Յօդուածներ

100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

Մօր Ձեռքերը

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ Այս ձեռքերը` մօ՜ր ձեռքերը, Հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը... Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը... Պսակուելիս ո՜նց են պարել այս ձեռքերը` Ի՜նչ նազանքով, Երազանքո՜վ: Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը... Լոյսը մինչեւ լոյս չեն մարել այս ձեռքերը, Առաջնեկն է երբ որ ծնուել, Նրա արդար կաթով սնուել: Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը... Զրկանք կրել, հոգս են...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաք. «Գայիանէի Երգչախումբ»-ի Մասնաճիւղեր…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փակման կամ տեղափոխութեան, «համալսարանական աւան»-ի ծրագիրին մասին (հանրութեան ուշադրութիւնը էական հարցերէ շեղելու միտող) խօսքի աճուրդի սակարանին ու նման «հնարքներու» խոհանոցին ծանօթներ նոր բացայայտում մը կատարած են (եղեր) եւ ցնծութեամբ կ՛աւետեն. - Ուրա՛խ լեր, հա՛յ ժողովուրդ: Ս. Ծննդեան տօնէն շա՜տ առաջ իշխանաւորներդ մե՜ծ աւետիս մը ունին քեզի: Որոշեր են Կոմիտաս վարդապետի կնիքով հռչակաւոր դարձած «Գայիանէի երգչախումբ»-ը...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Մտորումներ` Գիրքի, Գրադարանի Եւ Լեզուի Փոշոտ Ուղիներու Վրայ

 Յ. ՊԱԼԵԱՆ Բազմանուն մակդիրներով սոսկ ծագումով հայ ըլլալու տանող փապուղիի վրայ խուփ աչքերով կ՛ընթանանք: Դէպի ո՞ւր եւ ի՞նչ ընելու: Վերջնական կայանները պիտի կրեն ծանօթ-անծանօթ երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով «հայութիւններ». լեհահայ, թրքահայ սպանահայ, լիբանանահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, չինահայ` ապուխտի պէս շերտելով իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ-ը: Շերտելով նաեւ շերտերը, բազմապատիկ անուններով, ինչպէս` հալէպահայ, պոլսահայ, մարսիլիահայ, արդէն լոսանճելըսահայ, նիւեորքահայ, իրլանտահայ, ալասքահայ... Պիտի գայ օր, երբ այդ...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

ՀՅԴ Հայաստանեան Կառոյցը Արցախեան Պայքարի Ծնունդ Է

Հարցազրոյց` Հրապարակախօս, «Դրօշակ» Պաշտօնաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Արտաշէս Շահբազեանի Հետ Հարցազրոյցը` ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԱԼԻՔ».- Կը պատմէ՞ք, թէ ինչպէ՛ս վերստին Հայաստանում ձեւաւորուեց Դաշնակցութեան կառոյցը: Դրա ձեւաւորման սկզբնական օրերից դուք եւս մասնակից էք եղել գործընթացին, ի՞նչ պայմաններում եւ ինչպէ՞ս կեանքի կոչուեց այն, ինչպէ՞ս արդիւնաւորուեց ազգի սերուցքի համախմբումը ազգային նոր պայքարի համար: ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ.- Երբ արցախեան ազգային զարթօնքը 1988 թուականին ընթացք առաւ, Խորհրդային Միութիւնը...

Ալտոսթերոնն Ու Ֆերիթինը Եւ Անոնց Քննութիւնները

Ալտոսթերոնն Ու Ֆերիթինը Եւ Անոնց Քննութիւնները

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ի՞նչ է ալտոսթերոնի (ALD) քննութիւնը Ալտոսթերոնի քննութիւնը ձեր արեան կամ մէզին մէջ կը չափէ ալտոսթերոնի (ALD) քանակը: Ալտոսթերոնը հորմոն մըն է, որ կ՛արտադրուի ձեր մակերիկամային գեղձերու կողմէ (adrenal glands)` այն երկու փոքր գեղձերը, որոնք կը գտնուին ձեր երիկամներուն վրայ: Ալտոսթերոնը կ՛օգնէ ձեր արեան ճնշումը կայուն պահելու: Գեղձերը այս մէկը կ՛ընեն` նպաստելով արեան մէջ երկու ելեկտրալոյծերու` նատրիոմի (Na) եւ...

