Գառնիկ Դանիէլեան. «Փաշինեան Այգեպարցիներուն Յայտնած Է, Որ 4 Գիւղերը Պէտք Է Անյապաղ Յանձնել, Այլապէս` Պատերազմ Պիտի Ըլլայ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անակնկալ այցելութիւն տուած է Տաւուշի մարզ: Այցելութեան մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Դանիէլեան ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարած է եւ նշած, որ Փաշինեան Ոսկեպար համայնքին մէջ հանդիպում մը ունեցած է բնակիչներուն հետ` մարզպետին, Նոյեմբերեան խոշորացուած համայնքի ղեկավարին եւ քանի մը գիւղերու վարչական ղեկավարներուն ներկայութեամբ: Նշեալ հանդիպումին ներկայ...