Wednesday Jun 19, 2013

Իշխանութիւնը «Վիրահատական Ձեւեր» Կը Խոստանայ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

By adminx - Fri Nov 02, 7:52 am

Տիգրան Սարգսեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ կառավարութեան նիստին օրակարգին անցնելէ առաջ յայտնեց, որ ինք եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան զրուցեցին Հայաստանի մէջ փտածութեան  դէմ պայքարը զօրացնելու մասին:

«Այն իրավիճակը, որ որոշակիօրէն փտածութեան մարզին մէջ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, մեզի չի բաւարարեր: Հանրապետութեան նախագահը վճռական գործողութիւններ կը պահանջէ, որոնց շարքին` վիրահատական ձեւերու կիրարկում, որպէսզի այստեղ յաջողինք այնպիսի փոփոխութիւններ կատարել, որոնք պիտի ըլլան շօշափելի եւ տեսանելի»,  ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետը յայտնեց, որ ուրբաթ օրը փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի նիստ կազմակերպած է: «Որպէսզի այս մարզին մէջ մենք ունենանք յաջողութիւն, կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է էապէս զօրացնել համագործակցութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան հետ», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Վարչապետը կառավարութեան անդամներէն խնդրեց ներկայացնել, թէ ո՛ր հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կը համագործակցին նախարարութիւնները փտածութեան դէմ պայքարին մէջ, որպէսզի անոնք նոյնպէս ներգրաւուին այդ քննարկումներուն մէջ:

«Կը կարծեմ, որ ճիշդ պիտի ըլլայ նաեւ հրաւիրել ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որպէսզի անոնք մեզի հետ համագործակցին եւ ներգրաւուած ըլլան այս աշխատանքներուն մէջ: Պարոն Սարգսեան, ապահովեցէ՛ք, որպէսզի վաղը թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւնները, թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւնները նոյնպէս մասնակցին մեր խորհրդակցութեան», ըսաւ վարչապետը` դիմելով կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին:

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան նիստէն անմիջապէս ետք գործադիրէն հեռաձայնած են իրենց կուսակցութեան եւ խնդրած են, որ Դաշնակցութենէն որեւէ մէկը ներկայ ըլլայ հակափտածութեան խորհուրդի նիստին:

«Պիտի մասնակցինք խորհուրդի նիստին, բայց զուտ քաղաքական բարոյագիտութիւնը պահելու տեսանկիւնէն: Հանրապետութեան վարչապետը հրաւիրած է, պիտի երթանք, ներկայ ըլլանք, բայց հակափտածութեան այս խորհուրդը, որ արդէն տասը տարի է ի վեր կը գործէ, իր արդիւնաւէտութեամբ երբեք աչքի չէ ինկած, եւ մենք անոր հետ որեւէ յոյսեր չենք փայփայեր», ըսաւ Վարդանեան:

Ա. Վարդանեան վերահաստատեց արտակարգ լիազօրութիւններով եւ կարելիութիւններով օժտուած հակափտածութեան գործակալութիւն ստեղծելու ՀՅԴ-ի գաղափարը, ինչ որ, ըստ Աղուան Վարդանեանի, աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ փտածութեան դէմ պայքարը:

 

Leave a Reply

Advertisement