Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց լոսանճելըսաբնակ հասարակական գործիչ, գրող Մինաս Գոճայեան՝ ընկերակցութեամբ  լիբանանահայ մամուլի աշխատակից Աւետիս Չափարեանի եւ ուսուցիչ Աւետիս Տիպանի։ Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին առիթ եղաւ խորհրդակցելու սփիւռքահայ մամուլի հարցերուն մասին։ Մինաս Գոճայեան «Ազդակ»-ին նուիրեց իր հեղինակած յուշագրական բնոյթի «Փիւնիկեան ափերէն»-ի առաջին հատորը։ Հատորին կ՛անդրադառնանք առանձին։ «Ազդակ»-ի այցելուներէն նաեւ սուրիահայ բանասէր, մտաւորական Լեւոն Շառոյեան։ Լեւոն Շառոյեանի հետ զրոյցը յատկապէս կեդրոնացաւ «Ազդակ»-ի...

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Սերունդներու կազմաւորման մէջ էական դեր ունին հայ ուսուցիչները, որոնց նուիրական աշխատանքով կը կրթուին եւ կը դաստիարակուին պատանիները` ազգային շունչով եւ արժէքները պահպանելու գրաւականով: Համաշխարհային նորօրեայ պայմաններուն եւ Լիբանանի դիմագրաւած բազմատեսակ տագնապներուն դէմ յանդիման, առաւել եւս կը դժուարանայ հայ ուսուցիչին առաքելութեան գործնականացումը, որովհետեւ երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապները ե՛ւ անհատական առումով ե՛ւ հաւաքական հասկացողութեամբ ստեղծեցին նոր մարտահրաւէրներ: Սակայն, այս բոլորին դիմաց, մեր ուսուցիչները...

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

«Արցախը մե՛րն է», «Մե՛նք ենք Արցախը», «Կեցցէ՛ արցախահայութիւնը» եւ նման կարգախօսներով լիբանանահայութեան բոլոր շերտերը երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի դիմացէն իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնեցին արդէն իսկ 45 օրերէ ի վեր շրջափակման մէջ եղող, կենցաղային, մարդկային, առողջական, ջեռուցման, սնունդի, դեղորայքի եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնած, սակայն պայքարող եւ իր...

Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Քուէթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ, իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած հայ ուսանողներուն։ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը այս տարի եւս գործադրելու տրամադրութեամբ, պարոն Կիրակոս կը գնահատէ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի հայ ուսանողները, մրցակցութեան առողջ ոգիով իրենց ձեռքբերած արդիւնքներուն համար...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Ն. Բ. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեակին առիթով նախորդ շաբաթավերջին` 19-20 մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական իւրայատուկ եւ բարձրորակ համերգ մը, որ վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող տարբեր տագնապներուն պատճառով լիբանանահայութեան ապրած կիսանադամալոյծ կեանքին մէջ ներմուծեց նոր եռանդ, արուեստի յիշատակելի պահեր ապրելու վայելք եւ դրական տրամադրութիւն: Երկու օրերուն ալ ամբողջովին...

Տոքթ. Մայք Սարեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

Տոքթ. Մայք Սարեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ  Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի տարի»-ն լաւագոյնս արժեւորելու նպատակով, 2022-ի առաջին օրէն սկսեալ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ իր հօտի բոլոր զաւակներուն` օժանդակութեան ձեռք մեկնելու սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, ի մասնաւորի` լիբանանահայութեան: Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 1 փետրուար 2022-ի կէսօրին, առաջնորդը ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի կեանքին մէջ ծանօթ...

Հաղորդագրութիւն.  Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան

Հաղորդագրութիւն. Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարան

Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական բաժինը ուսանողներուն կ՛առաջարկէ պսակաւոր արուեստի (Bacherlor of Arts) եւ վարպետութեան արուեստից (Master of Arts) կրթական աստիճաններ, որոնք կ՛ընդգրկեն պատմութիւն եւ հայագիտութիւն ուղղութիւններ: Ծրագիրը կը ներառէ համաշխարհային, հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ գրականութեան, հայերէն եւ հունգարերէն լեզուներու, արուեստի եւ քննական տեսութեան դասեր` մանրամասնօրէն անդրադառնալով նաեւ հայկական սփիւռքին: Դասաւանդման լեզուն անգլերէն է: Ներկայիս...

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր` հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումին համար, միացեալ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումին, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացման, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրման եւ հասանելիութեան ապահովման, «Հայ գիրք» եւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Աշխատանքային Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Աշխատանքային Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական խորհուրդներու աշխատանքային սեմինար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու Սկաուտական խորհուրդներն ու միաւորի խմբապետները. ներկայ էին նաեւ Շրջանային խմբապետութենէ անդամներ եւ Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչը: Սեմինարին նպատակն էր, սկաուտական աշխատանքներու վերամուտի սեմին,  մասնաճիւղերու մօտ ստեղծել միօրինակութիւն,  ճիշդ եւ...