100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

Հայկական աշխարհը կը նշէ մեծն Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակը: Անմահանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իրաւամբ եղած է հայ ոգին լաւագոյնս արտայայտող քերթողը, եւ կասկածելի պայմաններու մէջ ինքնաշարժի արկածի զոհ դառնալը երբեք մոռացութեան քողին տակ չծածկեց սեւակեան հանճարը, մեծանուն բանաստեղծին բերած նպաստը հայ գրականութեան եւ քերթողութեան մարզերուն մէջ: Հանճարեղ Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ տեղի կ՛ունենան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անթալիայէն Արցախ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անթալիայէն Արցախ

«Պատերազմի հիմնական հետեւանքը ո՛չ թէ անպայման շնչող էակներու, այլ մարդ էակին աշխատանքով արտադրուածի՛ն ոչնչացումն է» ՃՈՐՃ ՕՐՈՒԷԼ (1903-1950, բրիտանացի գրագէտ) Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած դիւանագիտական գիտաժողովի օրերուն, երբ բեմահարթակին վրայ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, կը քննարկուէր, այսպէս կոչուած, կառուցողական «Խաղաղութիւն, զարգացում եւ փոխկապակցուածութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթը, ճի՛շդ նոյն օրերուն ամայացուած եւ բռնախլուած Ստեփանակերտի մէջ այլ տեսակի «կառուցողական» գործ կը տարուէր, այսինքն...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Խօսելու Եւ Լռելու Ժամանակներ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Կան պահեր, երբ խօսիլը օրհնութիւն է: Կան նաեւ պահեր, երբ լռութիւնը օրհնութիւն է: Խօսիլը բանաւոր եւ բերանացի արտայայտութիւն մըն է, որ մարդ արարածին աստուածատուր պարգեւներէն մէկն է: Իրօք, մտածել եւ զայն լեզուով արտայայտել աստուածային յատկանշական շնորհ մըն է, որ հաղորդակից կը դարձնէ մարդը իր նմաններուն հետ: Անասուններ կան, որոնք որոշ չափով իրենց զգացումները կ՛արտայայտեն մարմնական...

Յակոբ Յակոբեան (ԻԷ.)  Մեր Վերջին Հանգրուանը, Կամ`  «Մարդկային Վերաբերմունքի Բացակայութենէն…»

Յակոբ Յակոբեան (ԻԷ.) Մեր Վերջին Հանգրուանը, Կամ` «Մարդկային Վերաբերմունքի Բացակայութենէն…»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, 1973, Ձմեռ Սիրելի՛ ընթերցող, Երբ ընկերոջս` Լեւոնի (Չուքասզեան) ներկայութեան խօսք բացուեցաւ Յակոբեանի արուեստանոցը այցելելու մասին, ինք եւս ցանկութիւն յայտնեց հետս գալու... Մինչ այդ, թէեւ Ռազմիկենց (Դաւոյեան) տունը հանդիպած էի անոր քանի մը անգամ, սակայն տակաւին անոր արուեստանոցը չէի այցելած: Լաւը այն եղաւ, որ երթալէ առաջ Լեւոնը որոշ տեղեկութիւններ տուաւ Յակոբեանի եւ անոր արուեստի տեսակին, բնոյթին ու որակին...

Ոտնակոխ Տունը

Հայրենի Բեմերու Խաղացանկը Յետաղէտ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Սովորական.- Կը գտնուինք նոր թատերաշրջանի սեմին: Մօտիկ անցեալին «Ազդակ»-ի մէջ երկու բաժնով լոյս տեսած «Հաւաքական խոցի բեմականացումը» յօդուածին վերջաբանը ստուգելու առաջադրանքով գրաւոր դիմեցի ինծի ծանօթ աւելի քան տասը հայրենի թատրոններու` խնդրելով ստանալ անոնց  յետ քառօրեայ պատերազմ, կամ առնուազն յետարցախեան աղէտ խաղացանկերը: Ինչպէս հաւանաբար ընթերցողը գուշակեց, թատերախումբերուն մեծամասնութիւնը անտեսեց խնդրանքս: Երկու թատերախումբեր տուին ներկայ խաղացանկերը, որոնք արդէն իսկ տեսանելի...

