Միքաթի. «Ոչ Ոք Ինձմէ Աւելի Յանձնառու Է Սիւննի Համայնքին Շահերուն»
By adminx - Fri Nov 02, 7:42 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեղադրած իր յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ քաղաքական որեւէ տագնապի պարագայ պէտք չէ համայնքայնացնել կամ անոր յարանուանական բնոյթ տալ:
«Ես ոչ մէկ վկայութեան կարիք ունիմ եւ ինձմէ աւելի ոչ ոք յանձնառու է սիւննի համայնքին շահերուն», ընդգծեց Միքաթի` աւելցնելով, որ իր կողմէ ստանձնուած պատասխանատուութիւնը կարեւորագոյնն է եւ ամէնէն դժուար որոշումը, որ տրուած է իր կողմէ:
Ան նշեց, որ ինք հարց չունի հրաժարելու, եթէ ներկայ կառավարութիւնը փոխարինող այլընտրանքը կարելի ըլլայ գտնել:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ոչ ոք միւսը կրնայ ջնջել Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացած է տարբեր շերտերէ եւ անիկա պէտք է պահպանէ այդ յատկանիշը, որ կը կոչուի ազգային գոյակցութիւն եւ համերաշխութիւն` ապահովելու համար իբրեւ պատգամ երկիր Լիբանանի գոյատեւումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ քննարկուած են պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուելիք յաւելումներուն ստեղծելիք նիւթական բացերը:
Նիստէն ետք Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք խնդրած են վարչապետէն այդ յաւելումները խորհրդարան փոխանցել յառաջիկայ 7 նոյեմբերին, որ վերջին ժամկէտն է, իսկ եթէ այդ փոխանցումը չկատարուի, ապա 8 նոյեմբերին Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը պիտի կատարէ իր նստացոյցը:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print




