Thursday May 23, 2013

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Հայաստանի Հիւսիսարեւելեան Սահման

By adminx - Fri Nov 02, 7:51 am

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր այցելեց հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահման:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ պաշտպանութեան նախարարը այցելեց հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերը, այնտեղ ծանօթացաւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներու պատրաստութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին: Նախարարը այցելեց  նորակառոյց պաշտպանական շինութիւնները եւ ծանօթացաւ զօրամասերէն մէկուն շինարարական ու կառուցապատման լայնածաւալ աշխատանքներուն: Զինուորները ներկայացուցին սահմանի պաշտպանութեան ցուցադրական պարապմունքը, որմէ ետք Սէյրան Օհանեան շարք մը զինուորներու յանձնեց խրախուսական նուէրներ:

Պաշտպանութեան նախարարը աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ բանակային զօրամիաւորման եւ ենթակայ զօրամասերու հրամանատարութեան հետ:

Leave a Reply

Advertisement