Wednesday May 22, 2013

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

By adminx - Fri Nov 02, 7:44 am

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ քննարկուած են լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները` նշելով, որ հանդիպումը եղած է բացառիկ:

Միքաթի վերահաստատեց նախանցեալ օր կառավարութեան նիստին ընթացքին իր կատարած այն յայտարարութիւնը, որ կառավարութեան դէմ կատարուած իւրաքանչիւր քննադատութեան դէմ պէտք է աշխատանք ցուցաբերել եւ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնել, «մինչեւ որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ի վիճակի ըլլայ ամբողջացնելու իր խորհրդակցութիւնները, որոնք կը կատարուին քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ` լուծել կարենալու համար Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը», ըսաւ ան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք Ժոմպլաթի հետ քննարկած է Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը լուծելու միջոցները:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքներուն արձանագրած մագլցումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ի վեր այդ ուժերը կը փափաքին տապալել կառավարութիւնը, իսկ մենք ունինք մէկ պատասխան. «Կառավարութեան հրաժարումը պէտք է ըլլայ լուծում մը եւ ոչ թէ նոր տագնապի մը դուռ բանայ: Լիբանանը պէտք չէ անիշխանութեան ենթարկել, յատկապէս այս դժուար հանգրուանին»:

Միքաթի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ընդառաջեն հանրապետութեան նախագահին հրաւիրած խորհրդակցութիւններուն:

Վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը շնորհաւորած է զինք Ատհայի տօնին առիթով:

Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ խորհրդակցելէ ետք որոշեցի առկախել 7 նոյեմբերին ճշդուած խորհրդարանի լիագումար նիստը` մեկնելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը ապահովելու իմ նախաձեռնութենէս:

Պըրրի ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ ոչ մէկ ձեւով պէտք է միջամուխ դառնալ սուրիական տագնապին:

 

Leave a Reply

Advertisement