Հայրենի Բեմերու Խաղացանկը Յետաղէտ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Սովորական.- Կը գտնուինք նոր թատերաշրջանի սեմին: Մօտիկ անցեալին «Ազդակ»-ի մէջ երկու բաժնով լոյս տեսած «Հաւաքական խոցի բեմականացումը» յօդուածին վերջաբանը ստուգելու առաջադրանքով գրաւոր դիմեցի ինծի ծանօթ աւելի քան տասը հայրենի թատրոններու` խնդրելով ստանալ անոնց յետ քառօրեայ պատերազմ, կամ առնուազն յետարցախեան աղէտ խաղացանկերը: Ինչպէս հաւանաբար ընթերցողը գուշակեց, թատերախումբերուն մեծամասնութիւնը անտեսեց խնդրանքս: Երկու թատերախումբեր տուին ներկայ խաղացանկերը, որոնք արդէն իսկ տեսանելի...