Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Օպամային
By adminx - Fri Nov 02, 7:54 am
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահը ցաւակցական հեռագիր յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` երկրին պատուհասած բնական աղէտին` «Սենտի» աւերիչ փոթորիկին առնչութեամբ:
Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ձերդ գերազանցութիւն,
խորապէս ցնցուած ենք ամերիկեան ցամաքամասը պատուհասած «Սենտի» աւերիչ փոթորիկի հետեւանքներէն. փոթորիկ մը, որ խլեց տասնեակ անմեղ կեանքեր ու պատճառեց ահռելի նիւթական վնասներ:
Կիսելով ձեր եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի վիշտն ու ցաւը` բոլոր զոհուածներու հարազատներուն կը մաղթեմ ոգիի արիութիւն, իսկ տուժած շրջաններուն` շուտափոյթ վերականգնում»:
Հանդիպում` Յունաստանի Դեսպանին Հետ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Թաղիս:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ իր աշխուժ գործունէութեամբ ան նշանակալի ներդրում ունենայ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման գործին մէջ: Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները հիմնուած են դարաւոր ու պատմականօրէն ձեւաւորուած աւանդութիւններու վրայ, եւ Հայաստան շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւններուն պահպանումով ու զարգացումով:
Դեսպան Թաղիս վստահեցուց, որ ջանք պիտի չխնայէ պաշտօնավարման ընթացքին լաւագոյնս ծառայելու եւ իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու` յանուն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ երկու պետութիւններուն միջեւ կապերու յաւելեալ ամրապնդման: Դեսպանը նշեց, որ 2011 թուականին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պետական այցելութիւնը Յունաստան վերահաստատեց Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու` կողմերու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպման աւարտին նախագահը յաջողութիւն մաղթեց Յունաստանի դեսպանին` իր կարեւոր առաքելութիւնը իրականացնելու գործին մէջ:
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print




