Saturday May 25, 2013

«Թուրքիա – Ֆրանսա Յարաբերութիւնները Վատթարացած Են Ցեղասպանութեանհարցին Պատճառով» Կ՛ըսէ Չիչեք

By adminx - Fri Nov 02, 7:49 am

Ճեմիլ Չիչեք

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք ընդունած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի առեւտուրի պալատներու ղեկավարները եւ քննադատած Ֆրանսան` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները փճացնելու համար:

Չիչեք յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ «սեւ կատու անցած է», որուն պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան հարցն է: «Ինչո՞ւ սեւ կատու անցաւ, յարաբերութիւնները փճացան` անհամ ու թթու դառնալով: Ինչո՞ւ նման բան ընելու անհրաժեշտութիւն զգացիք, մեզմէ ի՞նչ վնաս տեսած էիք», հարց տուած է ան:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի մէջ որդեգրուած, ապա հակասահմանադրական նկատուած օրէնքին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դասագիրքերուն մէջ ցեղասպանութիւնը ներառելու հարցին` Չիչեք յայտարարած է, որ ատիկա թուրքերու եւ հայերու միջեւ պատմական հարց մըն է, եւ Ֆրանսա պէտք չէ ատոր հետ կապ ունենայ:

Ան ըսած է, որ «ատիկա մեր եւ ձեր միջեւ եղած հարց չէ, հայերու եւ թուրքերու միջեւ հարց է` պատմական հարց: Մենք պատրաստ ենք մեր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու»:

«Կան առարկայական պատմաբաններ, գիտնականներ, թող ձեր պատմաբաններն ալ ուսումնասիրեն խնդիրը: Ատոր իբրեւ արդիւնք ինչ ալ որոշուի, մենք պատրաստ ենք ընդունելու», նշած է ան` պնդելով, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքները:

 

Leave a Reply

Advertisement