Sunday May 19, 2013

Ճատրակ. Ճեմարան Զօրաւոր Կազմով Մը Կը Մասնակցի Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութեան

By adminx - Fri Nov 02, 6:05 am

Ինչպէս ծանօթ է կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, Ուահտէ Ռիատիէի մէջ (Պիր Հասան) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ կրթութեան նախարար Հասան Տիապի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:

Ֆետերասիոնին կողմէ մասնակցող վարժարաններուն տրուած պայմանաժամը աւարտած ըլլալով, ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան մասնակցող երկսեռ աշակերտներուն, անիկա անոնցմէ ստացաւ ֆաքսեր եւ ե-նամակներ` պատրաստել կարենալու համար մրցումներուն յայտագիրը:

Իւրաքանչիւր վարժարան իրաւունք ունի մրցաշարքին մասնակցիլ 20 երկսեռ աշակերտով:

Ճեմարանին կողմէ «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական էջի խմբագիրին հասած ե-նամակէն կ՛իմանանք, որ անիկա բաւական զօրաւոր կազմով մը կը մասնակցի այս ախոյեանութեան, 17 մասնակցող աշակերտներուն մէջ ունենալով չորս ախոյեաններ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ախոյեանութեան մասնակցող Ճեմարանի աշակերտներուն անունները (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց ծննդեան թուականները).

Հրակ Գըլըպոզեան, Ալեքս Էլպեքեան, Վարագ Սապունճեան (1998), Յակոբ Թաշճեան (1999), Քարլօ Դարբինեան, Հայկ Աւետիս, Վարագ-Կայծ Չաքըրեան, Լոռի Քորեսեան (2000), Արի Աւետիս (2001), Կարէն Խալոյեան, Լեւոն Գալայճեան (2002), Հրայր Գասապեան, Նարօտ Գըլըպոզեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, Լոռի Պէրպէրեան (2003), Հրակ Լախեան (2004) եւ Ցոլեր Գէորգեան (2003):

 

 

Leave a Reply

Advertisement