Նեցուկ» Թերթերը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մէջ պարբերական մամուլի զարգացումը անխզելիօրէն կապուած է Շուշիի հետ: Շուշիի մշակութային աննախընթաց վերելքը շարունակուեցաւ շուրջ մէկ դար: Շուշիի պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ շուշեցի Նիկողայոս Տէր Աւետիքեանի «Քնար խօսնակ» գրական պարբերական ժողովածուն: «Քնար խօսնակ» պարբերականը լոյս տեսաւ 1881-ին եւ ունեցաւ միայն մէկ համար: Նիկողայոս Տէր Աւետիքեան ինք խմբագրեց պարբերականին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի մէջ հրատարակչական գործունէութիւնը Ի. դարուն սկիզբը շարունակեց զարգանալ: Եղիսաբէթ Մահտեսի Յակոբեանց, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի դուստրը, 1901-1904 տարիներուն հօր տպարանէն լոյս ընծայեց չորս գիրքեր. «Յիշատակարան Ղարաբաղի (Արցախի) հայոց թեմական հոգեւոր դպրանոցի» (1901), Ինգլէս Հ. Դ. «Խեցիներ ժողովող Սիեօր Գօդօլիի պանդխտութիւնը: Անգլերէնից թարգմանեց Աշոտ Բայանդրեան» (1903), Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա. գիրք. Ներածութիւն եւ աղբիւրներ» (1903,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Հայկական Տպարանները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախ հինէն ի վեր հոգեւոր կեանքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն եղած է, եւ արցախցիք հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած են: Արցախի մէջ հրատարակչութեան եւ պարբերական մամուլի զարգացումը պայմանաւորուած էր Շուշիի արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու հանգամանքով: Տնտեսական զարգացումը նպաստեց մշակութային զարթօնքին: Շուշի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օճախ դարձաւ: Հայ գիրքի տպագրութիւնը սկիզբ առած է հայրենիքէն հեռու` Վենետիկի մէջ,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեգործական Ընկերութիւնները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեգործական Ընկերութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի մէջ կրթական, մշակութային եւ բարեգործական շարք մը ընկերութիւններ հիմնուեցան, որոնք բոլորանուէր գործունէութիւն ծաւալեցին, դպրոցներ բացին, գիրքեր հրատարակեցին, դասընթացքներ կազմակերպեցին եւ աշակերտներու օժանդակութիւններ տրամադրեցին ու թատերական ներկայացումներու ձեռնարկեցին: Կատարուեցան նաեւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ: * * * Դպրոցասէր հայուհեաց ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1864-ին, Շուշիի մէջ, Պետրոս Շանշեանի եւ Պերճ Պռոշեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ստեփանոս արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ: Ընկերութեան անդամագրուեցան աւելի քան քառասուն կանայք:...

Page 1 of 12 1 2 12

Արխիւներ