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Իրաւատիրութիւն Եւ Պահանջատիրութիւն

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Պահանջատիրութիւնը առանց իրաւատիրութեան` անիմանալի է, սակայն անիկա ժամանակի ընթացքին սրբագործուած է եւ առանձին կը գործածուի: Կը կարծեմ, որ տարբերութիւն կայ անոնց իմաստներուն եւ թելադրանքներուն միջեւ: Պահանջելը խօսակիցէ, հակառակորդէ, կամ բարեկամէ պահանջ կ’ենթադրէ, մինչդեռ իրաւատիրութիւնը ենթակայի գործառոյթ է: Ինչ խօսք` երկուքն ալ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ տեղ եւ կիրարկութիւն ունին: Մինչ այդ առաջարկս նրբութիւններուն շուրջ համաձայնիլն է`...

Պահանջ Ու Պահանջատիրութիւն

Պահանջ Ու Պահանջատիրութիւն

ԹՈՎՄԱՍ ԿՈՐԿԻՍԵԱՆ Երբեմն հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ է պահանջատիրութիւնը: Այլ խօսքով` ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել զայն: Պահանջատիրութիւնը լաւ ճանաչելու համար  հարկ է գիտնալ, թէ ի՛նչ է պահանջը, եւ ո՞վ է պահանջատէրը: Պահանջը ի՞նչ բնոյթ ունի: Անձնակա՞ն է, թէ՞ հաւաքական: Եւ այդ պահանջը անհասանելի երա՞զ մըն է, թէ՞ իրականալի բաղձանք: Այդ պահանջը հետապնդելու հոգեվիճակը ներկա՞յ է, թէ՞ ոչ: Պատրա՞ստ ես...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Հրաչ Փափազեան. Հայ «Նեմեսիս»-ը, Հետախոյզ Առասպելն Ու Ազգային-Պետական Գործիչը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ յաճախ կը հանդիպինք յանձնառու առաքելութիւններ ստանձնող անձնուրացներու, ճառագայթող անուններու: Այս յօդուածով յաւելեալ լոյս կը սփռենք վերոնշեալ փաղանգին մաս կազմող առասպելական անձի մը վրայ, որ իր կեանքն ամբողջութեամբ նուիրաբերեց իր ազգին: Արժանի գնահատականի ու համընդհանուր ճանաչումի համար թուղթին կը յանձնենք անոր խիստ կարեւոր ու անփոխարինելի դերը, նաեւ անհաւատալի հնարագիտութիւնը՝ իբրեւ ընդյատակեայ աշխատանքներու...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Գրախօսական. Շահեկան Հատոր Մը Հնչակեան Կուսակցութեան Քաղաքականութեան, Գաղափարախօսութեան Եւ Անդրազգային Պատմութեան Մասին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ The Armenian Social Democrat Hnchakian Party: Politics, Ideology and Transnational History, ed. Bedross Der Matossian, I.B. Tauris, London, 2024, pp. 275. Այս տարուան սկիզբը Լոս Անճելըսի մէջ հրապարակուեցաւ շահեկան հատոր մը՝ «Հայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ անդրազգային պատմութիւնը» խորագրով։ Հատորը խմբագրած է Պետրոս Տէր Մաթոսեան, որ Նեպրասքա-Լինքոլնի համալսարանի ժամանակակից Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան փրոֆեսոր...

ՎԱԽ

Պահեցողութիւն

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Պահքը մեր քաղաքին կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է, աւելի կարեւոր, քան` Կաղանդը, Զատիկը, նոյնիսկ Ս. Սարգիսի երեք օրերուն ծոմապահութիւնն ու անոր յաջորդող նախաճաշի «շռնդալից» հաւաքները: Թերեւս այս կարեւորութիւնը կու գայ այն իրողութենէն, որ հալէպահայ կիներն ու աղջիկները, որոնց մեծամասնութիւնը չէր աշխատեր այն օրերուն, պահեցողութեան քառասուն երկար օրերու ընթացքին ընելիք բան կը գտնեն եւ ատով իսկ կ՛ունենան շատ ինքնագոհ վիճակ...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Հոլիվուտ Առաջարկած Է Ալիեւի Եւ Էրտողանի Մասին Քարոզչական Ժապաւէններ Նկարահանել Նիւթական Գումարի Դիմաց

