Friday May 24, 2013

Լիբանանցի Լրագրող Ֆիտա Այթանի Վերադարձաւ Լիբանան

By adminx - Fri Nov 02, 7:37 am

Լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանի, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած էր, երէկ ազատ արձակուեցաւ եւ երեկոյեան ժամը 10:00-ին վերադարձաւ Պէյրութ:

Այթանի առեւանգուած էր իր աշխատանքը կատարելու ժամանակ, բանակցութիւններու շնորհիւ ազատ արձակուած էր չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին եւ Հալէպի Ազազ շրջանէն փոխադրուած էր Սուրիա-Թուրքիա սահմանամերձ Պապ Սալամայի անցքը, ուրկէ ան ստանձնուած էր Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Այթանիի հետ եւ հարցուց անոր որպիսութեան մասին: Մանսուր յայտնեց, որ Այթանիի ազատ արձակման հարցով թրքական իշխանութիւնները ոչ մէկ թերացում արձանագրած են:

Միւս կողմէ, Այթանի յայտնած էր, որ Լիբանանի մէջ շնորհակալութեան արժանի ղեկավարները քիչ են:

Այս շրջագիծին մէջ Այթանի շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան անձնակազմին:

 

 

Leave a Reply

Advertisement