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

Նոր Մահացած Այնճարցի Արուեստագէտներու` Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի, Տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի Եւ Վրէժ Թասլաքեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կելըրի»-ին, հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտներու` Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի, տոքթ. Արթօ Նիքոլեանի եւ Վրէժ Թասլաքեանի յիշատակին գեղանկարչական ցուցահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեանը, որ Համազգայինի...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը` մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու: Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն եկած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ը: Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ...

Խանասորի Արշաւանքի 124-Ամեակի Ոգեկոչում Կիպրոսի Մէջ

Խանասորի Արշաւանքի 124-Ամեակի Ոգեկոչում Կիպրոսի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 յուլիսի 2021, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ- ՀՄԸՄ Մարզադաշտի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ ընկ․ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ ընկ․ Արթօ Դաւիթեան,...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

Կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ անդամներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանը: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեկուսի շրջանի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ փուլին...

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը`  Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը` Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Նոր ու արհեստավարժ միջոցները կրճատեցին հեռաւորութիւնները, ժամանակները, եւ ամբողջ աշխարհը դրին ափիդ մէջ: Հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու հարազատ մը տեսնելու համար, ա՛լ պէտք չունինք ժամերով թռիչք կատարելու, հիմա արդէն կը տեսնենք զինք ու կը լսենք մեր ձեռնահեռաձայնի պատուհանէն: Ա՛լ պէտք չունինք անոնցմէ օրերով սպասելու լուսանկարի մը, երկվայրկեաններու մէջ ափիդ մէջ կ՛ըլլայ այդ: Սակայն 2019-ին ծայր առաւ համաճարակ, որ աստիճանաբար իր քողը...

Գոյժ. Տիկին Լիզա Կապուտեանի

Գոյժ. Տիկին Լիզա Կապուտեանի

Քալիֆորնիոյ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը մեծ ցաւով կը գուժէ իր վաստակաշատ եւ անզուգական ատենապետուհիին՝ տիկին Լիզա Կապուտեանի, վաղահաս մահը: Տիկին Կապուտեան տասնամեակներով եղած է դաստիարակ, տնօրէն եւ ուսուցիչ: Ազգային վարժարաններու մէջ սկսած է ծառայել՝ իբրեւ ուսուցիչ, ապա հանրային վարժարաններու մէջ տնօրէնի եւ վերակացու տեսուչի վարչական պատասխանատու պաշտօններ վարած է առաւել քան 25 տարիներ: Ազգային կեանքի մէջ կենսունակութեամբ գործած եւ անշահախնդրօրէն...

«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան

«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան

«Ազդակ»-ի 30-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 մայիսին, դասախօսեց ԹՈՒՄՕ ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Բեկոր Փափազեան: Նիւթ` «Հայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է քայլ պահել արհեստագիտական նոր եզրաբանութեան եւ ընկերային ցանցերուն հետ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Բեկոր Փափազեան նախ հաստատեց, որ 80-ական թուականներուն երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր ստեղծելու տեղեկագիտութեան առնչուած հայերէն նոր բառեր: Ըստ անոր, Հայաստանի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106- ամեակի առցանց ոգեկոչումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սարին Քէօֆթէեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան`  ըսաւ. «Եղեռնի սրբադասուած զոհերուն միացած են արցախեան 44 օրուան գոյամարտի...

Ինքնաշարժներու Երթ` ԼԵՄ- ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Ինքնաշարժներու Երթ` ԼԵՄ- ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Նախաձեռնութեամբ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլին կատարուեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որ ընթացք առաւ Զալքայէն` «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին առջեւէն, շրջանի բոլոր թաղերէն անցնելէ ետք անիկա հասաւ Պսալիմ, ապա` Պուրճ Համուտ, Ֆանար, Ժտէյտի, ապա կրկին Զալքա: Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած երթին նպատակն էր հանրութիւնը յիշեցնել, որ 106 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուեցաւ մարդկութեան դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրներէն Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն համար...

Ապրիլ 24-ի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Ապրիլ 24-ի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջապահական թէ ընկերային զանազան տագնապներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը փափաքեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը նշել իւրայատուկ ձեւով, վարժարանին շրջափակին մէջ: «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակը չէր կրնար արգելք հանդիսանալ հայ աշակերտին` Ապրիլ 24-ի նախօրեակին իր յարգանքը մատուցելու 1915-ի Եղեռնի զոհերուն: Երկուշաբթի, 19 եւ երեքշաբթի, 20 ապրիլին վարժարանի բոլոր բաժանմունքներուն` մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները դպրոց ներկայացան`...

Մոմավառութիւն, Ստորագրահաւաք Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Լէյլաւանի Մէջ

Մոմավառութիւն, Ստորագրահաւաք Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Լէյլաւանի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ յիշատակում, մոմավառութիւն, ստորագրահաւաք եւ գեղարուեստական յայտագիր` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, շրջանի միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Լէյլաւանի ու շրջակայ շրջաններու հայորդիներուն: Ներկաները հերթաբար ստորագրելով` հաստատեցին, որ Թուրքիան մեր թշնամին է, եւ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի: Գեղարուեստական...

Page 1 of 68 1 2 68

Արխիւներ