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ի (OCCRP) հետաքննող լրագրողներու խումբը  բացայայտած է, որ Հոլիվուտի արտադրողներէն մէկը ծրագրած է քարոզչական ժապաւէններ նկարահանել` փառաբանելով քանի մը բռնապետ ղեկավարներ, միլիոնաւոր տոլարի դիմաց: Ուքրանական ծագումով, ներկայիս ԱՄՆ քաղաքացի Իկոր Լոփաթեոնոք, օսքարակիր ժապաւէնի բեմադրիչ Օլիվըր Սթոնի հետ համագործակցութեամբ, նախ Ուքրանիոյ մասին նկարահանած է վաւերագրական երկու ժապաւէններ, որոնք...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 4. Սահմաններէն Անդին` «Անելիքներ»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Քո Չարենցին լեզու տուող երկի՛ր Հայաստան, Հազար ու մի երգ ես տեսել,- էլի՛ կը տեսնես»: Ե. ՉԱՐԵՆՑ Նախորդ սիւնակով փորձեցինք ուրուագծել այն նախադրեալները, որոնք ընդիմադիր շարժումը կրնան աւելի՛ խոստմնալից գործի դաշտ նետել: Հոն առաւելաբար կեդրոնացանք ներքին ոլորտի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս սիւնակով փորձ պիտի կատարենք, նմանապէս` ուրուագծային մօտեցումով, հասնելու Հայաստանի սահմաններէն անդին տարածուող աշխատանքի դաշտերուն` մի՛շտ շեշտելով, որ ներքին...

Վկայութիւն Մը` Լենա Եարտըմեանի Մասին

Վկայութիւն Մը` Լենա Եարտըմեանի Մասին

ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ Արդէն տարի մը անցած է Լենա Եարտըմեանի (ծնեալ` Գասարճեան)` կողակիցը Պէյրութի ծանօթ ազգայիններէն Հայկազ Եարտըմեանի, այս աշխարհէն աչքերը փակելուն: Զայն վաղուց ճանչցած էի` իբրեւ Զոքաք Պլաթի մեր թաղեցին, մեր բնակարանը դէմ դիմաց էր իրենց բնակարանին: Հալէպէն Գասարաճեաններուն Պէյրութ ժամանումէն ետք Լենան յաճախած էր, եղբօր` Յակոբին հետ, Մեքսիք փողոցին վրայ նոր փոխադրուած Հայ աւետ. քոլեճը, ուր ես ալ կ՛ուսանէի:...

Լիբանան

Տուներուն Հետ

ՓԱՆՈՍ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Կար ժամանակ, տուներն իրարու մօտ էին այնքա՜ն . մէկուն գիշերն ընդարձակ, ցակապատուած առօրեայովը միւսինտան մը քաղցր մթնոլորտը կը լուսէր... Յետմիջօրէն կ՛արտաշնչէր ստուերներ սալորենիին գաղջ փաղաքշանքով աղջկան դիմանկարներ շրջանակելու: Մեր մանկութեան թախծասեւեռ յոյզերով, տուներու սպիտակ կտուրներուն հեղեղուած աստղեր, կորուսեալ հայրենիքի մասին, չլուսցող միտքեր կը լուսաբանէին: Ոմանց համար, աստղերն այդ հայրենաւանդ սօսիներու շուքերուն զոհուած հարազատի արեան ցայտքեր էին երկինքի անեզրութիւնն...

Մինչեւ Ե՞րբ

Լիբանանի Մէջ Քաղցկեղի Համեմատութիւնը Կը Բարձրանայ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Տնտեսական տագնապի եւ հարաւի պատերազմի մթնոլորտին վրայ վերջին ամիսներուն կու գայ աւելնալու այլ մտահոգութիւն մը: Արդարեւ, շրջանային թէ լիբանանեան վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ քաղցկեղի հիւանդութենէն տառապողներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացած է Լիբանանի մէջ: Արդարեւ, Միջին Արեւելքի եօթը երկիրներու մէջ վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լիբանանը` իբրեւ բնակչութեան թիւ ու քաղցկեղէ տառապողներու թիւ, ամէնէն բարձրն է: Երկրորդը Եգիպտոսն է,...

Page 1 of 912 1 2 912

Արխիւներ